Արխիւ
Հովանաւորութեամբ Թէքէեան մշակութային միութեան, նախաձեռնութեամբ Լիբանանի տեղական վարչութեան, Թէքէեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ լիբանանահայ մշակոյթի կերտիչներու ձեռնարկ՝ նուիրուած Անդրանիկ Ծ. Վրդ. Կռանեանի: Ձեռնարկը նախաձեռնուած էր ի պատիւ Անդրանիկ Ծ. Վրդ. Կռանեանի՝ իբրեւ մէկը լիբանանահայ մշակոյթի կերտիչներէն, նպատակ ունենալով լուսարձակի տակ առնել անոր կեանքը եւ ստեղծագործական ուղին:
«Կոմիտաս» լարայիններու քառեակը վերջերս համերգով մը հանդէս եկաւ Երեւանի մէջ։ Այս քառեակը միշտ նորովի հաճոյքով կ՚ունկնդրուի երաժշտասէրներուն կողմէ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Մի՛ վախնար, փոքրիկ հօտ, քանի որ Հայրը հաճեցաւ որ Արքայութիւնը ձեզի տայ» (ՂՈՒԿ. ԺԲ 32)։
Կարելի է ըսուի, թէ այսօր Եկեղեցին երբեք ենթակայ չէ նեղութիւններու, դժուարութիւններու եւ ազատ է ու խաղաղութիւն կը վայելէ։ Երեւութապէս այսպէս է, բայց եթէ խորապէս ուսումնասիրուի, պիտի տեսնուի, թէ «անունով քրիստոնեաներ»՝ որոնք կը կազմեն Եկեղեցին, այնքան համակերպած են աշխարհի, որ շատ քիչ հակառակութիւն ունի անոր հետ, եւ նոյնիսկ երբեք չունի՛։
Հայ օգնութեան ֆոնտի (ՀՕՖ) նախաձեռնութեամբ վերջերս Երեւանի մէջ կազմակերպուեցաւ հասարակական քննարկում մը, որու ընթացքին շօշափուեցան առողջապահական ծառայութիւններուն վերաբերեալ զանազան խնդիրներ։
Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան Դիլիջանի Ուսումնահետազօտական կեդրոնէն ներս վերջին շրջաններուն բազմակողմանի աշխատանք կը տարուի լուրջ թափով։
Թուրքիա պատրաստ է հիւրընկալել հերթական միջազգային կարեւոր հաւաքոյթ մը։ Այս Երկուշաբթի, Իսթանպուլի մէջ տեղի կ՚ունենայ ՄԱԿ-ի Համաշխարհային մարդասիրական գագաթաժողովը, որ կը տեւէ երկու օր։
Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Գիրքի սիրահարը յաւերժութիւն գացած է, գիրքերը չէ կրցած իրեն հետ տանիլ:
Եթէ տարած ըլլար, միամիտներ ցաւ պիտի չզգային: Գիրքերն ալ որբ պիտի չմնային:
Վաղը Հայաստանի մէջ տեղի կ՚ունենայ «Թանգարաններու գիշեր»ը, որ կ՚իրականացուի մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան բնագաւառին մէջ ամենահին միջազգային կազմակերպութիւններէն մէկուն՝ Թանգարաններու միջազգային խորհուրդի (ԻԿՕՄ) առաջարկով:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յոյներու եւ Պարսիկներու հաճութեամբ ու հաւանութեամբ ե՛ւ միջամտութեամբ 350 թուականին, կուրացած Տիրանի մանկահասակ որդին Արշակ թագաւոր դարձաւ։ Արշակի թագաւոր դառնալէն յետոյ երկրի մէջ խաղաղութիւնը վերահաստատուեցաւ։
Հայաստանի մարմնամարզութեան հաւաքականը՝ գլխաւոր մարզիչ Յակոբ Սերոբեանի գլխաւորութեամբ, այժմ կը նախապատրաստուի Եւրոպայի ախոյենութեան:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Բարեպաշտական աւանդութիւն մըն է ծննդեան տարեդարձը տօնել մէկու մը։ Այս աւանդութիւնը արդարեւ առի՛թ մըն է մէկու մը ծնունդով ապրուած ուրախութիւնը կրկին ապրելու եւ նաեւ յիշեցնելու՝ թէ տարիներ կ՚անցնին եւ մարդ հետզհետէ կը փոխուի եւ ուրեմն պէտք է հոգեպէս եւ մտապէս համակերպի այդ բնական ընթացքին, անխուսափելի փոփոխութեան։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Գարնան մեղմանուշ զեփիւռը կը համբուրէ կարծես լիճին մակերեսը: Համբոյրը թեթեւ շարժում մը կ՚առաջացնէ ու շարժումը տարածուելով մանր ալիքներ կը ստեղծէ, որոնք լճափի ցանկապատին հպելով մեղեդային խշշոց մը կը սփռեն չորս դին: Զեփիւռին կ՚ողջունեն նաեւ շրջակայ ծառերը: Ահա բարտին, որուն տերեւները ծափահարելով կը քաղցրացնեն երաժշտութեան մեղեդայնութիւնը, արեւու լուսաճաճանչ ճառագայթները տերեւներու ծափծփանքին գեղեցիկ, փայլփլուն տեսք մը կը հաղորդեն:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
1886 թուականին Մայիսի 12-ին ծնած է Նշան Գրիգորեան: Ո՞վ է Նշան Գրիգորեան, որուն անունը ներառուած է հանրագիտարաններու եւ այլ տեղեկատուական հրատարակութիւններու մէջ, իբրեւ նշանաւոր հայ մը:
Բովանդակ Թուրքիոյ մէջ այսօր կը նշուի Մայիս 19-ի տօնը։ Հանրապետութեան մեծանուն հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքի ոգեկոչման եւ Երիտասարդութեան տօնը այս տարի եւս կը տօնուի քաղաքացիական խոր գիտակցութեամբ։
AYLİN KOÇUNYAN
Türkiye’de azınlıkların tüzel kişilik ve temsil sorunları ve bu sorunların aşılması için düşünülen model ve arayışlar, son dönemde, sıkça gündeme gelmektedir. Gayrimüslimlerin Osmanlı’nın hukuki çoğulculuk bağlamında sahip oldukları cemaat yönetimi modelleri, bugünkü arayışlarla bire bir örtüşmese de, tarihsel bir deneyim ve arka plan olarak bu gündemde yerini almaktadır.
Դպրոցական կրթութեան ռազմավարական համագործակցութիւն մը հանդիսացող «Էրասմուս+» ծրագիրին «Ռ€ԻՆԿ» նախագիծը, որ կ՚ընթանար տարբեր երկիրներէ վարժարաններու մասնակցութեամբ ու Եւրոպական Միութեան հովանաւորութեամբ, մէկուկէս տարուան աշխատանքէ մը վերջ եզրափակեց իր աշխատանքը՝ Բանկալթըի Մխիթարեան վարժարանի հիւրընկալութեամբ քաղաքիս մէջ կայացած հաւաքոյթով մը։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց «Քրիստոսի խաղաղութիւն» (Pax Christi) միջազգային կաթոլիկ կազմակերպութեան Աւստրիոյ մասնաճիւղի ընդհանուր քարտուղարութեան ներկայացուցիչներն ու անդամները։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան այսօր կ՚այցելէ Սոֆիա։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Եդուարդ Նալպանտեանին կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը Պուլկարիոյ մայրաքաղաքին մէջ կը մասնակցի՝ Եւրոպայի խորհուրդի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին։
«Qatar Airways» ընկերութիւնը յաւակնոտ եւ ուշագրաւ ծրագրերով մուտք կը գործէ Հայաստանի շուկայ:
Տոհայի միջոցաւ դէպի Միացեալ Նահանգներ, Աւստրալիա եւ Եւրոպա հասնելու համար ձեռնտու հնարաւորութիւններ:
Հայաստան հերթական անգամ մասնակցութիւն բերաւ Ժընեւի Գրքի միջազգային փառատօնին:
Տաղաւարը առարկայ դարձաւ բազմազգ գրասէրներու անմիջական հետաքրքրութեան՝ իր ճոխ նիւթերով: