Արխիւ
Պատրիարքական Աթոռի շուրջ ստեղծուած առկայ բարդ կացութեան պայմաններուն ներքեւ այս առաւօտ Գումգաբուի մէջ տեղի ունեցաւ Կրօնական ժողովի անդամներուն հաւաքը։ Պաշտօնական նիստէ մը աւելի, անպաշտօն հաւաքոյթի մը ձեւաչափին մէջ, նախաճաշի սեղանի շուրջ կազմակերպուած հանդիպում մըն էր այս մէկը։
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ խորհրդակցութիւն մը ունեցան Ս. Փ. Ազգային հիւանդանոցի մէջ, Պետրոս Շիրինօղլուի մասնակցութեամբ:
Պատրիարքական Աթոռին շուրջ ստեղծուած տագնապի յաղթահարման ուղղութեամբ համայնքէն ներս որոնումները կը շարունակուին զանազան հարթութիւններու վրայ:
Ամերիկաբնակ նկարիչ, մասնագիտութեամբ ճարտարապետ Միքայէլ Ճիհանեանի «Վերածնունդ» խորագրեալ ցուցահանդէսին ներկայացուած էին տարիներու ընթացքին ստեղծուած 106 իւղաներկ եւ 177 գծանկար աշխատանքներ։ Կտաւներուն մէջ կարելի էր տեսնել վախ, զարմանք, ուրախութիւն, ցասում, սէր, յաղթանակ, ատելութիւն եւ այլ յոյզեր արտայայտող խճճուած, բայց պարզ պատկերներ։
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու դէպի Թեհրան կատարած պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս ընդունուեցաւ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի կողմէ։ Կը հաղորդուի, որ զրոյցի ընթացքին քննարկուեցան Սուրիոյ ընդհանուր իրադրութեան եւ Թուրք զինեալ ուժերուն կողմէ ձեռնարկուած «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւններուն վերաբերեալ մանրամասնութիւններ։
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները հերթական անգամ կ՚այցելեն Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տարածքաշրջան:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան. «Ատրպէյճան խճճուած է իր իսկ յօրինած կեղծիքներու սարդոստայնին մէջ»:
Պատրիարքական Աթոռին շուրջ վերջին իրադարձութիւնները դարձեալ լայն արձագանգ գտած են Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ շրջանակներէն ներս։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինն ալ անմիջական ուշադրութեամբ կը հետեւի ամբողջ անցուդարձին։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ մեծ շուքով նշեց Սրբոց Վարդանանց յիշատակի տօնը:
Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը արժեւորեց Հայաստանի առաջին հանրապետութեան 100-ամեայ յոբելեանը:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի Կիւմրիին նուիրած գումարով կը վերանորոգուի Ասլամազեան քոյրերու պատկերասրահը: Այս պահուն ընթացքի մէջ են նախահաշուային ծրարի կազմման աշխատանքները:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան այս առաւօտ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու երէկուան հաւաքոյթէն վերջ յայտնեց, որ ամէն հաւաքականութեան մէջ կը պատահին լարուածութիւններ, սակայն մեր համայնքէն ներս պէտք չէ ըլլան քինախնդրութիւն եւ բեւեռացումներ։
Ներքին գործոց նախարարը երէկ կէսօր Չրաղանի պալատին մէջ ճաշասեղանի շուրջ երկուքուկէս ժամ խորհրդակցեցաւ մեր համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ:
Պաշտօնագրի վերահաստատում:
Սիւլէյման Սոյլու խորհուրդ տուաւ չշեղիլ աւանդական ճանապարհէն:
Տասնեօթ հոգիէ բաղկացեալ ազգայիններու խումբը ընդգծեց, որ Պատրիարքական Աթոռը անյապաղ ձեւով նոր գահակալով մը օժտելու համար անհրաժեշտ է ձեռնարկել ընտրութեան:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Իսթանպուլի կուսակալութենէն Գումգաբու հասած վերջին ծանօթ պաշտօնագիրը կը շարունակէ բնորոշել մեր համայնքին օրակարգը։ Այս գրութիւնը մէկ կողմէ կը յստակացնէ պետութեան վերաբերմունքը, իսկ միւս կողմէ կարգ մը նոր մարտահրաւէրներ կը ստեղծէ մեր համայնքին տեսակէտէ։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանի մէջ, վերջին օրերուն կը գտնուէր Միշիկընի համալսարանէն Փրոֆ. Գէորգ Պարտաքճեան, որ հայրենիքի մէջ մասնակցեցաւ իր նոր հրատարակուած գիրքի շնորհանդէսին: «Պատմաբանասիրական յօդուածներ» խորագրով այս ժողովածոն ներկայացուեցաւ Գէորգ Պարտաքճեանի ծննդեան 75-ամեակին նուիրուած նիստին ընթացքին, որ կազմակերպուած էր Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ կողմէ, յոբելեանական ձեռնարկն ու շնորհանդէսը եւս տեղի ունեցան նոյն ակադեմիոյ նախագահութեան նիստերու դահլիճին մէջ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վարդանանց ճակատամարտը մեր պատմութեան ամենէն շատ քննարկուած եւ ուսումնասիրուած ճակատամարտներէն մէկն է, որու մասին թեր ու դէմ կարծիքներ արտայայտուած են ուսումնասիրողներու եւ ընդհանրապէս հայ հասարակութեան կողմէ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդկային ընդհանուր կեանքը ո՛չ մէկ իմաստ, ո՛չ մէկ արժէք կ՚ունենար եթէ անոր պակսի հաւատք տեսիլք եւ ոգի՛։ Պատմութեան մէջ անջնջելի՛ կը մնան այն անձերը՝ որոնք մեծագործութիւններ են կատարած եւ այն դէպքերը՝ որոնք քաջագործութիւններ են իր իսկակա՛ն իմաստով։
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ Բարեկենդանի խրախճանք մը, որու առթիւ ստեղծուեցաւ մեծ ոգեւորութիւն։
Սամաթիոյ պատուակալ նախագահ Մելքոն Քարաքէօսէ երէկուան հաւաքոյթէն վերջ ըսաւ. «Մեր Պատրիարքական Աթոռը 557 տարուան հաստատութիւն մըն է։ Այս ընթացքին ունեցած է 84 գահակալ։
Թուրք զինեալ ուժերը Սուրիոյ հիւսիսին կը շարունակեն «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւնները։ Ցայսօր ոչնչացուած ահաբեկիչներու թիւը արդէն հասած է հազարի սահմանը։
Համայնքի ուշադրութիւնը կեդրոնացած՝ Սոյլուի եւ աշխարհական վարիչներու տեսակցութեան վրայ:
Իսթանպուլի կուսակալութեան կողմէ Պատրիարքարան հասած պաշտօնական նամակը կ՚արժեւորուի փութով:
Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ տիկնանց կազմին նախաձեռնութեամբ երէկ Եշիլգիւղի «Լը Շաթօ-էր» ճաշարանին մէջ սարքուեցաւ սեղան մը։