Արխիւ
Ամերիկահայ յայտնի մտաւորական եւ հեղինակաւոր երաժշտագէտ Գրիգոր Փիտէճեանէն վերջերս խորին շնորհակալութեամբ ստացանք իր կողմէ հեղինակուած երկու գիրքեր։ Ան բարի եղած էր խմբագրութեանս համար մակագրել իր լոյս ընծայած «Քրիստափոր Կարա-Մուրզա» եւ «Հայ Եկեղեցւոյ երաժշտութիւնը (պատմական ակնարկ)» գործերը, որոնք մեզի հասան քաղաքս այցելած իր բարեկամներէն մէկուն միջոցաւ։
Շուրջ երկու շաբաթ վերջ Թուրքիա պիտի ունենայ նոր վարչապետ մը։ Երէկ պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ, որ ԱՔ կուսակցութեան արտահերթ համագումարը տեղի պիտի ունենայ Մայիսի 22-ին եւ այժմու կուսակցապետը՝ Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու թեկնածու պիտի չըլլայ։
Հակառակ Հայաստանի հրատապ առաջնահերթութիւններուն, սուրիահայոց հարցերը չեն անտեսուիր:
Գործ եւ բնակարան գտնելու ուղղեալ ջանքերը կը շարունակեն ներկայացնել կենսական նշանակութիւն:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ընդունեց Էյիւպի Ս. Եղիա Եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները, որոնց մասնակցած էր նաեւ եկեղեցւոյ երէց Տ. Մինաս Քհնյ. Ճիհանկիւլեան։
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան փոխ-ատենապետ Հերման Պալեանի աներոջ՝ համայնքիս երէց սերունդի սիրուած ու յարգուած դէմքերէն հանգուցեալ Նուպար Չիզմէճեանի յուղարկաւորութիւնը կատարուեցաւ երէկ, Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս․ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։
Համբարձման տօնին զուգահեռ՝ այսօր մեծ խանդավառութեամբ կը նշուի Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հիմնադրութեան 184-րդ տարեդարձը:
Գթութեան յարկը մեր համայնքէն ներս առանցքային դեր մը կը խաղայ՝ իր բռնած վերելքի ուղիով եւ բացառիկ առաքելութեամբ:
Հայկական շարժանկարին առջեւ նոր հորիզոններ կ՚ուրուագծուին՝ գործակցութեան հնարաւորութիւններով:
Եւրոխորհուրդի հիմնադրամին միջոցները հասանելի պիտի ըլլան՝ ֆիլմերու արտադրութեան կամ ցուցադրութեան համար:
Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ երդիքին տակ երէկ տեղի ունեցաւ յոբելենական հանդիսութիւն մը, որ համախմբեց երկրի մտաւորական ու գիտական շրջանակները։
ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը երէկ արտահերթ ժողով կը գումարեց Սուրիոյ ճգնաժամին շուրջ՝ մասնաւորապէս կեդրոնանալով Հալէպի առկայ իրադրութեան վրայ։
Թուրքիոյ ներքին քաղաքական կեանքին տեսակէտէ անակնկալ իրադարձութիւն մը երէկ երեկոյեան ժամերուն եկաւ յեղաշրջել երկրին օրակարգը։ Այսպէս, ԱՔ կուսակցութիւնը որոշեց երթալ համագումարի։
Ըստ Լաւրովի, մօտաւոր ապագային կը ծրագրուի Լեռնային Ղարաբաղի հարցին շուրջ հանդիպում մը՝ ԵԱՀԿ-ի մասնակցութեամբ:
Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս դռնփակ քննարկումներ:
Երեւանի ղեկավարութիւնը հրամայական կը համարէ պատահածին կրկնութիւնը բացառելու ուղղեալ երաշխիքները:
ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին կը նշէ Յիսուս Քրիստոսի Համբարձման տօնը, որ իբրեւ տէրունի տօն, կը նշուի Քրիստոսի յարութեան 40-րդ օրուան հանդիպող Հինգշաբթին:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Մայիսի 3-ին՝ աշխարհի մէջ կը նշուի Ազատ մամուլի համաշխարհային օրը (World Press Freedom Day), որ 1994 թուականէն սկսեալ կը տօնուի ամէն տարի եւ որպէս Ազատ մամուլի օր հռչակուած է ՄԱԿ-ի որոշմամբ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Տէր Յիսուս աշակերտներուն հետ խօսելէ ետք երկինք համբարձաւ եւ Հօրը աջ կողմը նստաւ» (ՄԱՐԿ. ԺԶ 19)։ Մարկոս Աւետարանիչ այսպէս կը նկարագրէ Յիսուս Քրիստոսի երկինք համբարձումը։
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի երդիքին տակ կայացաւ Փուչիկէ ինքնաշարժներու մրցանք մը, որուն մասնակցեցան տասնչորս համայնքային վարժարանի հինգերորդ դասարանի սաները։
Գալֆաեան Տան տիկնանց կազմին կողմէ երէկ սարքուեցաւ նախաճաշ մը։ Մայրերու օրուան առթիւ սարքուած հաւաքոյթին կարգախօսն էր «Բարի՛ եկար, ամառ»։
Ճոխութեան ու շքեղութեան «մայրաքաղաք» Տուպայիի մէջ ներկայացուած են տղամարդոց համար բացառիկ կօշիկներ` կիսով չափ պատրաստուած 24 քարատ ոսկիէ:
Ամէն կին գեղեցիկ ու վայելուչ կրնայ երեւիլ նոյնիկս հարիւր տարեկանին… Եթէ ան բարեձեւ է…
Մամլոյ ազատութեան համաշխարհային օրուան առթիւ, երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսութիւն մը, որ համախմբեց ոլորտի ներկայացուցիչները։ Հայաստանի Լրագրողներու տան երդիքին տակ այս առթիւ յանձնուեցաւ նաեւ «Մամլոյ ազատութեան ժամանակը» տարեկան մրցանակը։
Արցախի ճակատին վրայ լարուածութիւնը կը մնայ առկայ՝ Ատրպէյճանի կողմէ հրադադարի խախտումներուն հետեւանքով։ Ատրպէյճան-Լեռնային Ղարաբաղ շփման գծին եւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին երկայնքով բախումները կը շարունակուին։