Արխիւ

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 5, 2018

ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներու պաշտպանութեան նախարարները վերջին օրերուն ժողով մը գումարեցին Պրիւքսելի մէջ։ Երկօրեայ հաւաքին մասնակցեցաւ նաեւ Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 5, 2018

«Էնվալիտ»ներու պալատին մէջ տեղի ունեցաւ փառաշուք սգահանդէս մը Շարլ Ազնաւուրի յիշատակին:
Ներկայ էին Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ հայրապետը, որոնք պահեցին յարգանքի լռութիւն:
Աշխարհահռչակ երգիչի դագաղը, որ ծածկուած էր ֆրանսական եռագոյնով, ուսամբարձ վերաբերուեցաւ ֆրանսացի զինուորներու կողմէ, հնչեցին տուտուկի մեղեդիներ: Կուռ դամբանականներ խօսեցան պետական ղեկավարները յուզումնախառն շեշտով:
Յուղարկաւորութիւնը վաղը պիտի կատարուի Փարիզի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ Մայր տաճարի երդիքին տակ:

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 5, 2018

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ նշանակեց Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանը։
Երկար տասնամեակներէ ի վեր Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակի պաշտօնը կը վարէր այն եպիսկոպոսը, որ կը գտնուէր Փարիզի մէջ։ 

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 5, 2018

Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ ԶԻՊԷՉ-ի նոր շրջանի սկիզբի հաւաքոյթը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ մեծ խանդավառութիւն։ «Պիլէք» հանգստարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ԶԻՊԷՉ-ի տարեմուտի հաւաքը, որուն ներկայ գտնուեցան Հոգաբարձութեան փոխ-ատենապետ Հերման Պալեան, ատենադպիր Մկրտիչ Սերթշիմշէք, Կարպիս Փոլատ, Գատիմ Պիրոս, Գէորգ Ներկիզ եւ Միհրան Օնուր։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 5, 2018

 Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Գիր մը, հնչիւն մը, բառ մը, բառեր, իրերայաջորդ տողեր, միտքեր իրարու ետեւէ սուրացող, քառեակներ ներաշխարհէ մը դուրս սպրդող՝ յոյզեր, յուզումներ ու ցաւեր կը գծագրեն: Պաստառը մերթ սիրոյ որոնումէն յուսալքուած ապրումներ կը ցուցադրէ, մերթ՝ սիրոյ կրքոտ յարաբերութիւն մը, մերթ՝ յոյսով լի տողերով կը գծէ հեռաւոր հայրենիքի լուսաւոր ապագան:

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 5, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Երբ մէկը խնդիր ունի քեզի հետ եւ դատի կը կանչէ քեզ, սկիզբէն համաձայնութեան եկուր անոր հետ՝ դատարան չինկած, այլապէս քեզ դատաւորին կը յանձնէ, դատաւորն ալ՝ ոստիկանին, եւ բանտ կը նետուիս։ Վստահ եղիր թէ բանտէն պիտի չելլես, մինչեւ որ տուգանքիդ վերջին դահեկանը չվճարես», (ՄԱՏԹ. Ե 25-26)։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 5, 2018

Կլենտէյլի դպրոցներէն մէկուն մէջ ծեծկռտուք տեղի ունեցաւ հայ եւ մեքսիկացի աշակերտներուն միջեւ։ Ամերիայի Միացեալ Նահանգներու Գալիֆորնիոյ նահանգէն ներս, հայաշատ Լոս Անճելըսի Կլենտէյլ քաղաքի դպրոցներէն մէկուն մէջ ծագած այս դէպքը ստեղծած է լայն արձագանգ։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 4, 2018

Երեւանի Մատենադարանին մէջ երէկ յատկանշական իրադարձութիւն մը ապրուեցաւ։ Մատենադարանի բարերարներէն իրանահայ բանասէր, գրող, ուսուցիչ, յայտնի հասարակական գործիչ Լեւոն Մինասեանի դուստրը՝ Արմինէ Մինասեան հաստատութեան նուիրեց իր հօր անձնական գրադարանէն հնատիպ արժէքաւոր գիրքեր։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 4, 2018

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը այցելեց «Քարնեկի» հիմնարկի կեդրոնը:
Արմէն Սարգսեան եւ Վարդան Գրիգորեան կը կարեւորեն գիտական, կրթական ու ծրագրերը:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 4, 2018

Մայրաքաղաք Անգարայի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ կառավարութեան նիստ։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս տեղի ունեցած ժողովը գլխաւորեց Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 4, 2018

Ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուր Փարիզի մէջ պիտի յուղարկաւորուի վաղը եւ միւս օր։ «Էնվալիտ»ներու պալատին մէջ վաղը նախատեսուած է փառաշուք սգահանդէս մը, որով հրաժեշտ պիտի տրուի Շարլ Ազնաւուրին, որ 94 տարեկան հասակին աչքերը փակեց կեանքին՝ խոր ցաւ յառաջացնելով ամբողջ աշխարհի մէջ։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 4, 2018

Ներքին քաղաքական տագնապը կը խորանայ՝ որքան ատեն, որ տեղի չունենան ընտրութիւններ:
Նիկոլ Փաշինեան մտադիր է անպայման գործադրել իր վարկածը՝ անկախ միւս կուսակցութիւններու դիրքորոշումէն:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 4, 2018

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան երէկ յետմիջօրէին նախագահեց Խորհրդակցական մարմնի հերթական ժողովին:
Պէյքոզի գումարներու արժեւորման եղանակներուն շուրջ առաջին անգամ պաշտօնապէս տեղեկութիւններ փոխանցուեցան Գումգաբու: Դպրեվանքի խնամակալութիւնը Պատրիարքարանը տեղեակ պահած չէ իրեն հասած վերջին հատուցման շուրջ: Հայկ Ասլանեան, Նշան Քարա եւ Խաչիկ Ճանէլ նուիրատուութիւններ կ՚ընեն՝ Կեդրոնականի Տոլափտերէի տարածքի արժեւորման նպատակով:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 4, 2018

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Համայնքապատկան կալուածներու խնդիրը անպակաս է թրքահայութեան օրակարգէն։ Կար ժամանակ մը, մօտաւոր անցեալին, երբ մեր համայնքը միշտ կը գանգատէր կալուածներու պարագային կատարուած անարդարութիւններէ, իրաւունքի ոտնձգութիւններէ եւ անոնց արժեւորման համար դրուած արգելքներէ։ Ժամանակները փոխուեցան, պետութիւնը տարբեր վերաբերմունք որդեգրեց եւ փոքրամասնութիւններու համար կատարուած բարեփոխումներու ծիրին մէջ համայնքապատկան կալուածներու արժեւորման առջեւ նոր հորիզոն մը բացուեցաւ։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 4, 2018

Անուշ Թրուանց կը տեղեկացնէ Երեւանէն.-

Երէկ, Երեւանի մէջ բացուեցաւ եզակի ցուցահանդէս մը, որ կը վերաբերի ֆրանսահայ անմոռանալի ու մեծանուն ծաղրանկարիչ Ռընէ Հովիւեանի (Հովիւ) թողած մեծ ժառանգութեան։ Հովիւը սփիւռքահայ եզակի արուեստագէտներէն մին էր եւ իր դիտարկումները այնպէս մը կը նկարէր, որ ժամանակի ընթացքին մաս կազմած են հայոց հաւաքական յիշողութեան։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 4, 2018

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

«Ամենօրեայ մեր հացը այսօր եւս մեզի տուր»:
Որոշ մեկնիչներ այս խնդրանքը բացատրած են, որպէս ֆիզիքական՝ նիւթական հացի խնդրանք, սակայն անոնք չարաչար կը սխալին, որովհետեւ Ան, որ սորվեցուց մեզի չմտահոգուիլ մեր ուտելիքին, խմելիքին ու հագուելիքին մասին՝ ըսելով, թէ՝ «Մի՛ մտահոգուիք ձեր կեանքին համար, թէ ի՛նչ պիտի ուտէք կամ խմէք, ո՛չ ալ մտահոգուեցէք ձեր մարմինին համար, թէ ի՛նչ պիտի հագնիք։ Չէ՞ որ կեանքը աւելի կարեւոր է քան կերակուրը, եւ մարմինը աւելի կարեւոր է քան հագուստը։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 4, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Կեանքի մէջ կան այնպիսի շինարար՝ անայլայլելի եւ մշտնջենաւոր սկզբունքներ, որոնք կեանքը կը դիւրացնեն եւ անոր ընթացքը կ՚որոշեն։
Զոր օրինակ, ուրիշի մը հետ վարուիլ այնպէս՝ ի՛նչպէս որ կ՚ուզես վարուին քեզի հետ։ Այս կը նշանակէ՝ հասկնալ ուրիշին զգացումները, մտածումները եւ համեմատել զանոնք իր զգացումներուն, իր մտածումներուն հետ, եւ ըստ այնմ վարուիլ կամ շարժիլ ուրիշներու նկատմամբ։ 

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 3, 2018

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ հիւրընկալեց Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Շանթ Չաքմաքճըն եւ իր գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Մինաս Ա. Քհնյ. Ճիհանկիւլեան։ Խումբին միացած էր նաեւ թաղի պատուոյ ատենապետուհին՝ համայնքային յայտնի բարերարուհի Մոնիք Երկանեան։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 3, 2018

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Իսթանպուլի մօտ Եթովպիոյ աւագ հիւպատոս Ուոնտիմու Կեպրեմիքայէլը։
Ինչպէս ծանօթ է, քաղաքիս մէջ գոյութիւն ունի եթովպացի համայնք մը, որու հաւատացեալները՝ իբրեւ Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու խումբի անդամ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ դաւանակիցներու շարքին կը դասուին։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 3, 2018

Աշխատասիրեց՝ ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

Չորրորդ Աւետարանը՝ ինչպէս նաեւ համատեսական աւետարանները, անանուն են, այսինքն, աւետարանիչը իր անունը չէ արձանագրած գրութեանը մէջ։ «Ըստ Յովհաննէսի»ն, յետագային տրուած անուն մըն է՝ երբ աւետարանները սկսան շրջաբերիլ որպէս մէկ ամբողջութիւն՝ զատորոշելու համար միւս աւետարաններէն։

Էջեր