Արխիւ
Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատան համալիրէն ներս երէկ երեկոյեան ապրուեցաւ Կաթողիկէ աշխարհի Ս. Ծննդեան հրճուանքը։ Անարատ Յղութեան մատրան մէջ մատուցուեցաւ Ճրագալոյցի Ս. Պատարագ, ձեռամբ Հայր Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեանի։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մաղաքիա Արքեպիսկոպոս Օրմանեան իր «Խոհք եւ խօսք»ին մէջ սապէս կ՚ըսէ. «Ինծի դէմ ամբաստանութեան եւ մեղադրանքի կէտ ըրին թէ՝ պատրիարքութենէ հրաժարիլ չեմ ուզած։
ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ
«Թատրոնի լեզու»ի մասին «կլոր սեղան»ի մը ընթացքին եւ անկէ վերջ արտայայտուած միտքեր, որոնք սփիւռքեան կացութեան նահանջի արաձագանգ են նաեւ:
«Անահիտ» մանկական շարժանկարը հասանելի պիտի դառնայ ֆրանսախօս հանրութեան: «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ,Դեկտեմբերի 24-ին լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին ըսած է «Ռոբերտ Սահակեանց փրոտաքշըն» արուեստանոցի համահիմնադիր եւ մանկական շարժանկարներ պատրաստող Դաւիթ Սահակեանց:
Տնտեսագէտ Քարլոս Մելքոնեան վեր-ջերս նշանակուած է Արժանթինի Ազգային դրամատան տնօրէն։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
22 Դեկտեմբեր 1972-ին, 66 տարեկանին մեր երկրէն ու կեանքէն հեռացաւ հայկական արձակին մեծ վարպետներէն Մկրտիչ Արմէն (1906-1972), որ իր «Հեղնար աղբիւր» վիպակով արժանաւորապէս նուաճեց անմահութիւնը եւ իր տեղը գտաւ հայ գրականութեան Մեծերու համաստեղութեան մէջ։
ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ
Կանգ առի թերթավաճառի կրպակին առջեւ: Բազմաթիւ հրատարակութիւններ՝ հաստ վերտառութիւններով կամ բացառիկ համարներով, կ՚անդրադառնային համաշխարհային տագնապալի կացութեան, համեմուած թուղթ ծախելու նպաստող ցնցող լուրերով, եւ անթաքոյց կը խօսէին կրօնական պատերազմի մասին:
«Սուրիահայ մշակոյթի շունչը Երեւանի մէջ բարեգործական ցուցահանդէս-տօնավաճառ:
Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան կանգ առաւ աւանդական դարձած այս նախաձեռնութիւններուն կարեւորութեան վրայ:
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
«Արմէնփրէս» լրատու գործակալութեան տնօրէն Արամ Անանեան բացառիկ հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին:
«Մեր ուշադրութեան կեդրոնին կը գտնուի ամբողջ հայ ժողովուրդը՝ իր ամբողջութեան մէջ։ Մենք ունինք մասնաւոր բաժին»:
Վրաստանի Վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլի հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն։ «Ես այսօր կը հեռանամ իմ պաշտօնէն, սակայն կը մնամ իմ երկրի հաւատաւոր զինուորը», ըսաւ ան այս առթիւ։
Իսթանպուլէն դէպի Երեւան ճամբորդող օթօպիւս մը երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն արկած անցուց Պոլուի մօտակայքին։ «Ռիչ թուր» ընկերութեան օթօպիւսը առաւօտեան ժամը շուրջ 03.20-ին արկածը անցուց իրենց զուգահեռ ընթացող ուրիշ ինքնաշարժի մը վարորդին անզգուշութեան հետեւանքով։
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին վերաբերեալ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ Պեռնի մէջ անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցած հանդիպման լոյսին տակ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ընդհանուր քարտուղարը յոյս յայտնեց, թէ նախագահներուն հանդիպումը պիտի մօտեցնէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման խաղաղ գործընթացը։
Հայաստան եւ Ռուսաստան պաշտօնապէս միաւորեցին իրենց հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը Կովկասի տարածքաշրջանէն ներս:
Մոսկուայի մէջ ԱՊՀ-ի պաշտպանութեան նախարարներու ժողով:
Սէյրան Օհանեան եւ Սէրկէյ Շոյկու ունեցան երկկողմանի հանդիպում մը՝ ստորագրելով յառաջիկայ տարուան համագործակցութեան ծրագիրը:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Ամանորին ընդառաջ շնորհաւորական մը ուղարկած է Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին։ Պատրիարքարանի աղբիւրները պաշտօնապէս հրապարակեցին այս շնորհաւորականին բովանդակութիւնը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ.-
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ամէն ծնունդ հրա՜շք մըն է՝ ընդհանուր ստեղծագործութեան մանրատիպարը կամ մանրանկարը կարծես…։
Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ վերջերս մասնակցութիւն բերին նկարչութեան մրցոյթի մը, որու արդիւնքին ապահովեցին նուաճումներ։ «Ըշըք» համալսարանին նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ու նոր տարուան ձօնուած այս գծագրութեան մրցոյթը համախմբեց Իսթանպուլի Եւրոպական ափի դպրոցներէն մանկապարտէզի եւ առաջին դասարանի աշակերտները։
ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը 2015-ի վերջին օրերուն հերթական անգամ ընթերցասէր հասարակութեան տրամադրութեան տակ կը դնէ իր նահատակ աշխատակիցներէն մէկուն:
Սեւան Տէյիրմենճեանի աշխատասիրութեամբ, նոյն մատենաշարին շրջագծով, գրքի մը ձեւաչափով լոյս տեսան Ռուբէն Զարդարեանի կողմէ թերթիս մէջ ստորագրուած գործերը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աղբիւր մըն է սէրը՝ անվերջ ու անդադար հոսող աղբիւր մը մարդուն սրտէն։ Ոմանք չեն անդրադառնար անոր, կը վատնեն, ոմանք կը զգան անոր գեղեցկութիւնը, բարութիւնը եւ կ՚օգտուին անկէ՝ կ՚երջանկանան ու կ՚երջանկացնեն իրենց շուրջինները։
ԱՆԻ ՓԱՆՈՍԵԱՆ-ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ
Բացի…մեր ապրած շրջանէն։
Ամուսինիս գործին բերումով, վեց ու կէս տարի առաջ բնակութիւն հաստատեցինք Նիւ Ճըրզիի արուարձաններէն մէկուն մէջ, որուն անունը նոյնիսկ անծանօթ է գաղութին մէջ ապրող հայերու մեծամասնութեան։
«Ներդաշնակութեան մեղեդի»ները Երեւանէն վերջ երէկ երեկոյեան ալ հնչեցին Իսթանպուլի մէջ՝ խորապէս տպաւորելով ունկնդիրները:
Թուրքիայէն եւ Հայաստանէն երաժիշտներ Շիշլիի «Քենթ» մշակոյթի կեդրոնի բեմին վրայ արձանագրեցին փայլուն յաջողութիւն մը: