Արխիւ
Թուրք զինեալ ուժերը երէկ ռմբակոծեցին Սուրիոյ հիւսիսը։ Թուրքիա-Սուրիա սահմանի մերձակայ Զօր Մաղարի շըր-ջանէն ներս բանակի ռմբակոծումներուն թիրախը դարձան ԵՓԿ-ՓՔՔ-ի դիրքերը։
Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը այսօր կը դառնայ 95 տարեկան։ Այսօր ամբողջ երկիրը համակուած է տօնական բարձր տրամադրութեամբ։ Ամէն տարուան նման այս տարի եւս մեծ ոգեւորութեամբ կը նշուի Հոկտեմբերի 29-ի Հանրապետութեան տօնը։ Մայրաքաղաք Անգարայի եւ բովանդակ Թուրքիոյ քաղաքներուն մէջ տեղի կ՚ունենան փայլուն տօնակատարութիւններ։
Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ վերջերս այցելեցին Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանը։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ վոլէյպոլի յայտնի մարզիչ Արմանտօ Քոսենթինօ մարզական ասպարէզի մէջ ունեցած է նոր ու կարեւոր ձեռքբերում մը։
Պէզճեան Մայր վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ վերջերս այցելեցին Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց։ Տնօրէնուհի Թալին Նայիրի եւ ուսուցչուհիներու ուղեկցութեամբ տղաքը հետաքրքրական շրջայց մը կատարեցին հիւանդանոցի ընդարձակ համալիրին մէջ։
Saygıdeğer Koçunyan ailesi,
Gazetenizin yayın hayatının 111. senesi olan bu günde size tebriklerimizi iletmek istiyoruz.
Թրքական դիւանագիտութեան կարեւոր նախաձեռնութիւնը՝ Սուրիոյ տագնապին առընչութեամբ:
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան Իսթանպուլի մէջ կը հիւրընկալէ՝ Փութինը, Մաքրոնն ու Մերքէլը:
ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը վաղը կը թեւակոխէ իր հրատարակութեան 111-րդ տարին։ Հայ մամլոյ նահապետի հերթական տարեդարձի փուլն է ահա... Ինչպէս միշտ, տարեդարձը կ՚ողջունենք բարձր տրամադրութեամբ։ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի իւրաքանչիւր տարեդարձ կու գայ նոր մրցանիշ մը սահմանել հա՛յ մամլոյ պատմութեան մէջ, թո՛ւրք մամլոյ պատմութեան մէջ, նաեւ համաշխարհայի՛ն մամլոյ պատմութեան մէջ։
Աշխատասիրեց՝
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Կրօնքը իբրեւ կարեւորագոյն մասը մարդկային էութեան, արթնցաւ այն օրէն, երբ մարդ արարածը զգաց, որ կապ մը կը զօդէր իր ոգին թէ՛ աշխարհի եւ թէ միանգամայն իր վրայ իշխող այն խորհրդաւոր ոգիին հետ, որ արարիչն էր ամբողջ տիեզերքին։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ճիշդ մէկ շաբաթ առաջ, Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան այցելութիւն մը կու տար Լիբանան։ Պէյրութ տուած անոր այցելութիւնը, որ միայն պետական մակարդակի չէր, կու գար ամրագրելու այն մօտեցումը, թէ ցայսօր ալ Պէյրութը կը շարունակէ մնալ Միջին Արեւելքի հայութեան կարեւորագոյն, չըսելու համար ամենէն կարեւոր կեդրոնը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդկային ամբողջ կեանքը ժամանակի մէջ՝ ժամանակով եւ ժամանակաւոր ապրուած ընթացք մըն է։
Ապրուած ժամանակին երկար կամ կարճ ըլլալը այնքան կարեւոր չէ, որքան ժամանակին օգտակար կերպով գործածուած ըլլալը։
Երէկ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ սկսաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով նստաշրջանը։
Ժողովը բացուեցաւ Տէրունական աղօթքով, ապա Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց ԳՀԽ-ի անդամները։
Եթէ իրաւամբ կորսնցուցինք մեծ լուսանկարիչ եւ արուեստագէտ մը՝ բայց նաեւ առիթն ունեցած եմ հանդիպելու Արային եւ նոյնինքն իր արուեստի շունչով լեցուած եւ իր անունը կրող «քաֆէ»ին մէջ:
Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետն ու Սրբազան Պապը արծարծեցին Երուսաղէմի մէջ եկեղեցիներու իրաւունքներուն վերաբերեալ խնդիրներ:
Վատիկանի նախընթաց օրուան հանդիպման ընթացքին օրակարգի վրայ եկան նաեւ Մերձաւոր Արեւելքէ ներս քրիստոնեայ համայնքներու դիմագրաւած հարցերը:
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այսօր յետմիջօրէի ժամերուն Երեւան-Իսթանպուլ ուղիղ թռիչքով կը վերադառնայ քաղաքս։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Հայաստանի Հանրային ռատիոյի ընդհանուր տնօրէն Մարկ Գրիգորեանն ու իր օգնականը՝ Անի Մինասեանը։ Ինչպէս հաղորդած էինք, Մարկ Գրիգորեան եւ Անի Մինասեան շաբաթէ մը ի վեր կը գտնուէին քաղաքիս մէջ։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի Ազգային անվտանգութեան խորհրդական Ճոն Պոլթըն Երեւանի մէջ յայտարարեց. «Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կողմերը պէտք է աշխատին իրարու հետ եւ ի վերջոյ անոնք պէտք է կարողանան գտնել լուծումը»։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
-Տունէն հետդ քանի մը ծրար փոշի պղպեղ բեր, բոլոր տեսակներէն: Քովս միայն մէկ-երկու ծրար քաղցր մնաց, սպառեցան բոլորը: Տես, թէ ի՞նչ ունիս պատրաստ, ծրարուած ուտեստեղէն, անուշեղէն, անոնք ալ բեր: Հա, չմոռցած ըսեմ, որ ննջարանը, դարակին մէջ կոպեկներ կան, պայուսակիդ մէջ դիր. բերածներս վերջացան, պէտք կու գան: Չուշանա՛ս:
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Ամերիկայի մէջ, եւ հաւանաբար ալ այլուր, սովորութիւն դարձած է, որ երկրորդական վարժարաններու ամավերջի հանդէսներուն՝ հրաժեշտի ուղերձը կարդայ դասարանի առաջնութիւնը շահող աշակերտը, որ կը կոչուի Valedictorian։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Թէպէտեւ կան շնորհներու զանազանութիւններ, բայց Հոգին նոյնն է։ Եթէ կան պաշտամունքի զանազանութիւններ, բայց Տէրը նոյնն է։