Արխիւ

Երկուշաբթի, Յունիս 12, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդկային արժանապատուութիւնը վիրաւորող վատ զգացում մըն է նախանձը։ Արդարեւ, ո՛չինչ այնքան կը պզտիկցնէ մեծերը, որքան ստորադասներու հանդէպ անոնց տուած նախանձի տգեղ ու վատ զգացումը, ինչպէս նաեւ՝ ուրիշներուն փորձառութիւնը, գիտութիւնը, կարողութիւնը եւ յաջողութիւնը մանրադիտակով տեսնելու՝ ստորագնահատելու տկարութիւնը։

Երկուշաբթի, Յունիս 12, 2017

​Աշխարհի ամենաերկար zip line-ը Հայաստանի Ենոքաւանի «Yell Extreme Park»ի մէջ շահագործման պիտի յանձնուի այս ամառ: «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ այս մասին լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է «Yell Extreme Park» նախագծի հեղինակ, համահիմնադիր Տիգրան Չիբուխճեան:

Շաբաթ, Յունիս 10, 2017

Արցախը հանդէս կու գայ արկածային զբօսաշրջութեան նոր հնարաւորութիւններով:

Շաբաթ, Յունիս 10, 2017

Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան վերջերս այցելեց Արժանթին։ Բացի տեղւոյն հայութեան հետ բազմակողմանի շփումներ ունենալէ, Պուէնոս Այրէսի մէջ ան տեսակցեցաւ Արժանթինի Մարդու իրաւանց ու մշակութային բազմազանութեան պետական քարտուղար Քլաուտիօ Աւրուխի հետ։

Շաբաթ, Յունիս 10, 2017

Հայաստան-Իտալիա նորաստեղծ միջկառավարական յանձնաժողովի նիստը պսակուեցաւ յաջողութեամբ:
Ըստ Եդուարդ Նալպանտեանի, լաւ հարթակ մը ստեղծուած է երկկողմանի համագործակցութեան խորացման համար:

Շաբաթ, Յունիս 10, 2017

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները ուղիներ կ՚որոնեն վստահութեան ամրապնդման համար:
Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման լոյսին տակ քննարկումներ:

Շաբաթ, Յունիս 10, 2017

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Լիբանանահայ համայնքէն ներս շատերուն յայտնի է Արամ Մալեանի անունը: Ան իր ազգային-հասարակական գործունէութեան սկսած է տարիներ առաջ եւ ներկայիս անդամ է մայրաքաղաք Պէյրութի քաղաքապետական խորհուրդին: 2016-ին Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած Տեղական ինքնակառավարման մարմնի (ՏԻՄ) ընտրութիւններուն Մալեան ներկայացնելով՝ Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութիւնը (ՍԴՀԿ), անդամ դարձած է քաղաքապետական խորհուրդին:

Շաբաթ, Յունիս 10, 2017

Մխիթարեան վարժարանը տուն դարձաւ մանկապարտէզի դասարաններու տարեվերջի հանդէսին, որ տեղի ունեցաւ դպրոցի հանդիսասրահին մէջ, ներկայութեամբ Մխիթարեան հայրերու՝ Մագ. Հ. Սարգիս Ծ. Վրդ. Էրմէնի եւ Հ. Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեանի, Մատակարար մարմնի ատենապետ եւ անդամներու, վարժարանի տնօրէնութեան, ուսուցչաց կազմին եւ ծնողներու:

Շաբաթ, Յունիս 10, 2017

Երէկ երեկոյեան Գումգաբուի Պէզճեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի այս տարուան շրջանաւարտներուն հրաժեշտի հանդիսութիւնը։ Աննպաստ եղանակին հետեւանքով Գումգաբուի մէջ տեղի ունեցաւ այս հաւաքոյթը, այլապէս այդ մէկը նախատեսուած էր Ֆէրիգիւղի եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ բացօթեայ ձեւաչափով։

Շաբաթ, Յունիս 10, 2017

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու «Ֆերահեան» հայկական վարժարանի 11-րդ դասարանի աշակերտներուն հետ։ Քառասուն հոգիէ բաղկացեալ այս աշակերտական խումբը հիւրընկալելու ժամանակ Վեհափառ Հայրապետը գոհունակութեամբ նշեց, որ Սփիւռքի մէջ գործող զանազան հայկական վարժարաններու աւարտական դասարաններու աշակերտներուն այցելութիւնը դէպի Հայաստան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին դարձած է գեղեցիկ աւանդութիւն մը։

Շաբաթ, Յունիս 10, 2017

​​Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

Համբերութեամբ եւ խաղաղ ապրելու ձգտումը շատերու կողմէ ցանկալի երեւոյթ մըն է։ Մարդկային յարաբերական եւ ընկերային կեանքին մէջ իրարու նկատմամբ հանդուրժողութիւնը, փոխհասկացողութիւնն ու զիջողութիւնը իրենց իբրեւ արմատ ունին համբերութիւնը, զոր նկատուած է կորիզը ընկերութեան։

Շաբաթ, Յունիս 10, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Լոյսը կեա՛նք է, լոյսը աշխարհի ստեղծագործութեան առաջին քա՛յլն է, լոյսը ամէն ինչ է կեանքի համար, կեանքին գոյապահպանման եւ գոյատեւմա՛ն համար։
Երբ խօսքը «լոյս»ի մասին է, այսօր կ՚ուզենք մեր սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներուն ներկայացնել սիրելի բարեկամ Տքթ. Վարդ Շիկահերի մէկ յօդուածը, որուն խորագիրը առինք որպէս վերնագիր։ 

Ուրբաթ, Յունիս 9, 2017

Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն վարժարանին մէջ շրջանաւարտութեան հանդէսը վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Հ. Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան, Հ. Աբրահամ Ծ. Վրդ. Ֆրատեան, վարժարանի մատակարար մարմնի ատենապետ Տիգրան Էօզկիւլ եւ իր ընկերները եւ բազմաթիւ հիւրեր, ծնողներ, հաստատութեան համակիրներ։

Ուրբաթ, Յունիս 9, 2017

​2016-2017 կրթական շրջանի վերջին շաբաթը Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ բնորոշուեցաւ արտասովոր խանդավառութեամբ։ Այս ամբողջին մէջ մասնաւորապէս կազմակերպուած երգի եւ պարի երեկոյթը առանձնացաւ՝ թէ՛ իր ճոխ յայտագրով եւ թէ աշակերտներու կողմէ տարուած ստեղծագործական աշխատանքի փայլուն արդիւնքով։

Ուրբաթ, Յունիս 9, 2017

​Երէկ երեկոյեան Էսաեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ թատերական ներկայացում մը։ Այսպէս, վարժարանի լիսէի բաժնի թատրոնի խմբակը ներկայացուց «Ահ շու կենչլէր» զաւեշտը, որու հեղինակն է Թուրկուտ Էօզաքման։

Ուրբաթ, Յունիս 9, 2017

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

2016-17 դպրոցական տարեշրջանը իր աւարտին հասած ըլլալով, շրջանաւարտից դասարաններու վկայականաց բաշխման հանդէսները ամէնուրեք են։ 

Ուրբաթ, Յունիս 9, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ազատութիւնը բանաւորութեան բնական մէկ հետեւանքն է՝ մարդ ազա՛տ է, քանի որ ան բանաւոր էակ մըն է, օժտուած է՝ իր իսկ որոշումներով ընթացք տալու կեանքին եւ իր կեանքը վարելու կարողութեամբ, օժտուած է իր իսկ ճակատագիրը ծրագրելու զօրութեամբ։ Եւ ահաւասի՛կ, մարդը «մա՛րդ» ընող, իր արժանապատուութիւնը պահպանող կարեւոր ազդակ մըն է ասիկա։ Ազատ ըլլալ կը նշանակէ միտքով եւ հոգիով՝ մտածումներով եւ զգացումներով անկա՛խ ըլլալ։

Ուրբաթ, Յունիս 9, 2017

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան կը տեղեկացնէ Երեւանէն.-

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի հրաւէրին ընդառաջ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան մասնակցեցաւ ԵՆԺ-ին:
Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ կազմակերպուած քառօրեայ 6-րդ նստաշրջանը եզրափակուեցաւ՝ կարեւոր աշխատանք ծաւալած ըլլալով Հայ եկեղեցւոյ առկայ վարչական խնդիրներու յաղթահարման ճանապարհին:

Ուրբաթ, Յունիս 9, 2017

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները այս շաբաթավերջին հերթական անգամ կ՚այցելեն Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տարածքաշրջան:
Ըստ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրովի, պէտք է յաղթահարուին այն փոքր, սակայն լուրջ մանրամասնութիւնները, որոնց շուրջ տակաւին համաձայնութիւն չէ գոյացած:

Հինգշաբթի, Յունիս 8, 2017

Երեւանի մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ «Միսս ԱՊՀ» գեղեցկութեան միջազգային մրցոյթը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, 18-25 տարեկան 24 գեղեցկուհիներ մասնակցեցան այս մրցոյթին։

Էջեր