Արխիւ
Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ դպրաց դասու հիմնադրութեան 315-րդ եւ Սահակեան երգչախումբի կազմութեան 80-րդ կրկնակ տարեդարձներուն առթիւ յատուկ ձեռնարկ մը:
Խմբավար Սեւան Ակօշեանի մականին ներքեւ, երէկ երեկոյեան յոբելենական համերգ մը տեղի ունեցաւ Պաքըրգիւղի «Լէյլա Կենճէր» օփերայի եւ գեղարուեստի կեդրոնին մէջ:
Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս երէկուան կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական արարողութիւնները փայլուն անցան:
Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանին ի նպաստ կազմակերպուած հանգանակութիւնը նոր հորիզոններ կ՚ուրուագծէ այս կրթօճախի ապագայ գործունէութեան առջեւ:
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան շաաթավերջը անցուց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ։ Նորին սրբազնութեան դարմանումը շարունակուեցաւ՝ որպէսզի ան կարենայ յաղթահարել սաստիկ պաղառութեան հետեւանքները։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Պաշտպանութեան նախարար Ճիմ Մաթիս յայտարարեց, որ Ուաշինկթըն ԵՓԿ-ն պիտի խրախուսէ՝ որպէս ոստիկանական զօրք։
«CNN Türk»ի հաղորդումներով, Ճիմ Մաթիս ներկայիս հնգօրեայ շրջագայութեան մը ձեռնարկած է դէպի Մերձաւոր Արեւելքի տարածքաշրջանի երկիրներէն Եգիպտոս, Յորդանան, Քուէյթ եւ Փաքիստան։
Հանրապետութեան նախագահը Աղրըի մէջ խօսեցաւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու մասին:
Էրտողան շաբաթավերջին խիստ ոճով մը յայտնեց, որ կը կորսնցնեն անոնք, որոնք թշնամութիւն կը տածեն Թուրքիոյ դէմ:
Հայաստանի «Ֆոթոլուր» գործակալութիւնը այս շրջանին կը նշէ իր հիմնադրութեան 15-ամեակը։ Ինչպէս հաղորդած էինք, այս յոբելեանը շաբաթավերջին Երեւանի մէջ նշուեցաւ մասնաւոր ցուցահանդէսով մը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հայաստանի Պետական բժշկական համալսարանէն շրջանաւարտ Տքթ. Ռաֆֆի Փոլատեան լիբանանահայ գեղձաբան է: Ան բացի իր մասնագիտական գործունէութենէն, նաեւ կը տանի համայնքային գործունէութիւն եւ որպէս բժիշկ հանդէս կու գայ ձայնասփիւռային յատուկ յայտագրերով:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչական բաժինը լոյս ընծայեց «Արարատի բնագիրները» գիրքի երկրորդ հատորը։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ լոյս տեսած այս գործը հրատարակութեան պատրաս-տած է Սուսաննա Նահապետեան։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սուրբ Թովմաս Աքուինաս, 26 երկա՜ր տարիներ աշխատած է իր «Summa Theologiae» երկը գրելու համար եւ մեռած է զայն լրացնելէ առաջ։ Ուստի գրելը կը կարօտի ուսումնասիրութեան, լուրջ աշխատութեան եւ զոհողութեա՛ն։
ՎԱՐԱԳ Ա. ՔՀՆՅ. ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ
Այս Շաբաթ, մեր եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն, տօնն է հայ եկեղեցւոյ հիմնադիրներու եւ հայոց առաջին Լուսաւորիչներու՝ Թադէոս եւ Բարթողիմէոս առաքեալներուն։
Արդարեւ, Քրիստոսի համբարձումէն ետք, Հայաստան աշխարհը պատիւը ունեցած է քարոզութեան վայր ըլլալու Քրիստոսի երկու առաքեալներու՝ Թադէոս եւ Բարթողիմէոսի, որոնց դամբարանները իբրեւ վաւերական վկաներ, կը մնան սրբազան ուխտատեղիները Հայաստան աշխարհին մէջ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նոյեմբեր ամսոյն վերջին կամ Դեկտեմբերի սկիզբը Հայ Առաքելական Եկեղեցին կը նշէ Սրբոց Թադէոս եւ Բարթողոմէոս առաքեալներու տօնը։ Այս տարի տօնը կը հանդիպի 2 Դեկտեմբեր, Շաբաթ օրուան։
Հայրապետական պատգամ՝ Մերձաւոր Արեւելքի հայութեան դժուարութիւններու մթնոլորտին մէջ:
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոս. «Սփիւռքը կ՚ապրի ազգային եւ հայրենասիրական զգացումներով»:
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Ինքզինք թերագնահատելը եւ անկարող համարելու թերարժէքութեան բարդոյթը որքան արտաքուստ աշխարհին հետ կապուած ըլլան, այնքան ալ ի ներքուստ արմատաւորուած համոզումներ են։ Արտաքին աշխարհի մէջ է, որ դուն քեզ կը դրսեւորես, սակայն նախքան դրսեւորելդ՝ այդ համոզումը քու ներսիդիդ հաստատուած պէտք է ըլլայ։
Լոյս տեսաւ համանուն համալսարանի «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»ի 37-րդ հատորը
Հաւաքոյթի ընթացքին երախտագիտութեամբ վերյիշուեցաւ նորոգ հանգուցեալ բազմամեայ խմբագիր Հ. Անդրանիկ Կռանեան
Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Պատմութեան մէջ անշուշտ նորութիւն չէ երկրի մը ազգային հերոսին հեղինակազրկումը, նոյնիսկ՝ վարկաբեկումը: Դէպքերու արագընթաց այս ժամանակաշրջանին մէջ, երբ արժէքներու տապալումի ականատես կ՚ըլլանք, որեւէ սրբութիւն երկվայրկեանի մը մէջ կարելի է նսեմացնել:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Այն ինչ որ կը կատարուի Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն մէջ, բազմաթիւ հարցադրումներու դուռ կը բանայ:
Խօսքը բնկանաբար այդ շրջաններուն մէջ գործող քրտական խմբաւորումներուն մասին է, որոնք այսօր կանգնած են բաւական բարդ փուլի մը առջեւ:
Մոսկուայի Զարդական-կիրառական եւ ժողովրդական արուեստի համառուսաստանեան թանգարանի նախաձեռնած «15-րդ գիտական ընթերցումներ նուիրուած՝ Վիքթոր Վասիլենքոյի յիշատակին» միջազգային գիտագործնական խորհրդաժողովին մասնակցած է նաեւ Հայաստանի «Պատմամշակութային արգելոց թանգարաններու եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան ծառայութիւն ՊՈԱԿ»ի գիտահետազօտական բաժնի վարիչ Կարինէ Բազէեան։
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ շփումներ ունեցաւ Պաքուի մէջ։ Ան մասնակցեցաւ Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարարներու եռակողմանի ժողովին։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքէլի հետ։ Կը հաղորդուի, որ երկու ղեկավարները անդրադարձան երկկողմանի յարաբերութիւններու ընթացքին։
Երեւանի մէջ այսօր կը նշուի «Ֆոթոլուր» գործակալութեան հիմնադրութեան 15-ամեակը։ Սա յատկանշական յոբելեան մըն է հայկական զանգուածային լրատուութեան աշխարհին տեսակէտէ։