Արխիւ

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 5, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

​Տիե­զեր­քի բո­լոր ա­րա­րած­նե­րուն մէջ միա՛յն մարդն է որ կը բնո­րո­շուի «Աս­տուա­ծա­յի­նին զգա­ցու­մով»ը։ Աս­տուած­ճա­նա­չու­թիւն եւ կրօն­քի զգա­ցում՝ մար­դուն միայն յա­տուկ հո­գե­վի­ճակ մըն է։ Ար­դա­րեւ մարդ­կա­յին հո­գին, որ­քան ալ տա­րուի երկ­րա­ւոր վա­յելք­նե­րու հրա­պոյ­րէն, ի վեր­ջոյ չի կրնար գե­րին դառ­նալ ու մնալ ա­նոնց եւ չի թո­ղուր, որ վերջ­նա­կա­նա­պէս տի­րա­պե­տեն իր վրայ։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 4, 2017

Շիշլիի նախկին քաղաքապետը կը տեւականացնէ իր անմիջական շփումը համայնքային շրջանակներուն հետ:
Մուսթաֆա Սարըկիւլի տանտիրութեամբ երէկ պահքի սեղան մը սարքուեցաւ Մաչքայի «Պորսա» ճաշարանին մէջ:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 4, 2017

Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան եւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ հանդիպում մը ունեցան Պատրիարքարանի երդիքին տակ: Շուրջ երեք ժամ տեւեցին զանազան ձեւաչափերով քննարկումները, որոնց մասնակցեցան նաեւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, Պետրոս Շիրինօղլու, Թորոս Ալճան եւ Սեպուհ Ասլանկիլ:
Ընտրեալ-տեղապահը երէկ երեկոյեան Մայր եկեղեցւոյ խորհրդարանին մէջ զրուցեց մամլոյ ներկայացուցիչներու եւ իր խումբ մը համախոհներուն հետ

Երեքշաբթի, Ապրիլ 4, 2017

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեա­նի եւ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի մի­ջեւ ե­րէկ սկսաւ կա­րե­ւոր երկ­խօ­սու­թիւն մը։ Ե­կե­ղե­ցա­կան հա­մա­գու­մա­րէն ի վեր ան­ցած ժա­մա­նա­կա­հա­տուա­ծին տե­ղի ու­նե­ցան բազ­մա­թիւ բարդ ի­րա­դար­ձու­թիւն­ներ, յայ­տա­րա­րուե­ցան ի­րե­րա­մերժ դիր­քեր ու կա­տա­րուե­ցան հա­կա­դիր յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 4, 2017

Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Վեր­ջերս՝ «Գա­ֆէս­ճեա­ն» ա­րուես­տի կեդ­րո­նին մէջ բա­ցուե­ցաւ «Գա­ֆէս­ճեա­ն­»ի այս տա­րուան ա­ռա­ջին ցու­ցադ­րու­թիւ­նը՝ «Բազ­մա­չափ Ռու­տոլֆ Խա­չատ­րեա­նը» խո­րագ­րով, որ նուի­րուած է մե­ծա­նուն հայ ա­րուես­տա­գէտ՝ Ռու­տոլֆ Խա­չատ­րեա­նի 80-ա­մեայ յո­բե­լեա­նին: Ցու­ցաս­րա­հին մէջ գրե­թէ ա­մէն օր հիւ­րե­րը սի­րով կ­­՚ըն­դու­նի եւ ցու­ցադ­րու­թեան կ­­՚ու­ղեկ­ցի կեան­քէն հե­ռա­ցած ա­րուես­տա­գէ­տին դուստ­րը՝ կրկին գե­ղան­կար­չու­հի՝ Մո­կօ Խա­չատ­րեա­ն:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 4, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

​Մար­դիկ միշտ պատ­րաստ են գո­վել եւ պա­տուի­րել բարձր ա­ռա­քի­նու­թիւն­ներ։ Ար­դա­րեւ, հին շրջա­նի փի­լի­սո­փա­ներ գրած են ճա­ռեր՝ ո­րոնց­մով կը պա­հան­ջեն ի­րենց եւ ի­րենց քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն վրայ տես­նուա­ծէն եւ կար­ծուա­ծէն շատ ա­ւե­լի ազ­նուա­կան ա­ռա­քի­նու­թիւն­ներ

Երեքշաբթի, Ապրիլ 4, 2017

Վար­շա­ւիոյ Կար­տի­նալ Սթե­ֆան Վի­շինս­քիի ա­նուան հա­մալ­սա­րա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ «Հա­յ-­կա­կան սփիւռ­քի ա­րուես­տը» խո­րագ­րով մի­ջազ­գա­յին գի­տա­ժո­ղով մը, որ ի­րա­կա­նա­ցաւ Հա­յաս­տա­նի եւ Լե­հաս­տա­նի մի­ջեւ դի­ւա­նա­գի­տա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու հաս­տատ­ման 25-ա­մեա­կի եւ Լե­հաս­տա­նի հայ հա­մայն­քի կազ­մա­ւոր­ման 650-ա­մեա­կի ձեռ­նարկ­նե­րու ծի­րէն ներս:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 4, 2017

Ստե­փա­նա­կեր­տի ԹՈՒ­ՄՕ ստեղ­ծա­րար ճար­տա­րա­գի­տու­թիւն­նե­րու կեդ­րո­նին մէջ «Esquire» թեր­թի Ռու­սաս­տա­նի նախ­կին պա­տաս­խա­նա­տու-խմբա­գիր, ԹՈՒ­ՄՕ-ի դա­սըն­թա­ցա­վար Գրի­գոր Ա­թա­նէ­սեան՝ լրագ­րու­թեան մա­սին հան­դէս ե­կած է հան­րա­յին դա­սա­խօ­սու­թեամբ:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 4, 2017

Հա­յաս­տա­նի մէջ 2017 թուա­կա­նի Յու­նուար-Փետ­րուար ա­միս­նե­րուն նա­խորդ տա­րուան նոյն ժա­մա­նա­կա­հա­տուա­ծի հա­մե­մատ գոր­գե­րու եւ գոր­գե­ղէ­նի ար­տադ­րու­թեան ծա­ւա­լը ա­ճած է 60 տո­կո­սով:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 4, 2017

Գա­նա­տա­ցի ե­րաժշ­տա­հան Ռոն Հան­նահ օ­փե­րայ գրած է Սուրբ Գրի­գոր Լու­սա­ւոր­չի մա­սին։
Բե­մադ­րու­թիւ­նը ի­րա­կա­նաց­նե­լու նպա­տա­կով, Մշա­կու­թա­յին կրթու­թեան ա­ջակ­ցու­թեան հիմ­նադ­րա­մի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, հե­ղի­նակ­նե­րը եւ խմբա­վար Յա­րու­թիւն Ար­զու­մա­նեան լսում­ներ ի­րա­կա­նա­ցու­ցած են Հա­յաս­տա­նի մար­զե­րու եւ Ե­րե­ւա­նի ե­րաժշ­տա­կան, ա­րուես­տի դպրոց­նե­րու եւ այլ ու­սում­նա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու մէջ:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 4, 2017

Հա­մայն աշ­խարհ ե­րէկ ցնցուե­ցաւ Սեն Փե­թերս­պուր­կէն հա­սած լու­րե­րով։ Քա­ղա­քի մեթ­րո­յին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ պայ­թում մը, ո­րուն զոհ գնաց տասն­մէկ հո­գի։ Քա­ռա­սուն հո­գի ալ վի­րա­ւո­րուե­ցաւ։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 4, 2017

Շըր­նա­քի մէջ այս ա­ռա­ւօտ նա­հա­տա­կուե­ցան ե­րեք զի­նուոր­ներ։ NTV-ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Կա­պար լե­րան մեր­ձա­կայ­քին անվ­տան­գու­թեան ու­ժե­րը գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ կ՚ի­րա­կա­նաց­նէին ան­ջա­տո­ղա­կան ա­հա­բեկ­չա­կան ՓՔՔ կազ­մա­կեր­պու­թեան դէմ։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 4, 2017

Եւրոպական Միութեան յայտարարութիւն. «Ընտրութիւններու արդիւնքը կը ցոլացնէ Հայաստանի ժողովուրդին կամքը»:
Նախագահ Սարգսեանի համոզմամբ, կիսանախագահական կառավարման համակարգէն դէպի խորհրդարանական ուղղուելու Սահմանադրական բարեփոխման զուգահեռ՝ ամուր գետին մը ստեղծուած է եւ երկիրը կ՚ընթանայ ճիշդ ճանապարհով, վերահսկելիութեան գլխաւոր նախադրեալներով:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 3, 2017

Türkiye Ermeni toplumu olarak buh­ranlı bir dönemden geçmekteyiz. So­run­larımızın çözümü cemaatimiz içerisinde bir konsensüs oluşturmaktan geçmesine rağmen, her adımda birliktelik bilincinden, beraberlik ruhundan uzaklaşmaktayız. Toplumumuzun genel görüntüsü şu anda ibretlik bir tablo arz etmektedir.

Երկուշաբթի, Ապրիլ 3, 2017

Պետրոս Շիրինօղլու հրապարակաւ հրաժարելու կը հրաւիրէ Տ. Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պեքճեանը:
Ընտրեալ-տեղապահը երէկ յետմիջօրէին ժամանեց քաղաքս, սակայն չգնաց Պատրիարքարան: Այսօր՝ Գումգաբուի մէջ կարեւոր ժամադրութիւն: Համայնքային շրջանակները ուշադրութեամբ կը հետեւին իրադարձութիւններուն:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 3, 2017

Հայաստանի 6-րդ գումարման Ազգային ժողովի կազմը ձեւաւորուեցաւ երէկուան քուէարկութեամբ:
Սերժ Սարգսեանի կողմէ գլխաւորուած ՀՀԿ-ն ստացաւ ձայներու աւելի քան 49 տոկոսը: Խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքով նուազագոյն պատնէշը յաղթահարեց եւս երեք կուսակցութիւն:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 3, 2017

Պատ­րիար­քա­կան Ընտ­րեալ-տե­ղա­պահ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան ե­րէկ յետ­մի­ջօ­րէին Գեր­մա­նիա­յէն ժա­մա­նեց քա­ղաքս։ Ան դի­մա­ւո­րուե­ցաւ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեա­նի եւ ի­րեն հա­մա­խոհ խումբ մը ազ­գա­յին­նե­րու կող­մէ։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 3, 2017

Բան­կալ­թիի Nostalji գրա­խա­նութ-սրճա­րա­նին մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցաւ շնոր­հան­դէս մը։ Այս­պէս, գրա­սէր­նե­րուն ծա­նօ­թա­ցուե­ցաւ «Կա­նայք միշտ կա­յին. Թուր­քիոյ ձա­խէն կա­նա­նց դի­ման­կար­ներ» ա­նուն գիր­քը, որ լոյս տե­սած է «Տիփ­նոթ» հրա­տա­րակ­չա­տու­նէն։ Գոր­ծը հրա­տա­րա­կու­թեան պատ­րաս­տած է Ֆե­րեալ Սայ­կը­լը­կիլ, որ Շա­բաթ օ­րուան գի­նե­ձօ­նի հա­ւա­քոյ­թին հա­ղոր­դա­վարն էր միեւ­նոյն ժա­մա­նակ։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 3, 2017

ՆԱ­ՐԷ ԳԱ­ԼԵՄ­ՔԷ­ՐԵԱՆ

Ճար­տա­րա­գի­տա­կան ար­հես­տա­գի­տու­թիւն­նե­րու աս­պա­րէ­զին մէջ այ­լեւս ա­մէն օր նո­րու­թիւն­ներ, նոր գիւ­տեր կան, ո­րոնք կու գան շատ յա­ճախ բա­րե­լա­ւե­լու, դիւ­րաց­նե­լու մարդ­կու­թեան կեն­ցա­ղը, աշ­խա­տան­քը, նոյ­նիսկ՝ մտա­ծե­լու ե­ղա­նա­կը: Ճար­տա­րա­գի­տա­կան նո­րու­թիւն­նե­րու հետ քայլ պա­հե­լը գլխապ­տոյտ պատ­ճա­ռող հեւք մըն է, որ կրնայ նաեւ ան­հա­տին եւ հա­ւա­քա­կա­նու­թեան նկա­րա­գի­րը խա­թա­րել:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 3, 2017

ՇՈՒ­ՇԻԿ ՄԱ­ՒԻ­ՍԱ­ԳԱ­ԼԵԱՆ

94 տա­րի ա­ռաջ Մար­տի 23-ին Մոս­կուա­յի մէջ մա­հա­ցաւ Ա­մե­նայն Հա­յոց բա­նաս­տեղծ Յով­հան­նէս Թու­մա­նեա­նը:
1953-ին  Թու­մա­նեա­նի Թիֆ­լի­զի տու­նէն 9 մեծ բեռ­նա­կառ­քե­րով Ե­րե­ւան փո­խադ­րուե­ցան գրա­գէ­տին բո­լոր ի­րե­րը:

Էջեր