Արխիւ
Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմը հիւրընկալեց ուղղափառ հոգեւորականներ:
Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան մեծարանքի սեղան մը սարքեց առաջնորդարանէն ներս:
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ 1 Նոյեմբերին որդեգրուած է օրէնք մը, որ նպատակաուղղուած է երկրին մէջ ընթերցանութեան ժողովրդականացման:
Երեւանի մէջ այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ միջհամալսարանական ցուցահանդէս-փառատօն մը։ «Կտոր մը կրակ» խորագրեալ այս ձեռնարկին շրջագծով ներկայացուած են բազմաթիւ ստեղծագործութիւններ, որոնք կ՚արժանանան այցելուներու հետաքրքրութեան։
Հայկական ֆութպոլի արդի մեծագոյն աստղը՝ Հենրիխ Մխիթարեան ընդգրկուեցաւ աշխարհի լաւագոյն 50 ֆութպոլէօրներու ցանկին մէջ։ Goal.com կայքէջի վարկածով ընթացիկ տարուան 50 լաւագոյն խաղացողներու շարքին է 27-ամեայ Հենրիխ Մխիթարեան, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի կիսապաշտպանն է ու ներկայիս Անգլիոյ մէջ կը կրէ «Մենչըսթըր Եունայթըտ» ակումբի մարզաշապիկը։
Հայաստանի վարչապետը տեսակցեցաւ Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու դեսպաններուն հետ:
Կարէն Կարապետեան Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան ժողովներուն մասնակցելու համար կ՚այցելէ Մոսկուա:
«Նոր Յառաջ» (Փարիզ).-
Հայաստանի կրթական համակարգի միջազգային համարկման ուղղութեամբ վերջին շրջանին տեղի կ՚ունենան ուշագրաւ զարգացումներ։ Այս ծիրին մէջ են նաեւ այն հաղորդումները, ըստ որոնց Ֆրանսա կը ճանչնայ Հայաստանի դպրոցականներու վկայականները։
«Հիւրրիյէթ» օրաթերթը այսօր առաջին էջին վրայ մեծադիր հաղորդումով մը ուշադրութիւն կը հրաւիրէ այն նիւթին վրայ, որ տարածքաշրջանէ ներս Ռուսաստանի ազդեցութիւնը կ՚ընդլայնի զգալի ձեւով եւ Թուրքիոյ անմիջական հարեւանութեամբ զանազան երկիրներ կը մտնեն Մոսկուայի ազդեցութեան տակ։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ:
Հայաստանի զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն կողմէ աննախընթաց հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերուի այս կարճատեւ ուղեւորութեան նկատմամբ:
Երէկ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի ծնողաց միութենէն Ժանէթ Արծիւեանն ու Սեդա Պէշիկթաշլեանը։
Երէկ երեկոյեան, Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Թադէոս Կիւնթէր» միջմիութենական նարտի մրցաշարքին բացման արարողութիւնը։ Հարկ է նշել, որ մրցաշարքը այս տարի կը կազմակերպուի 20-րդ անգամ, 13 միութիւններու մասնակցութեամբ։
Ալեքսանա Ղուզէ քարանձաւային համալիրէն հնագէտները 6.5 հազար տարուան վաղեմութիւն ունեցող ատամ մը պեղած են:
Երեւանի եւ Քիեւի ղեկավարութիւններուն միջեւ իրերայաջորդ հեռախօսազրոյցներ:
Նախագահներ Սերժ Սարգսեան եւ Փեթրօ Փորոշենքօ կը կարեւորեն զգայուն հարցերու շուրջ պարբերաբար քաղաքական խորհրդակցութիւններու կատարուիլը:
Սուրիոյ մէջ բուռն իրադարձութիւնները կը շարունակուին։ Թուրքիոյ կողմէ պաշտպանուած ազատ Սուրիոյ բանակը շաբաթավերջին լուրջ յառաջխաղացում մը արձանագրելով մօտեցաւ Էլ Պապ քաղաքին՝ մինչեւ 2 քմ.։
Թաքսիմ մարզակումբի հիմնադրութեան 75-ամեակը երէկ երեկոյեան նշուեցաւ խանդավառ ձեռնարկով մը:
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան յուշանուէր մը յանձնեց Մարմնամարզի նախարար Աքիֆ Չաղաթայ Քըլըճին:
ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ
Հինգշաբթի, նոյեմբեր 17-ին, երեկոյեան, Ֆերահեան վարժարանի «Աւետիսեան» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ մեծանուն երգիչ, աւելի քան քառասուն տարիներէ ի վեր սփիւռքի էսդրատային երգերու ռահվիրայ Ատիս Հարմանտեանի կեանքը ցոլացնող «Ատիս երգի ճամբով» հատորին գինեձօնը: Ձեռնարկը կազմակերպուած է Սան Ֆեռնանտօ Հովիտի Համազգայինի մասնաճիւղին կողմէ: Այս առթիւ, բացի յաւուր պատշաճի խօսքերէ, պիտի գործադրուի գեղարուեստական պատշաճ յայտագիր մը, ապա՝ հիւրասիրութիւն: Վստահ ենք, որ Ատիսն ու իր երգերը գնահատողներու, սիրողներու բազմութիւն մը ներկայ պիտի գտնուի իր տեսակին մէջ բացառիկ այս գինեձօնին:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հոկտեմբերին Կազզէի մէջ ցոյցեր տեղի ունեցան: Ցուցարարները հանդէս կու գային Պաղեստինի Նախագահ Մահմուտ Ապպասի դէմ եւ կարգ մը մասնակիցներ կ՚այրէին անոր պատկերները:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ էակը, միշտ բնազդաբար հետաքրքրուած եւ փնտռած է իր ծագումը եւ իր Արարիչը։
Մարդ ինքզինք գտնելու եւ ճանչնալու համար փնտռել եւ ճանչնալ ուզած է զԱստուած։
Համայնքային շրջանակները բարձր կը գնահատեն Սուրբ Խաչ դպրեվանքի առանձնայատուկ առաքելութիւնը՝ թրքահայ կրթական համակարգէն ներս:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան երէկ նախագահեց Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ կազմակերպուած տարեկան մատաղօրհութեան:
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդը ուշագրաւ հարցազրոյց մը տուաւ tert.am կայքէջին:
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան. «Ով որ նստի այս Աթոռին վրայ, պարտաւոր է պաշտպանել մեր համայնքին շահերը»:
Բրիտանական հեղինակաւոր The Telegraph պարբերականի «ճանապարհորդութիւն» բաժինը ծաւալուն յօդուածով մը անդրադարձած է Հայաստանի բացառիկ գրաւչութիւններուն