Արխիւ
Երէկ, Վարդավառի տօնին առթիւ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցան աւանդական տօնակատարութիւններ։ Պայծառակերպութեան տաղաւարի առթիւ պատարագեց տեղւոյն հոգեւոր հովիւը՝ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, որ խօսեցաւ նաեւ օրուան քարոզը։
Վարդավառ էր երէկ, Հայ Առաքելական Եկեղեցին նշեց Պայծառակերպութեան տօնը։ Աւանդական տօնակատարութիւններ տեղի ունեցան մեր եկեղեցիներուն մէջ՝ մանաւանդ, Գնալըի բարձունքին ոգեւորութիւնը շատ բարձր էր եղանակի բերումով։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Ըստ հռոմէացի պատմաբան Փոլիպիուսի (Ք.Ա. 208-126), օքլոքրասին ժողովրդավարութեան վերջին փուլն է։
Թէեւ ժողովրդավարութիւնը կը բացատրուի՝ որպէս քաղաքացիներու հաւասար իրաւունք ունեցած կառավարման ձեւ, սակայն, իրականութեան մէջ, անհաւասար մարդիկ կը համարուին հաւասար եւ սա օքլոքրասիի առաջին սերմն է։
ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ
Մեր ընթերցողները պիտի նկատեն անշուշտ, թէ սա քանի՛երորդ անգամն է, որ այս կամ այն ձեւով կը ջանամ անդրադառնալ մեր սիրելի Ծառուկեանին: Թոյլ տուէք անգամի մը համար բացատրել պատճառը
Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Մասնագէտներու եւ հոգեբաններու կողմէ մանաւանդ վերջին տասնամեակին յաճախ կը կրկնուի ընդհանրապէս դրական մնալու, անոր անհրաժեշտութեան եւ օգուտներու մասին: Ըսելը դիւրին է, բայց գործադրելը որքա՜ն դժուար է:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները բացի պաշտօնական յայտարարութիւններէն (որոնց վերջինը ԱՄՆ-ի վարչակազմին կողմէ Հայաստանի արտահերթ ընտրութիւններու արդիւնքները ողջունելու համար էր), առհասարակ, լռութիւն կը պահեն Հարաւային Կովկասի վերջին իրադարձութիւններուն կապակցութեամբ։
Եւրոմիութիւնը պատրաստ է աջակցիլ Երեւանին եւ Պաքուին, որպէսզի կարողանան հասնիլ խաղաղութեան:
Հայաստանի պարագային նախատեսուած է հինգ հիմնական ծրագիր՝ ելմտական միջոցներով հանդերձ, շուրջ 2.6 միլիառ եւրօ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Լիբանանի տագնապը կը շարունակուի։ Ճիշդ է, որ վերջին օրերուն զանազան հարթակներու վրայ փորձեր կը կատարուին, գոնէ տնտեսական «շունչ» մը տալու երկրին։
Յիսուս Քրիստոսի Պայծառակերպութեան տօնը Հայ Եկեղեցիի հինգ տաղաւար տօներէն երրորդն է: Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոս, համաձայն Աւետարանի, Ս. Պետրոս, Ս. Յակոբոս եւ Ս. Յովհաննէս առաքեալներու հետ կը բարձրանայ Թաբօր լեռը՝ աղօթելու:
Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Պէտք է խօսիլ ազգ եւ հայրենիք գոյացնող, հող եւ բնակիչ իմաստաւորող գերակառոյցի մասին, լուսաւորելու համար մեր ներազգային պայքարները, որոնք կրնան յանգեցնել իրենց հետապնդած նպատակի հակառակին:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
- Երբեւէ ոեւէ մէկուն միտքով անցած է, թէ օդակայանները երկու ծայրայեղութիւններու հանդիպման վայր են։ Ուրախութիւն՝ հարազատ մը կամ սիրելի մը դիմաւորելնուս համար, եւ՝ տխրութիւն, հարազատ մը կամ սիրելի մը ճանապարհորդելնուս համար…
Ընդդիմադիր ուժերը կը պահանջեն արտահերթ ընտրութեան արդիւնքի անվաւեր հռչակուիլը:
Հայաստանի Սահմանադրական ատեանը կ՚արժեւորէ 20 յունիսի քուէարկութեան վերաբերեալ վիճարկումները:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ նախընթաց օր Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման արձագանգները կը շարունակուին։ Տեսակցութենէն օր մը վերջ, Քրեմլինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով յայտնեց, որ Ատրպէյճանի հետ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին շուրջ շփումները մշտապէս կ՚իրականացուին Ռուսաստանի կողմէ՝ եռակողմանի յայտնի յայտարարութիւնները կեանքի կոչելու շրջանակներէն ներս։
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց, որ ներկայիս իր երկիրը արմատապէս փոխած է աշխարհաքաղաքական եւ աշխարհատնտեսական իրողութիւնը Հարաւային Կովկասէ ներս։
Պոլսահայ կրթական համակարգի առկայ մարտահրաւէրներուն շուրջ քննարկումները երէկ երեկոյեան շարունակուեցան Ֆէրիգիւղի «Ալաճաճեան» սրահին մէջ:
Համայնքային վարիչները ներկայ դժուարին փուլին կողմնակից են՝ վարժարաններու փակման կամ միացման վերաբերեալ սուր հարցերուն համար առաջնորդուիլ մասնագէտներու կարծիքներով:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը նախընթաց օր երեկոյեան հանդիպում մը ունեցաւ Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ Աֆրամ Բ. Պատրիարքին հետ։ Աթշանէի մէջ, Լիբանան, տեղի ունեցաւ տեսակցութիւնը, որու ընթացքին երկու հոգեւոր առաջնորդներու կողքին էին բարձրաստիճան եկեղեցականներ։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Արցախի երկրորդ պատերազմը ծանր հետեւանքներուն առընթեր, հայութեան օրակարգին վրայ բերաւ բազում հարցականներ։ Պատերազմի հետեւանքները տարաբնոյթ են։ Մէկ կողմէ անծայրածիր ժամանակներու տեսակէտէ մարտահրաւէրներ, իսկ միւս կողմէ օրհասական հարցեր։
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Այս պատմութիւնը մեզի կու գայ Օքլահոմա նահանգի Մայամի քաղաքէն, որ ունի 13 հազար բնակչութիւն։ Գաղտնիք մը չէ, որ քորոնաժահրի համաճարակին պատճառաւ անգործութիւն տիրեց ամէնուրեք։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Վարդերը ժողվեցին,
փերթահատեցին,
փերթերը փունջ-փունջ
թափեցին կճուճին մէջ:
ՏՔԹ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ
Համաշխարհային Ա. պատերազմէն ետք, թէեւ ազատած եւ Երուսաղէմէն ալ հիասթափ դուրս ելած Կիլիկիոյ Սահակ Բ. Խապայեան Կաթողիկսոսը, մտահոգ էր իր անցեալի Սիսի Աթոռի ապագայով, որքան ատեն որ Սիս վերադառնալ չկար այլեւu։ Օսմանեան պետութիւնը պարտադրած էր զինք Երուսաղէմ «հաստատուիլ» եւ մոռնալ Սիսի հիմնական նստավայրը։