Արխիւ
Արտաքին գործոց նախարար Չավուշօղլու հարցազրոյց մը տուաւ ռուսական ԹԱՍՍ գործակալութեան:
Մոսկուա ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի օրակարգին վրայ կը բերէ թրքական զօրքերու Մուսուլի մէջ կատարած վերջին կուտակումը: Մեսուտ Պարզանի պիտի այցելէ Թուրքիա: Իրաք Գերմանիոյ հրաւէր ուղղեց՝ իր զինուորներու մարզման համար:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ատելութիւնը մոլութիւն մըն է՝ որ մարդս կ՚առաջնորդէ ուրիշ մոլութիւններու, զոր օրինակ՝ խաբէութեան, ինչպէս կ՚ըսէ Առակախօսը. «Ատողը իր շրթունքները կը կեղծէ ու սրտին մէջ նենգութիւն կը պահէ։ Անոր գեղեցիկ խօսքերուն մի՛ հաւատար, քանի որ անոր սրտին մէջ եօթը զզուելի բան կայ։ Ան որ իր ատելութիւնը նենգութեամբ կը ծածկէ, անոր չարութիւնը ժողովուրդին մէջ պիտի յայտնուի։
3 Դեկտեմբերին, Նիոնի մէջ (Զուիցերիա) տեղի ունեցաւ Եւրոպայի 19 տարեկանէն վար 2016-2017-ի ախոյենութեան զտումի Ա. հանգրուանի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը:
ՖԻՖԱ-ն հրապարակեց 2015 տարուան վերջին դասաւորումը:
«Արեւելք» կայքէջին վրայ կը կարդանք.-
Հայաստանի քաղաքական կեանքին մէջ թելադրական խօսք ունենալու կոչուած ընդդիմադիր գործիչներ առաջին անգամը չէ, որ անլուրջ մօտեցումներով կը փորձեն հանդէս գալ մտածելով, որ իրենց արարքները պիտի շահին հանրութեան ուշադրութիւնը:
Շաբաթավերջին Երեւանի մէջ բացուեցաւ շարժանկարի նոր սրահ մը։ Այսպէս, «Երեւան մոլ» առեւտուրի կեդրոնի ընդարձակ համալիրէն ներս բացուեցաւ «Սինեփարք»ը, որու շինարարական աշխատանքները սկսած էին այս տարեմուտին։
Երեւանի մէջ Ամանորի խանդավառութիւնը հետզհետէ կը դառնայ զգալի։ Մայրաքաղաքի Հիւսիսային պողոտային մէջ արդէն սկսած է Սուբր Ծննդեան տօնավաճառը, որ այս տարի կազմակերպուած է չորրորդ անգամ։
Հայաստանի կառավարութեան նորակառոյց մասնաշէնքին բացումը՝ Երեւանի մէջ:
Հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ էին Սերժ Սարգսեան եւ Վեհափառ Հայրապետը:
Իրանէն եւ ԱՄՆ-էն վերջ Թուրքիա երրորդ երկիրը՝ Իրաքէ ներս զինուորական ներկայութեան առումով:
Տավուտօղլու ընթացիկ որակեց գործողութիւնները եւ նամակ մը ուղարկեց Պաղտատի վերապահութիւններուն դէմ:
Հայաստանի առջեւ ուրուագծուեցաւ կառավարման խորհրդարանական համակարգի հորիզոնը:
Երէկուան հանրաքուէին ընտրողները մասնակցութիւն բերին շուրջ 50.51 տոկոսի համեմատութեամբ: Ընդդիմութիւնը գիշերուան ժամերուն բողոքի ցոյցեր կազմակերպեց Երեւանի մէջ:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան այսօր այցելութիւն մը կու տայ Պրիւքսէլ։ Սա շատ կարեւոր հանգրուան մըն է Հայաստան-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններուն տեսակէտէ։ Արդարեւ, այսօր պաշտօնապէս կ՚ազդարարուի Հայաստանի եւ Եւրոմիութեան միջեւ նոր իրաւական փաստաթուղթի շուրջ բանակցութիւններուն սկիզբը։
Այսքան դրամով Յուդան ծախեց Յիսուս Քրիստոսը. այսպէս կը գրէ Աւետարանը։ Հաւատքի եւ գաղափարի ընկալման պակա՞սն էր, թէ նիւթապաշտութեան տիրապետութիւնը Յուդայի հոգիին մէջ, մօտ 2000 տարի առաջ, որ կը յաղթէր որեւէ այլ զգացմունքի կամ հաւատքի։
Հարպիյէի Սէն թ՚Էսփրի եկեղեցւոյ մէջ Շաբաթ երեկոյեան տեղի ունեցաւ շահեկան համերգ մը, որ կոչուած էր «Պարոք մարգրիտներ»։ Այս առթիւ հանդէս եկաւ «Քամերաթա պարոք Իսթանպուլ» խումբը, որ ներկայ երաժշտասէրները հաղորդ դարձուց իսկապէս բարձրորակ արուեստի մը։ Երեկոյթին ներկայ էր նաեւ Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Հասարակութեան Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան։
Նշանթաշըի «Մարքի» գեղարուեստասրահին մէջ Շաբաթ յետմիջօրէին կատարուեցաւ Անթոնիօ Քոսենթինոյի աշխատանոցին մասնակից արուեստագիտուհիներուն նկարչական խառն ցուցահանդէսը։
Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Հասարակութեան Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան երէկ Սամաթիոյ Անարատ Յղութեան եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց արարողութիւններուն եւ խօսեցաւ քարոզ մը։
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին ի նպաստ սարքուած տարեկան աւանդական սիրոյ սեղանին ստեղծուեցաւ խանդավառ մթնոլորտ։
Յուշանուէրներ՝ Արէտ եւ Մոնիք Երկանեաններուն եւ Բարսեղ Սարայլըին։
Կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն նախագահեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։
Պատրիարքարանի աղբիւրները համայնքային մամուլի նկատառման յանձնեցին Տիրամայր Մարի Մութաֆեանի կողմէ կատարուած ստիպողական յայտարարութիւն մը, որ նիւթի բնոյթին բերումով գրի առնուած է թրքերէնով։ Վերջին շրջանին տեղական մամուլը կը գրէ, որ մեր համայնքէն խումբ մը անհատներ դիմած են դատական մարմիններուն՝ որպէսզի տիրամայրը խնամատար նշանակուի Մութաֆեան Պատրիարքին համար։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ընտանիքը, ընկերութեան կորիզն է, առանց որու կարելի չ՚ըլլար առողջ ընկերային կեանք մը հաստատել եւ մշակել, ու զարգացնել զայն։ Եւ քանի որ ընկերային կեանքի մէջ յարաբերութիւններ կը կայանան պարտականութիւններու եւ իրաւունքի վրայ, ուրեմն ընտանիքն կազմող անդամներուն ալ կը վերաբերի պարտականութիւններ եւ իրաւունք, որոնց ներդաշնակութեան վրայ կը բարձրանայ ընտանիքի «շէնք»ը՝ բարձրացնելով նաեւ ընկերութեան մե՜ծ շէնքը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ինքզինք արդարացնելու՝ անձին արդարութիւնը ամէն պարագայի ցոյց տալու հակամէտ են մարդիկ։ Ո՛չ ոք ընդհանրապէս չ՚ընդունիր, թէ «անիրաւ» է կամ «անարդար», եւ անպայմա՛ն ճամբայ մը կ՚որոնէ արդարացնելու համար ինքզինք։
Հաշմանդամ երախաներու համաշխարհային օրուան առթիւ, Դեկտեմբերի 3-ին, ՃՀՓ-ի Իսթանպուլի երեսփոխաններէն Սելինա Տողան այցելեց ԶԻՊԷՉ-ի կեդրոնը, ուր ջերմ մթնոլորտի մը մէջ մէկտեղուեցաւ տղոց հետ։