Արխիւ
Երէկ, Երեւանի մէջ հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ սկսաւ «Ոսկէ ծիրան» շարժանկարի միջազգային փառատօնը, որ այս տարի կազմակերպուած է 12-րդ անգամ։ Ըստ ձեւաւորուած նախընթացներուն, օրուան առաջին կէսին կատարուեցաւ Ծիրանօրհնէքի արարողութիւն, ինչ որ բնորոշեց փառատօնին սկիզբը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Երբ կը տօնենք Յիսուս Քրիստոսի Պայծառակերպութեան հրաշալի դէպքը՝ Եկեղեցին, մանաւանդ կը շեշտէ Անոր ճառագող աստուածային փառքը ու փայլը։ Ինչպէս կը վկայէ Աւետարանը, Պայծառակերպութեան ընթացքին Յիսուսի ամբողջովին լոյսով ողողուիլը եւ Անկէ լոյսի ճառագումը կը հաստատէ Անոր աստուածային բնութիւնը։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Յուլիս 6-ին, 195 տարի առաջ, Պոլսոյ մէջ, հնահաւաք ու դրամագէտ Պետրոս-Մարգար Ալիշանեանի ընտանեկան յարկին տակ ուրախութիւն կը տիրէր։
Երեւանի մէջ նախընթաց օր յատուկ երեկոյթ մը կազմակերպուեցաւ հայկական ժամանակակից գեղարուեստի մեծանուն վարպետներէն քանդակագործ ու նկարիչ Արթօ Չաքմաքճեանի ի պատիւ։
Թրքական համագործակցութեան եւ համակարգման գործակալութեան նախաձեռնութեամբ իֆթարի սեղան մը կազմակերպուեցաւ Պաքուի մէջ։
Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ ԱՊՀ-ի մշակութային համագործակցութեան խորհուրդին նիստը։ Հայաստանի Մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեանի տանտիրութեամբ տեղի ունեցաւ այս ժողովը։
Հայաստանի Փոխադրութեան ու կապի նախարար Գագիկ Բեգլարեան Նիւ Եորքի մէջ մասնակցութիւն բերաւ ՄԱԿ-ի Տնտեսական եւ ընկերային խորհուրդի հովանաւորութեան ներքեւ կազմակերպուած քաղաքական բարձրաստիճան ֆորումի նախարարական հանդիպման։
Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեան աւարտեց դէպի Անգլիա կատարած իր այցելութիւնը։ Անգլիահայ համայնքը ուղեւորութեան վերջին հանգրուանին իրեն ի պատիւ ճաշկերոյթ մը կազմակերպեց Լոնտոնի «Կոլտշմիտ Հոլլ» դահլիճին մէջ։
«Հայաստան եւ հայերը Առաջին համաշխարհային պատերազմին»:
Երեւանի մօտ Ֆրանսայի դեսպանատան երդիքին տակ մամլոյ ծանօթացման հաւաքոյթ:
Stratfor ամերիկեան վերլուծական կեդրոնը հրապարակեց հետաքրքրական ուսումասիրութիւն մը:
Հայաստանի ելեկտրական ուժանիւթի փոխարժէքը՝ քաղաքական վարկածներու լոյսին տակ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Լիբանանեան բանակի նախկին հրամանատար (1984-1988) զօրավար Միշէլ Աուն (80 տարեկան) կը փորձէ քաղաքական նոր օրակարգ թելադրել: Աունի հիմնադրած «Ազգային ազատ հոսանք» շարժումին անդամները նախընթաց Չորեքշաբթի օրուընէ սկսեալ բողոքի հաւաքներ կը կատարեն Պէյրութի տարբեր շրջաններուն մէջ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Պայծառակերպութիւն կամ Այլակերպութիւն՝ «Վարդավառ»ը՝ հինգ Տաղաւարներու երրորդն է։ Քրիստոնէական հասկացողութեամբ Պայծառակերպութեան տօնը՝ Քրիստոսի աստուածութեան բացայայտման տօնախմբութիւնն է։
Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթի հիմնադրութեան 35-ամեակին ձօնուած երէկուան երեկոյթը փայլուն անցաւ:
Լողաւազանի համալիրէն ներս սարքուած ընթրիքի սեղաններուն շուրջ համախմբուած համակիրները յարատեւութիւն մաղթեցին ապագայ գործունէութեան համար:
Եւրոմիութիւնը այս տարուան համար 6 միլիոն եւրօ դրամական օգնութիւն փոխանցեց Հայաստանի կառավարութեան՝ գիւղատնտեսութեան եւ գիւղական շրջաններու զարգացման նպատակով։
Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ երէկ հերթական բողոքի ցոյցը տեղի ունեցաւ Հայաստանի մէջ ելեկտրական ուժանիւթի սակագինի բարձրացման դէմ։
Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան երէկ Երեւանի մէջ հիւրընկալեց ամերիկահայ բարերար Տքթ. Յովհաննէս Օյունճեանը, որու կողմէ հովանաւորուած համանուն բարեգործական հիմնադրամը կարեւոր ծրագրեր կեանքի կը կոչէ Հայաստանի մէջ։
Հայաստան բոլոր հարթակներու վրայ կը մատնանշէ Իրանի հետ երկաթուղիի կառուցման նիւթը:
Ըստ Սերժ Սարգսեանի, Երեւան պատրաստակամ է զանազան ձեւաչափերու մէջ երկխօսութեան:
Յունիս 7-ի ընտրութիւններէն երեսուներկու օր անց նոր կառավարութեան ձեւաւորման գործընթացը պաշտօնապէս սկսաւ:
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան պաշտօն յանձնեց Տավուտօղլուին, որ յառաջիկայ շաբաթ շփումներու պիտի ձեռնարկէ կուսակցութիւններուն հետ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ կեանքի ընթացքին զանազան դէպքերու ականատես կ՚ըլլայ, կ՚ապրի, կ՚ազդուի ու կը տպաւորուի, ո՛ր մէկը հաճոյք, ուրիշ մէկը ցաւ կը պատճառէ. ո՛ր մէկը կ՚անցնի կ՚երթա՜յ, ուրիշ մէկը տեղ կը գրաւէ մտքին ու սրտին մէկ անկիւնը, միշտ կը մնայ որպէս անբուժելի վէ՛րք մը…։
ԼԵՌՆԱ ԳԱՐԱԳԻՒԹԻՒՔ
Ապրիլ.
Առանց աղմուկի - առանց հոգի - առանց վշտի