Արխիւ
ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
Տարօրինակ է
Որքան նման ենք
Մենք եւ ծառերը
Եւ որքան օտար․․․
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Ի՛նչ որ կ՚ուզէք որ մարդիկ ձեզի ընեն, դուք ալ անոնց այնպէս ըրէք…». (ՄԱՏԹ. Է 12)։
Մարդկային փոխյարաբերութիւններու մէջ կարեւոր ազդակ մը կայ, որ կը կանոնաւորէ զայն։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Պէտք է ռուսին վստահի՞լ...
Այս հարցումին պատասխանն է, որ հայ ազգը կը փնտռէր աւելի քան դար մը առաջ եւ այսօր ինքզինք դէմ յանդիման կը գտնէ նոյն հարցադրումին դիմաց, որովհետեւ հայոց վերջին դժբախտութիւնները շատեր Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան, իսկ շատ ուրիշներ ռուսական պետութեան կը վերագրեն:
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Սամաթիոյ ընտանիքէն ներկայացուցիչներ։ Այսպէս, մեր հիւրերն էին Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Նուրհան Տավուլճեան եւ տարեկան մատաղօրհնութեան համաատենապետները՝ Խաչիկ Քեչիեոլու եւ Եսայի Տեմիր։
Հայաթափուած Արցախի մէջ ներկայիս կը տիրէ ամայութիւն։ Կարմիր խաչի աղբիւրները հաղորդեցին, որ Ստեփանակերտի մէջ արդէն քանի մը հարիւր հոգի մնացած է։ «Reuters» գործակալութեան հաղորդումներով, Ատրպէյճանի ոստիկանութիւնը պարեկութիւն կ՚իրականացնէ փողոցներուն մէջ։
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոննա յայտարարեց, որ իր երկիրը կը շարունակէ ջանքեր գործադրել՝ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ բանաձեւի մը ընդունման շուրջ։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Պրազիլի թեմէն ուխտաւորներ՝ ուղեկցութեամբ թեմակալ առաջնորդ Տ. Նարեկ Եպսկ. Պէրպէրեանի։
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան կողմէ կարեւոր յայտարարութիւն՝ 2023-2024 շրջանի հանգանակութիւններու սկիզբի նախօրեակին:
Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու եւ գործակից ընկերները այս տարի եւս հնարաւոր միջոցները պիտի յատկացնեն՝ համայնքային վարժարաններու պիւտճէներու հաւասարակշռման համար:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ այս կիրակի նախատեսուած է եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն։ Թէեւ անցեալ շաբաթավերջի յետաձգեալ Միւռոնօրհնութիւնն ու եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնը նախապէս մշակուած օրացոյցով զուգահեռ, նոյն ամբողջին մէջ պիտի կատարուէին, սակայն, իրադարձութիւնները բոլորովին այլ հունով ընթացան։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը շարժման կ՚անցընէ իր բոլոր լծակները՝ Արցախէն տեղահանուածներուն համար:
Բռնի տարհանուած ընտանիքներուն զաւակները պիտի ընդունուին Կալկաթայի Հայոց մարդասիրական ճեմարանը:
Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան եւ Արեւմտեան թեմերէն ուխտաւորներու այց:
Վեհափառ Հայրապետը պատգամեց ջանք ու եռանդ չխնայել մայր Հայաստանի հզօրացման համար:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ այցելեց Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին՝ տեղեկութիւններ ստանալու համար բարեզարդման աշխատանքներու ընթացքին մասին։ Նորին Ամենապատուութիւնը դիմաւորեցին Մասիս Գույումճուի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդի անդամները։
«Հայճար» լուրջ զգայնութիւն կը դրսեւորէ Պալեաններու ժառանգութեան պատշաճ արժեւորման ուղղութեամբ:
Ֆէրիգիւղի մէջ յառաջիկայ օրերուն կը նախատեսուի՝ Աշոտ Գրիգորեանի թրքերէնի թարգմանուած գիրքին շնորհանդէսը:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Անցեալ տարի, երկար ամիսներու առողջապահական վիճակիս պատճառած «չարչարանք-տանջանքներէն» ետք, իբրեւ ամառնային «արձակուրդ», այս տարի այր եւ կին որոշեցինք դարձեալ Հայաստան գալ, շաբաթներու համրանքով: Ու ի՜նչ մեղքս պահեմ, անհամբեր կը սպասէի հայրենիքէս ներս ապրած հին օրերուս գեղեցիկ յուշերուս վերադարձին:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Այսպիսի գրութիւնները կրնան դասակարգուիլ զանազան տեսակաւորումներով. օրինակ՝ յուշագրութիւն, տպաւորական գրութիւն, ճամբորդական մտորումներու կամ յուշագրութեան ժանրով գրութիւն… եւ այլն:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Շատ յաճախ կը հանդիպինք մարդոց, որոնք տակաւին դիմացինը իր խօսքը չաւարտած, կ՚ընդհատեն ու կը սկսին խօսիլ. այդպիսի մարդոց մասին Առակագիրը անդրադարձա՞ծ է:
Պատասխան. Անշուշտ անդրադարձած է:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Դաժան այս օրերուն լրացաւ Ստեփանակերտի 100-ամեակը: Հնագոյն այդ բնակավայրը Ղարաբաղի մէջ խորհրդային կարգեր հաստատուելէ ետք ստացած է քաղաքի կարգավիճակ. 1923 թուականի աշնան Ղարաբաղի նորաստեղծ կառավարութիւնը Շուշիէն կը տեղափոխուի Խանքենթի կոչուող բնակավայր եւ զայն կը կոչէ Ստեփանակերտ անունով:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Արարչագործութիւնը պատահական, դիպուածի արդիւնք իրականութիւն մը չէ՛, այլ իմաստութեան արդիւնք, կամքի մը հետեւանքը՝ ուր կը գտնուի Աստուծոյ ծրագիրը։ Արդարեւ, առանց ծրագրի ո՛չ մէկ բան կատարեալ կ՚ըլլայ, քանի որ ամէն արարք իմաստութեամբ պատրաստուած ծրագրի մը համաձայն կը կատարուի։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ամէն ժամանակէ աւելի այսօր, հայ ժողովուրդը պէտք է յայտարարէ համազգային օգնութեան կանչ մը, շեշտելով այն ճշմարտութեան վրայ, որ գործը աւելի խօսուն փաստ մըն է հայրենասիրութեան՝ քան խօսքը։
Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան մէջ նոր եղանակի բացումը բնորոշուեցաւ՝ աւանդական ընթրիքով մը, որու ընթացքին ընտանեկան հաւաքոյթի մը մթնոլորտը ստեղծուեցաւ։