Արխիւ
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
«Կաղանդ պապային մօրուքը ճերմակ է ալիւրի նման,
«Ըսէ, Կաղանդ պապա, մօրուքէդ հա՞ց կը շինուի»
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Ամանորը աշխարհի ամենէն սիրելի տօներէն մին է։ Նոր տարին նշելու ընթացքին, հարազատներ քով-քովի գալով, միասնաբար կը փակեն հին տարին եւ նորանոր մաղթանքներով ու յոյսերով Նոր տարին կը դիմաւորեն։ Երբ Նոր տարի կ՚ըսենք, չենք կրնար զայն առանց տօնածառի, Կաղանդ պապայի եւ մսուրի պատկերացնել։
ՏՔԹ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ
Վերադարձ Մայր Եկեղեցի
2018 տարին պիտի նշէ Հայ Եկեղեցւոյ կարկառուն դէմքերէն՝ Պոլսոյ Պատրիարք, աստուածաբան, պատմագէտ, կանոնագէտ, ուսուցչապետ եւ ներհուն մտաւորական Մաղաքիա Արքեպիսկոպոս Օրմանեանի վախճանման 100-ամեակը, որ պատահեցաւ Պոլսոյ իր ծննդավայրին մէջ 1918 թուի Նոյեմբեր 19-ին։
ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Իբր ո՛չ եթէ արդէն առեալ իցէ,
կամ արդէն կատարեալ իցեմ. զհետ մտեալ եմ թէ հասից,
մանաւանդ թէ ըմբռնեալ իսկ իցեմ ի Քրիստոսէ Յիսուսէ։
(Փիլիպեցիս, 3.12)
Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորումը կը մնայ Երեւանի արտաքին քաղաքականութեան օրակարգի առաջնագծին
Սարգսեան. «Այս հարցին մէջ Հայաստանն ու միջազգային հանրութիւնը կը խօսին գրեթէ նոյն լեզուով, ինչ որ լաւագոյնս արտայայտուած է համանախագահներու յայտարարութեան մէջ»
Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչի գրասենեակի երդիքին տակ յառաջիկայ 15 Յունուարին տեղի պիտի ունենայ հերթի փոփոխութեան արարողութիւն մը։
Ֆէրիգիւղի ընտանիքը նոր տարին կը դիմաւորէ աւանդական խանդավառութեամբ։ Երէկ, տեղի ունեցաւ երկու ձեռնարկներ, որոնք խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ համախմբեցին թաղեցիները։
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ երէկ Ամանորի խրախճանք մը տեղի ունեցաւ ԶԻՊԷՉ-ի ընտանիքին համար։ «Պիլէք» հանգստարանի սրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ այս տօնական հաւաքոյթը, որուն մասնակցեցան ԶԻՊԷՉ-ի տղաքը, իրենց ծնողները, ինչպէս նաեւ խումբ մը մնայուն բնակիչներ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Առաքինութիւն է եւ ազնուութիւն՝ ընդունիլ իր սխալը եւ ջանալ զայն սրբագրել։ Անշուշտ, սխալը ընդունելու համար, պէտք է նախ անդրադառնալ անոր, յետոյ պատրաստակամութիւն ցոյց տալ զայն սրբագրելու։
Հայկական ժապաւէններու աւանդոյթներով ժառանգութիւնը անմահացնելու ուղղեալ նախաձեռնութիւն մը:
Շուրջ երկու տարուան ընթացքին պիտի հիմնադրուի նոր կառոյցը, որուն համար արդէն նուիրուած են նմոյշներ:
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Երեւանի «Վահէ Կարապետեան» կեդրոնի երդիքին տակ երէկ տեղի ունեցաւ Ամանորի խրախճանք մը։ ՀԲԸՄ-ի Հայաստանի մասնաճիւղի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած այս խրախճանքը ուղղուած էր Հայաստան հաստատուած սուրիահայ ընտանիքներու զաւակներուն։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան առթիւ մէկտեղուեցաւ երկրի զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ։ Այս առթիւ ան նախագահական ապարանքին մէջ ընդունելութիւն մը սարքեց ի պատիւ մամլոյ սպասաւորներուն։ Աւանդական այս հաւաքոյթի ընթացքին Սերժ Սարգսեան հանդէս եկաւ շնորհաւորական խօսքով մը։
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Կրիկորի Քարասին յայտարարեց, որ Երեւան չի կրնար այլ ձեւաչափերու մէջ ստանձնել այնպիսի պարտաւորութիւններ, որոնք կը հակասեն Մոսկուայի հետ ունեցած համաձայնութիւններուն։
«Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, ռուս բարձրաստիճան դիւանագէտը հարցազրոյց մը տուաւ «Քոմերսանտ» թերթին։
Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Լրագրողներու միութեան 12-րդ համագումարը։ 1997 թուականէն ի վեր չէր գումարուեր միութեան ընդհանուր ժողովը։
Հայաստանի Արմաւիրի մարզէն ներս արեւային վահանակներով ելեկտրական արտադրութեան կայան մը:
Կարէն Կարապետեան կանգ առաւ այլընտրանքային ուժանիւթի աղբիւրներու զարգացման մեծ ներուժին վրայ:
Ազգային պաշտպանութեան նախարար Նուրետտին Ճանիքլի յայտարարեց, որ Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ ի կատար կ՚ածուի՝ «Ս-400» հրթիռային համակարգերու վերաբերեալ գործարքը։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Նուրետտին Ճանիքլի յայտնեց, որ համաձայնութիւնը ամբողջութեամբ ապահովուած է։
Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ երէկ Ռիատի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ Սելման թագաւորին հետ։ Հանդիպման ընթացքին կարծիքի փոխանակումներ կատարուեցան տարածքաշրջանային խնդիրներու կապակցութեամբ։
Տեսալսողական միջոցներէ եւ մամլոյ հրատարակութիւններէ տեղեկացանք, թէ Գերշ. Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան 21 Դեկտեմբեր 2017-ին Հայաստանի մէջ մամլոյ ասուլիս մը կազմակերպելով արտայայտուած է Թուրքիոյ Հայոց 85-րդ Պատրիարքի ընտրութեան առընչութեամբ։ Այսպէսով յայտնի դարձած է, որ ճշմարտութիւնները խեղաթիւրելու, գործընթացին հետ մօտէն չշահագրգռուող անձերը խաբելու միտող իր նախաձեռնութիւնները, որոնց յաճախ ականատես կ՚ըլլանք Թուրքիոյ մէջ, կը շարունակուին անցելով երկրի սահմանները։
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ վերջերս մասնակցեցան անգլերէն բառախաղի մրցոյթի մը։ «Մարմարա» կրթական հաստատութիւններու նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած միջվարժարանային այս ձեռնարկին մասնակցութիւն բերաւ 156 աշակերտ՝ Իսթանպուլէն 39 վարժարաններու կողմէ։
«Ոմանք» երաժշտական խումբը երէկ երեկոյեան համերգով մը հանդէս եկաւ Շիշլիի «Քենթ» մշակոյթի կեդրոնի երդիքին տակ։ Ներկայիս այս խումբը երաժշտասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է «Բանալիք» անուանեալ ալպոմ մը եւ երէկուան համերգը հետամուտ էր այդ ալպոմի ծանօթացման նպատակին։