Արխիւ
ՄԱԿ-ի միջնորդութեամբ Ժընեւի մէջ այսօր նախատեսուած են Սուրիոյ ճգնաժամին ուղղեալ բանակցութիւնները՝ երկրի ղեկավարութեան եւ ընդդիմութեան ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը շրջագայութեան մը ձեռնարկած է դէպի Եւրոպա: Սերժ Սարգսեան շփումներ կ՚ունենայ Յունաստանի եւ Հարաւային Կիպրոսի մէջ, իսկ աւելի վերջ կ՚անցնի Պրիւքսէլ:
Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի մուտն ի վիրապին առթիւ շաբաթավերջին հանդիսաւոր արարողութիւններ տեղի ունեցան Գուզկունճուքի համանուն եկեղեցւոյ մէջ։ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան նախագահեց տօնակատարութիւններուն։
Թուրքիա երէկ երեկոյեան հերթական անգամ ցնցուեցաւ մայրաքաղաք Անգարայի սրտին վրայ ապրուած ահաբեկչական վայրագ յարձակման հետեւանքով: Մղձաւանջային դէպքը խլեց 37 անմեղ անձի կեանք, բազմաթիւ վիրաւորներ: Թուրք զինեալ ուժերը դարձեալ ռմբակոծեցին Քանտիլը: Ըստ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի, նման արարքները կը բարձրացնեն պայքարի վճռականութիւնը:
Շիշլիի Լատին Կաթոլիկ գերեզմանատան մէջ երէկ ոգեկոչուեցաւ հայ նշանաւոր ֆեմինիստներէն Սրբուհի Տիւսաբ, որ կը համարուի մեր կանանց շարժման ռահվիրաներէն։ Համաշխարհային կանանց օրուան յաջորդած շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ իր ոգեկոչումը։
Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Հասարակութեան Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան շաբաթավերջին Էսաեան սանուց միութեան մէջ հանդէս եկաւ շահեկան բանախօսութիւնով մը։
Երեւանի կեդրոնին մէջ հանդիսաւոր արարողութիւնով մը բացուեցաւ «Ռոսիա Մոլ» առեւտուրի եւ ժամանցի կեդրոնը։ Բացման արարողութիւնը պատուեց Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան։
1-3 Ապրիլ թուականներուն Միջիկընի համալսարանի (Տիլպոռն) Հայագիտական հետազօտութիւններու կեդրոնին նախաձեռնութեամբ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ տեղի պիտի ունենայ «Հայերը եւ Պաղ պատերազմը» խորագրեալ միջազգային գիտաժողով մը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
2009 թուականին Եգիպտոսի մայրաքաղաքը՝ Գահիրէի մէջ իր արտասանած խօսքին ընթացքին Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Պարաք Օպամա կը մեղադրէր արաբները, շրջանին մէջ տիրող աղօտ իրավիճակներուն անոնց ունեցած պատասխանատուութեան առընթեր:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը հաւաքոյթի մը մասնակցեցաւ Գիտութիւններու ակադեմիոյ մէջ:
Սէյրան Օհանեան նուազ հաւանական կը նկատէ Լեռնային Ղարաբաղի ճակատին պատերազմի վերսկսիլը:
Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ Ասողիկ Դպրաց Դաս-երգչախումբի անդամները՝ գլխաւորութեամբ Պէյօղլուի քահանայից դասէն Տ. Միւռոն Ա. Քհնյ. Այվազեանի, ինչպէս նաեւ Տ. Գէորգ Քհնյ. Չընարեանի եւ Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեանի, Մեծ պահոց Միջինքին առթիւ կատարեցին ուխտագնացութիւն մը, դէպի Կեսարիա, Իսքէնտէրուն եւ Վաքըֆլըգիւղ։
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի մանկապարտէզի փոքրիկները՝ իրենց ուսուցիչներուն հսկողութեամբ, կատարեցին օգտաշատ երկու պտոյտներ, որպէսզի զարգացնեն դպրոցի մէջ իրենց սորված գիտելիքները:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Ֆէրիգիւղի ընտանիքը ներկայիս կը պատրաստուի կեանքի կոչել թատերական ծրագիր մը։ Այսպէս, թաղի Ս. Վարդանանց Դպրաց Դաս-երգչախումբի կարգ մը անդամները ձեռնամուխ եղած են թատերական ծրագրի մը։
Ս. Յովհան Ոսկեբերան Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ տիկնանց յանձնախումբը այս տարի եւս Մեծ պահոց շրջանին կազմակերպեց իր աւանդական ճաշկերոյթը, որով ստեղծուեցաւ ոգեւոր մթնոլորտ։ Այս տարի միայն բացառութիւն մը ապրուեցաւ ժամկէտի առումով։
Ֆէրիգիւղի սանուց միութեան մէջ, «Բարեւ» նորաստեղծ թատերախումբը թափով կը պատրաստուի իր անդրանիկ ներկայացման։ Յայտնի արուեստագիտուհի Սօսի Ճնտոյեանի բեմադրութեամբ այս խումբը յառաջիկայ ամսուան սկիզբին հանդէս պիտի գայ «Հարս ու կեսուր Գնալը կղզիի մէջ» անուն զաւեշտով՝ հիւրընկալ միութեան բեմին վրայ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մեծ պահքի վեցերորդ Կիրակին նուիրուած է Յիսուս Քրիստոսի «Գալստեան» յիշատակին։ Ուստի նախորդ կիրակիներու խորհուրդներուն միջեւ կ՚երեւի յայտնի տրամաբանական կապակցութիւն մը՝ որ Հայ Եկեղեցին յատկապէս կը յիշէ եւ կը խորհրդածէ ամէն մէկը իւրաքանչիւր Կիրակիի խորհուրդին մէջ։
Բանկալթըի Մխիթարեան վարժարանէն պատուիրակութիւն մը 29 Փետրուար-5 Մարտ թուականներուն այցելեց Լիթվանիոյ Քլայփետա քաղաքը։
Մեծ պահոց շրջանին Արեւագալի հոգեպարար արարողութիւնները կը շարունակուին մեր եկեղեցիներէն ներս։ Այսպէս, Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախագահեց Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած Արեւագալի հոգեզմայլ արարողութեան։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ինքնատիրութիւնը՝ ինքնագիտակցութեան բնական մէկ հետեւանքն է։ Այն անձը՝ որ իր արժանիքին, իր մտային ու հոգեւոր կարողութիւններուն գիտակից է եւ ըստ այնմ կը վարուի, ան տէ՛րն է իր անձին։
Երեւանի մէջ վերջերս ոգեկուչուեցաւ հայ մեծանուն բարերար, մեկենաս ու ճարտարարուեստագէտ Ալեքսանտր Մանթաշեանց (1842-1911)։