Արխիւ
Կը տեղեկանանք, որ «Արաս» հրատարակչութիւնը ներկայիս լոյս ընծայած է յայտնի մտաւորական Այհան Աքթարի կողմէ հեղինակուած հատոր մը, որ կը կոչուի՝ «Ունեւորութեան տուրքն ու թրքացման քաղաքականութիւնները»։ Այհան Աքթար ծանօթ ակադեմական մըն է, որ երկար ժամանակէ ի վեր բազմակողմանի գիտական գործունէութիւն կը ծաւալէ Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններուն վերաբերեալ նիւթերուն շուրջ։
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի անդունդի եզրին հասած ըլլալու վերաբերեալ խմբագրութեանս կողմէ հնչեցուած ահազանգի արձագանգները կը շարունակուին հայաշխարհէ ներս։ Հայաստանի զանգուածային լրատուութեան միջոցները այս շրջանին իրերայաջորդ հրապարակումներ եւ հաղորդումներ կը կատարեն այս կապակցութեամբ։ Նոյն ծիրին մէջ Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթին մէջ լոյս տեսաւ գրութիւն մը՝ «Աջակցինք Իսթանպուլի ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին, որպէսզի շարունակէ վաւերագրել ժամանակը» խորագրով։
Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Սուրբ Աթոռի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան յառաջիկայ օրերուն պիտի այցելէ քաղաքս։ Կը տեղեկանանք, որ Նորին Սրբազնութիւնը Իսթանպուլ պիտի գայ մասնակցելու համար Յունաց Պատրիարքարանին կողմէ կազմակերպուած գիտաժողովի մը։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը այս օրերուն կ՚այցելէ Մոսկուա։ Նորին Սրբութիւնը հայրապետական այցելութեամբ մեկնած է Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի թեմը։
Թոփգաբուի ընտանիքը վերջին օրերուն աւանդական ոգեւորութեամբ նշեց Ուսուցչաց օրը։ Այսպէս, Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ հանդէս մը, որու ընթացքին աշակերտներու կողմէ կատարուած ելոյթները թէ՛ ծափահարելի էին եւ թէ ցոլացուցին անոնց կողմէ տածուած երախտագիտութիւնն ու սէրը՝ իրենց ուսուցիչներուն նկատմամբ։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը երէկ դարձեալ ընդունեց պոլսահայ նախակրթարաններու տնօրէնները:
Հայերէնի եւ կրօնի առարկաներու դասաւանդման արդիւնաւէտութեան բարձրացման համար ուշագրաւ որոնումներ:
Երեւանի մէջ երէկ բացուեցաւ ֆրանսահայ արուեստագէտ Ռոտոլֆ Պարսիկեանի «Թուային կեանք» խորագրեալ ցուցահանդէսը։ Նոր ժանրի ստեղծագործութիւններով կազմակերպուած ձեռնարկ մըն է այս մէկը, որ գեղարուեստասէրներու անմիջական ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ։
ԶԱՔԱՐԻԱ ԹԱՄԷՐ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Կրիան զզուեցաւ իր դանդաղ քալուածքը ծաղրողներէն եւ աչքերը սեւեռած պտտեցաւ անտառին մէջ:
Տեսաւ նապաստակ մը, ուրախութեամբ հետեւեցաւ անոր եւ փափաքեցաւ իրեն պէս ըլլալ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Բազմահազար հատորներ ալ գրուին, տասնեակ հազար ուսումնասիրութիւններ ալ կատարուին սիրոյ ինչութեան մասին, սէրը մի՛շտ պիտի մնայ առեղծուածային: Առեղծուած՝ որ ի հարկին հրէշը հրեշտակ ու ամենակարողը՝ անկարող կը դարձնէ:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Եկաւ Նոր տարին: 2014 թուականը խուժեց մեր կեանք:
Յունուարի 2-ին որոշեցի շնորհաւորել իմ բոլոր սփիւռքահայ ընկերներու Ամանորը:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Գաղտնիք չէ, եւ գրաքննադատները բազում անգամներ փաստած են, որ մեծ գրող, երգիծաբան Յակոբ Պարոնեանի գրականութիւնը մասամբ սնած է նաեւ ֆրանսական գրականութենէն: Պարոնեան, որ լաւ կը տիրապետէր ֆրանսերէնին, ծանօթ էր նաեւ օրուան ֆրանսական մամուլին, որուն էջերէն ան յօդուածներ կը թարգմանէր եւ կը ներկայացնէր պոլսահայ մամուլին մէջ, մէկ կողմէ ալ անդրադարձներ կը կատարէր ֆրանսական թերթերու մէջ տպագրուած որոշ յօդուածներէ:
ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հայ ժողովուրդի պատմութեան ընթացքին Արծրունիներու գերդաստանը իր կարեւոր եւ առանցքային տեղն ու դերը ունեցած է զանազան ոլորտներու մէջ։ Բժշկական ոլորտին մէջ յատկապէս փայլած է 19-20-րդ դարերուն ապրած ու գործած բժիշկ Վահան Արծրունին, որ վաստակած է բժշկական գիտութիւններու տոքթորի աստիճան։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ուր ալ երթանք, կամայ թէ ակամայ պատմութիւնը կը շարունակէ ինքզինք կրկնել: Աշխարհի պատմութեան ընթացքին, սերունդներու փոփոխութեան հետ միասին առաջ կու գայ նոր մոլութիւն մը, որ հիները կը պայքարին ու կը փորձեն խափանել ու երկար տարիներ այդ երկուութեան պայքարն է, որ կը մղուի, մինչեւ որ հիները յաղթուին եւ նորերը իրենց յաղթանակը յայտարարեն:
Հայաստանի կառավարութեան կազմին մէջ տեղի ունեցաւ փոփոխութիւն մը։ Այսպէս, փոխ-վարչապետի պաշտօնին կոչուեցաւ Համբարձում Մատթէոսեան։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի եւ Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիանի հետ։
Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Միրզոյեան-Լաւրով զրոյցի ընթացքին քննարկուեցան Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի զանազան երեսակները։
Սոչիի վաղուան գագաթաժողովին ընդառաջ Ալեքսէյ Օվերչուք շփումներ ունեցաւ Երեւանի եւ Պաքուի մէջ:
Հարաւային Կովկասէ ներս տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու վերականգնման հեռանկարը անփոփոխ օրակարգ:
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի հետ։ Քրեմլինի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ անոնք քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակը։
Թուրքիոյ եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու փոխյարաբերութիւններուն մէջ նոր գարուն մը:
Նախագահ Էրտողան երէկ Պեշթեփէի համալիրէն ներս ամենաբարձր արարողակարգով հիւրընկալեց իշխան Էլ Նահիանը:
Երեւանի մէջ այսօր յատկանշական ձեռնարկ մը տեղի կ՚ունենայ Կալկաթայի հայոց մարդասիրական ճեմարանի հիմնադրութեան 200-ամեակին առթիւ։ Յոբելենական այս ձեռնարկը նախատեսուած է Հայաստանի Ազգային գրադարանէն ներս։
Իտալիոյ Նափոլի քաղաքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ (San Gregorio Armeno) եկեղեցւոյ մէջ նախընթաց երեկոյեան տեղի ունեցաւ էքիւմենիք աղօթք մը։ Խորքին մէջ, սա շատ յատկանշական արարողութիւն մըն էր, որուն միասնաբար նախագահեցին Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ ու Վատիկանի Սուրբ Աթոռի մօտ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան եւ Նափոլիի վիճակաւոր Արքեպիսկոպոս Միմմօ Պաթալիա։