Արխիւ
Անգարայի մէջ զինուորական ինքնաշարժներու մը վրայ կատարուած ահաբեկչական յարձակումը ունեցաւ ծանր հետեւանքներ. 28 զոհ եւ 61 վիրաւոր: Թուրքիա հերթական մարտահրաւէրը կը դիմագրաւէ միասնականութեամբ Էրտողան. «մեր պայքարը պիտի շարունակուի գործակատարներու եւ անոնց ետին կանգնած ուժերուն դէմ»։ Հանրապետութեան նախագահն ու վարչապետը ջնջեցին իրենց արտասահմանեան ուղեւորութիւնները։ Պէշթէփէի մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ անվտանգութեան հարցերու շուրջ բարձր մակարդակով խորհրդակցութիւն մը։ Ամբողջ միջազգային հանրութիւնը անվերապահ զօրակցութիւն կը յայտնէ այս անիծելի արարքէն վերջ։ Ընդդիմութիւնն ալ միահամուռ կը պախարակէ դէպքը։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Թուրքիոյ սրտին վրայ հուժկու պայթում մը պատահեցաւ երէկ երեկոյեան։ Երկիրը ցնցուեցաւ, հերթական անգամ։
Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Արեւագալի ժամերգութիւն, որուն հանդիսապետեց Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Ազատութիւն» իր լայն առումով կը նշանակէ՝ իմացականութեան եւ կամքին մէջ արմատացած կարողութիւն՝ գործելու կամ չգործելու, ընելու այս կամ այն, եւ կամ չընելու, ինքնակամ ու անկախ կերպով վճռելու կատարելիք գործերը։
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Ներգաղթեալներու թղթածրարի այլ էջի մը անդրադարձած է Իվար Արփի: Անոր յօդուածին խորագիրն է.
ԿԱՐՕ ՊՕՀՃԱԼԵԱՆ
Մեթրօն մտած էր Հելիոպոլսոյ արուարձանը ու Րոքսիէն, Փալմիրայէն եւ Պազիլիքայէն վերջ, Միյտան Իսմայիլիայի կայարանին առջեւ կանգ առած:
ԾՈՎԻԿ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ
Նոր կեանքիս մէջ հանդիպեցայ նոր մարդկանց: Այս վերջինը սուրիացի արաբ տղամարդ մըն էր, Դամասկոսէն հասած էր Հոլանտա, աւելի ապահով շրջաններէ՝ քան ես:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Միջին Արեւելքի նշանաւոր երգչուհին, որու խորհրդանշած կերպարը կը համընկնի տարածքաշրջանի բոլոր ժողովուրդներու երաժշտական ճաշակին: Առինքնող ձայն մը, որ կը հասնի մարդոց սրտի խորքին՝ փորձառութեամբ, համակրանքով, զգայնութեամբ ու մակարդակով:
Լոս Անճելըսի մէջ ստեղծուած Սուրիահայութեան օժանդակութեան գործադիր մարմնին (SARF) նախաձեռնութեամբ այս շրջանին օժանդակութեան արշաւ մը կազմակերպուած է ի նպաստ սուրիահայութեան։
Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան երէկ ուշ երեկոյեան հիւանդանոց փոխադրուեցաւ Երեւանի մէջ։
Հայաստանի առաջին նախագահ եւ ընդդիմադիր Հայ ազգային գոնկրէսի առաջնորդ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան, որ միջոց մը առաջ վիրահատուած էր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ, վերադարձաւ Երեւան։
Թուրքիոյ, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները կը պատրաստուին իրականացնել իրենց հերթական հանդիպումը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, եռակողմանի այս հերթական տեսակցութիւնը տեղի պիտի ունենայ Թիֆլիզի մէջ, այս Ուրբաթ։
«Րէօյթըրզ»ի հաղորդումներով, Թուրքիա միջազգային համախոհութեան հետ շփման մէջ է՝ Սուրիայէ ներս ցամաքային գործողութիւններու համար:
Ազգային պաշտպանութեան նախարար Իսմէթ Եըլմազ երէկ վերջին իրադարձութիւններուն մասին բացատրութիւններով հանդէս եկաւ խորհրդարանի ժողովին ընթացքին:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան այսօր երեկոյեան կ՚ուղեւորուի դէպի Պաքու, ուր կը հիւրընկալուի Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։ Վաղը Պաքուի մէջ նախատեսուած է Թուրքիա-Ատրպէյճան Բարձր մակարդակի ռազմավարական համագործակցութեան խորհուրդին ժողովը, որ տեղի կ՚ունենայ Էրտողանի եւ Ալիեւի գլխաւորութեամբ։
Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութիւնը ներկայիս աշխատանք կը տանի զօրակցելու համար սուրիահայութեան։ Աշխարհի ամէն կողմ հայութիւնը կը փորձէ զօրակցիլ Սուրիոյ ներքին պատերազմին հետեւանքով դժոխային վիճակի մը մէջ յայտնուած հայութեան։ Այս շարժումէն անմասն չեն նաեւ պոլսահայերը։
«Չըփլաք այաքլար քումփանեասը»ն երէկ երեկոյեան Թոփհանէի իր աշխատանոցի երդիքին տակ գեղարուեստասէրներուն ներկայացուց արդի պարի նոր ելոյթ մը։ «Սար» կոչուած է այս ներկայացումը, որու համահեղինակները կը հանդիսանան Միհրան Թովմասեան եւ Սարօ Ուստա։
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Հետզհետէ առաւել սուր բնոյթ ստացող ներգաղթեալներու հրատապ թղթածրարը ժամանակի թաւալումին եւ աշխարհագրական ընդարձակման հետ կը դրսեւորէ բոլորովին նոր երեսակներ, որոնք անակնկալի կը մատնեն «գիտուն» Արեւմուտքը:
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Փետրուար 15-ը ծննդեան տարեդարձն է հայ ժողովուրդի անմահներէն Ռուբէն Սեւակի, որ կը հանդիսանայ Մեծ Եղեռնի նահատակ գրողներու փաղանգին կրտսերագոյն արժանաւորը եւ, միանգամայն, բարձրորակ տաղանդաւորը։
Երեւանի «Կոմիտաս» սենեկային երաժշտութեան տան երդիքին տակ փայլուն եւ եզակի երեկոյթ մը:
Հայաստանի Պետական սենեկային նուագախումբը մեկնաբանեց Մոցարթի եւ Շոփէնի ստեղծագործութիւնները:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Առաջին մարդը՝ Ադամ, եդեմական դրախտին մէջ երանական կեանք մը ունէր եւ ինչպէս Շարականագիրը կ՚ըսէ՝ «Այնտեղ ան կը ցնծար՝ առանց տխրութեան կը զուարճանար տրտմութիւն չճանչցող խնդութեամբ»։