Արխիւ
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Մղձաւանջը կը շարունակէ:
Հայաստանի լուսաբացները ստացած են անկանխատեսելի ու տրտմագին երանգներ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ճաբոնի ողջ տարածքին ծաղկած է սաքուրան՝ ճաբոնական բալենին, այդ երկրին խորհրդանիշերէն մէկը: Անոր ծաղկումը վայելելը ճաբոնական կեանքի անբաժան մասն է, լուսաւոր ու հին աւանդոյթ մը, որ հատած է Ճաբոնի սահմանները:
«Արմէնփրէս» գործակալութիւնը արձագանգեց նախընթաց օր ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մէջ լոյս տեսած հարցազրոյցին, որ կատարուած էր թերթիս Երեւանի աշխատակից Անուշ Թրուանցի կողմէ։ Սա «Արմէնփրէս»ի նորանշանակ տնօրէնուհի Նարինէ Նազարեանի հետ կատարուած առաջին հարցազրոյցն էր։
Կրետէի հայ համայնքը ջերմօրէն շնորհաւորեց Յոյն Ուղղափառ եկեղեցւոյ կղզիի նոր մետրապոլիտը:
Մայր Աթոռէն Տ. Եզնիկ Արք. Պետրոսեան Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ հանդիսապետեց Աւագ շաբթուան արարողութիւններուն:
ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1902)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Նշանները մէկ առ մէկ նկարագրենք.
1. Ցաւերը, ինչպէս ըսած ենք, շատ յաճախ, գրեթէ միշտ կը պատահին:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Անցեալին, ինչպէս նաեւ այսօր շատ մը ծնողներ իրենց զաւակներուն «բարիք» մը ընելու նպատակով կը փորձեն միջամուխ ըլլալ անոնց որոշումներուն, նախընտրութիւններուն ու նախասիրութիւններուն, համոզուած ըլլալով, որ տարիքի տարբերութիւնը փորձառութեան հսկայական պակաս մը կը նշանակէ, հետեւաբար անհրաժեշտ է առաջնորդել:
Հայաստանի ընդդիմութիւնը այս օրերուն յամառօրէն յառաջ կը տանի բողոքի նոր ալիք մը, որու դրսեւորումները զգալի կը դառնան՝ մանաւանդ մայրաքաղաք Երեւանի կեդրոնին, ուր յաճախ առօրեան դուրս կու գայ բնականոն հունէն։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը նախընթաց օր Անթիլիասի մէջ հիւրընկալեց Պէյրութի մօտ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեանը։ Զրոյցի տեւողութեան շօշափուեցան Հայաստանի, Արցախի եւ Լիբանանի հրատապ օրակարգին վերաբերեալ զանազան հարցեր։
Դէպի Հնդկաստան աշխատանքային այցելութեան ծիրէն ներս, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այցելեց Մումպայ, որ կը համարուի այդ երկրի ելմտական կեդրոնը։ Ան այց մը կատարեց Մումպայի հայկական առեւտրային գրասենեակը, որ կը գործէ Հայաստանի տեղւոյն պատուոյ հիւպատոսութեան առընթեր։
Իզմիրի մէջ կազմակերպուած, Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու հարցերուն վերաբերեալ աշխատաժողովը այսօր կ՚եզրափակուի։ Եւրոմիութեան քաղաքացիական հասարակութեան խրախուսման ուղղեալ ծրագիրներու շրջանակին մաս կազմած է այս աշխատաժողովը, որու շրջանակներէն ներս երէկ բացուեցաւ «Ուրբաթ, շաբաթ, կիրակի» խորագրեալ յայտնի ցուցահանդէսը։
Իլհամ Ալիեւ իրերայաջորդ հանդիպումներ ունեցաւ Ալեքսէյ Օվերչուքի եւ Իլիա Տարչիաշվիլիի հետ:
«Ատրպէյճան, Վրաստան եւ Հայաստան լաւ հնարաւորութիւն ունին եռակողմանի համագործակցութիւն ծաւալելու»:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Անթիլիասի մէջ հիւրընկալեց Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) կողմէ պատուիրակութիւն մը։ ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանի եւ Լիբանանի մասնաճիւղի ատենապետ Ժերար Թիւֆէնքճեանի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութեան կազմին մէջ էին միութեան զանազան մարմիններու ներկայացուցիչներ։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն յայտարարեց, որ իր երկիրը հանդէս կու գայ Լեռնային Ղարաբաղէ ներս Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ առկայ հակամարտութիւնը երկարաժամկէտ սկզբունքով լուծելու ի նպաստ, ինչպէս նաեւ դէմ է այս առումով միակողմանի քայլերու։
Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան երէկ շփումներ ունեցաւ Լոնտոնի մէջ, ուր տեսակցեցաւ Անգլիոյ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար սըր Ստեֆըն Լովկրովի հետ։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Նոր Տելհիի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Հնդկաստանի վարչապետ Նարենտրա Մոտիի հետ։ «Ռայսինայի երկխօսութիւն» համաժողովի շրջանակներէն ներս տեղի ունեցաւ այս հանդիպումը։
Էրտողան հեռաձայնով զրուցեց Վլատիմիր Փութինի հետ, որ երէկ հիւրընկալեց Անթոնիօ Կութերեսը:
Ըստ Պլինքընի, Ռուսաստան լուրջ չի վերաբերիր դիւանագիտական լուծման ուղղեալ բանակցութիւններու նկատմամբ:
Նոթրը-Տամ-տը-Սիոն ֆրանսական լիսէին մէջ երէկ երեկոյեան բացուեցաւ եզակի ցուցահանդէս մը, որ կը կոչուի «Ֆրանսերէնը՝ որպէս քաղաքային հայելի»։ 1850-1950 թուականներու կտրուածքով հրապարակուած գովազդներու համայնապատկերին վրայ մատուցուած է այս ցուցահանդէսին իսկապէս հետաքրքրական նիւթը, որ լոյս կը սփռէ Օսմանեան կայսրութեան ժամանակ ֆրանսերէնի հասարակական կեանքէն ներս ունեցած դերակատարութեան վրայ։
Հանրապետութեան նախագահը երէկ երեկոյեան ընթրեց Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու հոգեւոր առաջնորդներուն եւ աշխարհական վարիչներուն հետ:
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր առընթեր, հրաւիրեալներու շարքին էին Թրքահայ վաքըֆներու միութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու եւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան փոխ-ատենապետ Հերման Պալեան:
Անգարայի հաւաքոյթը ընթացաւ ջերմ մթնոլորտով, մասնակիցներու կարգին էին Կրօնից տեսուչ փրոֆ. Ալի Էրպաշ, նախարարներ եւ պետական աւագանիէն բարձրաստիճան պաշտօնատարներ: Նորին Ամենապատուութիւնը ուշ երեկոյեան հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլուի հետ:
Բուսագէտ տքթ. Վահրամ Էլակէօզ նախընթաց օր բանախօսութիւնով հանդէս եկաւ Մխիթարեան վարժարանին մէջ։ Աշակերտներուն համար շատ հետաքրքրական էր հեղինակաւոր ատենախօսի կողմէ շահեկան տեղեկութիւններ քաղել համեմներու աշխարհին մասին։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Աւելի քան տարի մըն է, մեր շունչերը պահած ամէն օր կը մահանանք ու կը վերակենդանանանք: Այդ ժամանակահատուածին վերածուեցանք պողպատի. կարծրացանք ազգադաւներու մատուցած շուրջօրեայ ցնցումներէն: