Արխիւ
28 Նոյեմբեր-2 Դեկտեմբեր թուականներուն միջեւ, Ուքրայնոյ Խարքով քաղաքի «Լոքոմոթիւ» մարզահամալիրին մէջ տեղի պիտի ունենայ ազատ ոճի ըմբշամարտի աշխարհի խմբային 3-րդ ախոյենութիւնը:
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Այս խորագրին տակ՝ պիտի ներկայացնեմ իրական կեանքէ առնուած եր-կու դրուագ, որոնք վստահ եմ պիտի ապշեցնեն ձեզ։
Երեւանի «Հալէպ» հայրենակցական բարեսիրական հասարակական կազմակերպութեան Երիտասարդաց խորհուրդը Հայաստանի Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան եւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) աջակցութեամբ կը կազմակերպէ «Արեւմտահայերէնը Հայաստանի մէջ. մարտահրաւէրներ, հեռանկարներ» խորագրով համաժողով մը: ՀԲԸՄ-ի երեւանեան մասնաճիւղի դահլիճին մէջ, Նոյեմբերի 26-ին տեղի պիտի ունենայ սոյն համաժողովը։
Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի դէպի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին վերջին այցելութեան օրերուն Հայաստանէ ներս շրջանառութեան մէջ դրուեցան կարգ մը պնդումներ, ըստ որոնց ան կը վաճառէ Պատրիարքարանի իւղաներկերէն մին։ Այս կապակցութեամբ փորձեցինք շօշափել իր տեսակէտը եւ ինքն ալ փափաքեցաւ, որ խնդիրը պարզուի ամենայն մանրամասնութեամբ։
Սուրիոյ մէջ երեք թուրք զինուոր նահատակուեցաւ։ «Եփրատի վահան» գործողութիւններուն շրջագծով այդ երկրի տարածքէն ներս գտնուող զօրքերը Էլ Պապի շրջանին մէջ ենթարկուեցան օդային յարձակման։ «Եփրատի վահան» գործողութիւններու 93-րդ օրուան զուգադիպեցաւ այս ցաւալի դէպքը։
Աշխարհահռչակ տնտեսագէտը մասնակցեցաւ «Մանրածախութեան օրեր 2016»ին:
Փրոֆ. Տարօն Աճէմօղլու կը մատնանշէ ներկայիս աշխարհի հասած նուրբ կէտը:
Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Շաւարշ Քոչարեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի դիրքորոշումը պատճառ դարձած է այնպիսի իրավիճակի մը, որ անկարելի է յառաջընթաց ակնկալել Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղեալ բանակցութիւններուն շրջագծով։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու մեր համայնքային շրջանակներէ երկու ծանօթ, աշխոյժ եւ շատ սիրուած դէմքեր՝ Ազնիւ Մեծատուրեանն ու Նաժտա Շատեանը։ Այս շրջանին Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանը կը նշէ իր հիմնադրութեան 50-ամեայ յոբելեանը։
Հիւսիսային Իրաքի քրդական ինքնավարութիւնը դիւանագիտական ներկայացուցչութիւն մը պիտի հաստատէ Թուրքիոյ մօտ:
Նեչիրվան Պարզանի երէկ ամենաբարձր մակարդակի վրայ շփումներ ունեցաւ Անգարայի եւ Իսթանպուլի մէջ՝ տարածքաշրջանի զարգացումներուն շուրջ:
Էրտողան. «Լեռնային Ղարաբաղ կը պատկանի Ատրպէյճանին»:
Ռուսաց Քիրիլ Պատրիարքի 70-ամեակին ձօնուած շքեղ համերգին ներկայ էր նաեւ Վլատիմիր Փութին:
Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը Տիրոջ հանապազ զօրակցութիւնը հայցեց իր հոգեւոր եղբօր համար:
Մխիթարեան վարժարանը տուն դարձաւ Սրբոց Թարգմանիչ վարդապետներու ոգեկոչման հադիսութեան: Ձեռնարկին ներկայ էին Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատան հայրեր՝ Մագ. Հ. Սարգիս Ծ. Վրդ. Էրմէն, Հ. Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան եւ Ոսկեբերան եկեղեցոյ հովիւ եւ Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեանի նէրկայացուցիչ Հ. Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան, Մատակարար մարմնի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Արման Գամառի, ուսուցիչներ, աշակերտներ եւ հոծ թիւով ծնողներ:
Նախընթաց օր հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու երիտասարդ կրթական մշակ Արեւիկ Պապայեանը։ Բոլոր անոնք, որոնք Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի կեանքին, մանաւանդ մանկապարտէզի առօրեային տեղեակ են՝ վերջին շրջանին կ՚ողջունեն Արեւիկ Պապայեանի ներկայութիւնը։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Օրը կը սկսի աւետիսով մը: Հեռաձայնը կը զնգայ, Տիկին Սաթիկ կը փութայ վերցնելու ընկալուչը: Կը սպասէր ան կարծես լուրի մը: Սիրտը կը բաբախէր անոր, գիշերը չէր ալ կրցած քնանալ, աչքերը թարթել. ինչե՜ր կ՚անցնին միտքէն Տիկին Սաթիկին մինչեւ ընկալուչին քով հասնիլը:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Արեւմտահայ ծագումով գրող, երգիծաբան Լեռ Կամսարի ստեղծագործութիւնները վերջին տարիներուն առանձնակի ընդունելութիւն գտած են Հայաստանի մէջ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Անուն» եզրին կարեւորութիւնը յայտնելէ ետք, ամէն մէկ անունի նշանակութիւնը գիտնալ «անձ»ին արդար եւ բնական իրաւունքն է. անձը իր կրած անունին իմաստը եթէ գիտնայ աւելի կը նոյնանայ անոր հետ եւ աւելի գիտակից կը վարուի, եւ իրաւո՛ւնք է եւ պարտք՝ գիտնալ իր կրած անուան նշանակութիւնը։
Նիւ Եորքի մէջ շուրջ հազար անձեր Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփի ծննդավայր Քուինզ թաղամասէն մինչեւ Թրամփի երկնաքերը քայլարշաւ մը կատարեցին՝ առ ի պաշտպանութիւն բազմազանութեան եւ ժողովրդավարական արժէքներու: Քայլարշաւը տեղի ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան դեմոկրատական անդամ Վան Պրայմըրի հրաւէրով:
Ռուսասատնի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Կրիկորի Քարասին յայտարարեց, որ իր երկիրը չի պատրաստուիր վերատեսութեան ենթարկել Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ անկախութեան ճանաչման վերաբերեալ որոշումները։
Կիպրական հիմնախնդրի կարգաւորման ուղղեալ Ժընեւի մէջ սկսած բանակցութիւնները վերջին պահուն ձախողեցան։ ՄԱԿ-ի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ այդ բանակցութիւնները սառեցուած են։
Լոս Անճելըսի «Ասպարէզ» օրաթերթը հաղորդեց, որ աշխատանքներ կը կատարուին՝ Երեւանի եւ Լոս Անճելըսի միջեւ ուղիղ թռիչքներու հաստատման համար։ Այսպէս, մօտ ապագային, հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններուն մէջ կարեւոր զարգացումներ կ՚ակնկալուին. «Ամերիկայի Ձայն»ին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին այսպէս յայտնած է հայ գոնկրէսական Ճեքի Սփիր:
Երեւանի «Պուքինիստ» գրախանութը կը կազմակերպէ «Գրքի գիշեր 2016» ծրագիրը:
Հայաստանի ընթերցասէրները պիտի աջակցին այն մանուկներուն, որոնք կը տառապին քաղցկեղէ: