Արխիւ

Ուրբաթ, Մարտ 14, 2025

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երբ կը նայինք մեր շուրջը, կը տեսնենք պատերազմներ, սով, ցեղասպանութիւն, գողութիւններ, սպանութիւններ, երկրաշարժներ, հրդեհներ, ջրհեղեղներ եւ այլն։ Մենք գիտենք, որ նման աղէտներ սպասելի են, բայց ինչո՞ւ իմաստը չենք տեսներ կամ չենք ուզեր տեսնել:

Ուրբաթ, Մարտ 14, 2025

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Արթուն կեցէք եւ աղօթք ըրէք, որպէսզի փորձութեան մէջ չմտնէք». (ՄԱՏԹ. ԻԶ 41)։
Յիսուս երբ Ձիթենեաց լեռը ելաւ՝ Գեթսեմանի պարտէզը սկսաւ աղօթել, աշակերտներն ալ իր ետեւէն գացին, անոնց ըսաւ. «Աղօթք ըրէք որպէսզի փորձութեան մէջ չմտնէք». (ՂՈՒԿ. ԻԲ 40)։ 

Ուրբաթ, Մարտ 14, 2025

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մերօրեայ երիտասարդութիւնը ինչքա՞ն հպարտութեամբ կը մօտենայ իր սեփական ինքնութեան՝ չենք գիտեր, սակայն, ակնյայտ է, որ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն՝ տակաւին կը գտնուի փոքրամասնութիւն մը, որ կը շարունակէ տառապիլ այն հիւանդութեամբ, որ կը կոչուի հայութիւն, կը կոչուի ազգասիրութիւն:

Հինգշաբթի, Մարտ 13, 2025

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Նորոգող հնութեանց, նորոգեա եւ զիս, նորոգ զարդարեա». (Երգ աղօթական Տեառն Ներսէսի Հայոց Կաթողիկոսի)։ Մեծ պահքի շրջանը նորոգուելու՝ «նոր մարդ»ը ստեղծելու շրջանն է։

Հինգշաբթի, Մարտ 13, 2025

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մարդկութեան անցեալը որպէս հայելի մեզի ներկայացնող պատմութիւնը լոկ շարք մը անուններու եւ անթիւ պատերազմներու եւ ողբերգութիւններու անդունդ մըն է եւ այդ իսկ պատճառով պատմութեան էջերուն մէջ պատերազմները աւելի յիշուած են՝ քան խաղաղութիւնը:

Հինգշաբթի, Մարտ 13, 2025

Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ Արեւագալի ժամերգութեան նախագահեց Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ, ուր հաւաքուած էին զանազան թաղերէ փութացած ուխտաւորներ։

Հինգշաբթի, Մարտ 13, 2025

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կ՚ընթանայ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) նստաշրջանը՝ նախագահութեամբ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի։ Ժողովը անդրադարձած է Արցախի քաղաքական ղեկավարութեան, զինուորականներու եւ քաղաքացիական անձանց դէմ Ատրպէյճանի մէջ իրականացուող շինծու դատավարութիւններուն։

Հինգշաբթի, Մարտ 13, 2025

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Մեղքը այն մեծ արգելքն է, որ մարդուն թոյլ չի՛ տար, որպէսզի կարենայ Աստուծոյ հետ բնական յարաբերութիւն ունենալ: Աւելին, մեղքը այն արգելքն է, որ մարդուն մէջ կը խամրեցնէ որդիութեան զգացումը:

Հինգշաբթի, Մարտ 13, 2025

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ

Ռուբէն Վարդանեան աւելի քան երեք շաբաթէ ի վեր հացադուլի մէջ է։ Բանտէն յղած իր ուղերձը, ընտանիքին միջոցաւ հանրայնացած, միջազգային արդարադատութեան ուղղեալ պահանջ է. «Իմ բոլոր հայրենակիցներուն, սիրելի ու հարազատ մարդոց կ՚ուզեմ ըսել հետեւեալը՝ կը դատեն ո՛չ թէ զիս ու միւս 15 հոգին, այլ բոլոր հայերը»։

Հինգշաբթի, Մարտ 13, 2025

Երեւանի ղեկավարութիւնը երէկ հիւրընկալեց Հոլանտայի արտաքին գործոց նախարար Կասպար Վելտքամփը, որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ բանակցութիւններ վարելու առընթեր՝ ընդունուեցաւ նաեւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։

Հինգշաբթի, Մարտ 13, 2025

Թուրքիայէն զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներ Հայաստան այցելեցին:
Ըստ Ռուբէն Ռուբինեանի՝ որեւէ պատճառ չկայ Անգարա-Երեւան դիւանագիտական կապերու բացակայութեան համար:

Հինգշաբթի, Մարտ 13, 2025

Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Մեհմէտ Նուրի Էրսոյի մասնակցութեամբ, երէկ երեկոյեան, Պոմոնթիի «Հիլթըն» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ իֆթարի հաւաքոյթ մը, որ համախմբեց քաղաքական գործիչներ, բարձրաստիճան դիւանակալներ, դիւանագէտներ եւ Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու հոգեւոր եւ աշխարհական առաջնորդները։

Հինգշաբթի, Մարտ 13, 2025

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

2025 թուականի տարեսկիզբին, Երեւանի մէջ լոյս տեսաւ ազգագրագէտ տքթ. Յակոբ Չոլաքեանի «Լեզուական հնհնուքներ» գիրքը: 
Գիրքին 24-րդ գրութիւնը կը կրէ «Սուրբը» վերանգիրը, որ տարիներ առաջ այլ տեղ մը կարդացած էի: Ընթերցողը վերանգիրը կարդալով առաջին տպաւորութիւնը որ կ՚ունենայ, այն է, որ գրութիւնը սուրբի մը մասին է: 

Չորեքշաբթի, Մարտ 12, 2025

Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Արեւագալի ժամերգութիւն, որուն հանդիսապետեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Ներկայ էին Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չընարեան եւ Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեան։

Չորեքշաբթի, Մարտ 12, 2025

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Յաճախ կը լսենք, որ մարդիկ հետեւեալ արտայայտութիւնը կ՚ունենան. «Եկեղեցին ես եմ», կամ «եկեղեցին մենք ենք»: Այս եւ նման արտայայութիւնները սխալ են եւ մեզ կը մոլորեցնեն ու սայթաքումի կը տանին:

Չորեքշաբթի, Մարտ 12, 2025

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն ներս ընթացքի մէջ է Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով նստաշրջանը՝ բարձր նախագահութեամբ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ մասնակցութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի։

Չորեքշաբթի, Մարտ 12, 2025

Չորեքշաբթի, Մարտ 12, 2025

ՄԱՀՄՈՒՏ ՏԱՐՈՒԻՇ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

-Հայրիկ, ի՞նչ կ՚ընես:
Կը փնտռեմ սիրտս, որ այդ գիշեր ինկաւ:
-Եւ այստեղ պիտի գտնե՞ս զայն:
Հապա ո՞ւր պիտի գտնեմ զայն: Դէպի գետին կը ծռիմ եւ հատիկ-հատիկ կը բռնեմ զայն, ինչպէս հոկտեմբերին պարտիզպանուհիները ձիթապտուղի հատիկները կը հաւաքեն:

 

Չորեքշաբթի, Մարտ 12, 2025

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մարդը կախում ունի Արարիչէն՝ ան ենթակայ է արարչութեան ծրագրին, օրէնքներուն եւ բարոյական կանոններուն, որոնք կը կանոնաւորեն ազատութեան գործածութիւնը։ Եւ անշուշտ, այս կ՚ենթադրէ՝ հնազանդութի՛ւն։

Չորեքշաբթի, Մարտ 12, 2025

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Իսլամական կրօնին մէջ ոճիրը խստօրէն կ՚արգիլուի, որովհետեւ մարդու կեանքը Աստուծոյ կողմէ մարդուն տրուած ըլլալով սուրբ կը նկատուի եւ հետեւաբար զայն խլելը անօրինութիւն ու մեղք կը նկատուի:

Էջեր