Արխիւ
Ամսավերջի Միւռոնօրհնութեան ընդառաջ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին կողմէ ուշագրաւ կարգադրութիւն:
Նահատակներու սրբանկարը Երեւանի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ երդիքին տակ:
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Մարդկային շահագործման դէմ պայքարը հետզհետէ աւելի առաջնահերթ տեղ մը կը զբաղեցնէ միջազգային օրակարգին վրայ
Հայաստանի Լսատեսողական լրագրողներու ընկերակցութեան հիմնադիր-նախագահ Արզուման Յարութիւնեանի հարցազրոյցը՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ին
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Անգիտապաշտութիւն» (agnosticisme), ընդհանուր առումով կը նշանակէ՝ անգիտանալ, չգիտնալ եւ այդ վիճակին մէջ ըլլալ, որ հոսանք մը, մտածելակերպ մըն է։ Իսկ իր յատուկ իմաստով, կրօնական մարզի մէջ՝ Աստուծոյ գոյութիւնը կամ չգոյութիւնը գիտնալու անկարելիութեան վրայ հաստատուած մտածելակերպ մըն է։ Ըստ անգիտապաշտներու՝ Աստուած գոյութիւն ունի կամ չունի, ասիկա գիտնալ, այս մասին տեղեկութիւն ունենալ կարելի չէ…։
ՊԱՅԾԻԿ ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Վերջին շաբաթներու ընթացքին, Մայրիներու երկիրի երիտասարդութիւնը առաջին անգամ ըլլալով ոչ թէ հրացաններու համազարկով, այլեւ իր նորահաս սերունդին հոգեկան ուժերու անսանձ խոյանքով ոտքի էր ելած, Պէյրութի Նահատակաց հրապարակին վրայ, լիբանանեան քաղաքական հին ու կարծրացած մտայնութիւնները կործանելու եւ անոր փլատակներուն վրայ նորը, մարդկայինն ու արդարը կառուցելու: Բովանդակ Լիբանանը՝ հիւսիսէն մինչեւ հարաւ, կ՚ապրէր յեղափոխութեան ազատարար շունչով:
Չեմ փորձեր յուշագրութեան մը ճանկերուն մէջ իյնալ, որովհետեւ մարդիկ պիտի կարծեն, որ ես իսկապէս ծերացած եմ եւ սկսած եմ մէկ առ մէկ յուշերս գրի առնել: Պէտք է գիտնալ, որ անցեալը մարդուն անբաժան մասնիկն է: Անցեալ մը ունենալը կը նշանակէ, թէ ապրուած կեանք մը կայ:
Հայաստանի առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեանի հովանաւորութեան ներքեւ եւ Մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ վաղը կը սկսի Երեւանի 9-րդ միջազգային երաժշտական փառատօնը։ Հայաստանի Ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբի հիմնադրութեան 90-ամեայ յոբելեանին ձօնուած է այս փառատօնը, որու ծրագրին մէջ նախատեսուած է սիմֆոնիք եւ սենեկային երաժշտութեան տասնչորս համերգ՝ բազմաթիւ անուանի երաժիշտներու մասնակցութեամբ։
Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթը կը պատրաստուի այցելել Հայաստան։ Այս ուղեւորութեան ընդառաջ Էսաեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետուհի Մարիամ Տրամէրեան, համոյթի պարուսոյց Կարպիս Չափքան եւ երիտասարդ ներկայացուցիչ Սելին Քոշան երէկ այցելեցին Պատրիարքարան։
Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Յովհաննէս Կոպոյեան եւ իր ընկերները նախընթաց օր այցելեցին Պատրիարքարան, մասնակցութեամբ հոգեւոր հովիւ Տ. Կորիւն Քհնյ. Ֆէնէրճեանի։
2015-2016 կրթական շրջանի առաջին մատաղօրհնութիւնը յառաջիկայ Հոկտեմբերի 4-ին տեղի պիտի ունենայ Սամաթիոյ մէջ։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, եղանակի առաջին սիրոյ սեղանը պիտի կազմակերպուի ի նպաստ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ եւ անոր յարակից գործող Սահակեան-Նունեան վարժարանին։ Նկատի ունենալով, որ Ս. Գէորգի տօնը այս տարի կը զուգադիպի իսլամական աշխարհի տօնական արձակուրդի օրերուն, Սամաթիոյ մատաղօրհնութիւնը շաբաթ մը ուշացումով պիտի իրականացուի։
Գերմանաբնակ քաղաքագէտ, միջազգայնագէտ, ԱՊՀ-ական երկիրներու արտաքին քաղաքականութեան ծրագրերու տնօրէն Ալեքսանտր Ռառ յայտարարեց, որ Եւրոմիութիւնը պատրանք կը ստեղծէ, որ Արեւելեան գործընկերութիւնը ձախողած չէ
Հայաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ պիտի ստորագրուի հակաօդային պաշտպանութեան միասնական համակարգի մը ստեղծման ուղղեալ համաձայնագիր մը։ «Ինթէրֆաքս» գործակալութեան հաղորդումներուն վրայ «Արմէնփրէս» տեղեկացուց, թէ Ռուսաստան կ՚աշխատի Հայաստանի, Խրղըզիստանի, Տաճիկիստանի եւ Ղազախիստանի հետ հակաօդային պաշտպանութեան միասնական տարածքաշրջանային համակարգ մը ստեղծելու ուղղութեամբ։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը երկօրեայ պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Անգլիա:
Եդուարդ Նալպանտեան Chatham House-ի երդիքին տակ ելոյթ մը կ՚ունենայ Երեւանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններուն շուրջ:
Տաղլըճայի դէպքին յաջորդած Իգդիրի յարձակման զոհ գացած 13 նահատակ ոստիկաններուն համար համատարած սուգ։
Պետական աւագանին եւ քաղաքական շրջանակները կը զգուշացնեն, որպէսզի չապրուին խափանարարութիւններ: Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու երէկ տամուկ աչքերով ելոյթ ունեցաւ Վանի մէջ կազմակերպուած յուղարկաւորութեան ընթացքին։
Թուրք զինեալ ուժերը Հիւսիսային Իրաքի զանազան շրջաններուն մէջ կը շարունակեն աննախընթացօրէն ծանր հարուածներ հասցնել ՓՔՔ-ի ահաբեկիչներուն։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ծերուկ մետաքսավաճառ մը արժէքաւոր ապրանքներով կը ճամբորդէր։ Նպատակն էր վաճառել իր մետաքսները։ Ճամբորդութեան ընթացքին մութը վրայ հասաւ, երեկոյեան ժամերուն։ Ճամբուն վրայ ո՛չ գիւղ, ո՛չ պանդոկ կար։
«Եւրօ-2016»ի որակաւորման փուլի հանդիպումներուն շրջագծով երէկ երեկոյեան Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը հիւրընկալեց Սերպիան։ Երեւանի «Վազգէն Սարգսեան» հանրապետական մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ այս հանդիպումը։
Հայաստան-Ռուսաստան ռազմավարական գործընկերութեան օրակարգի խնդիրները խոշորացոյցի տակ:
Սերժ Սարգսեան եւ Վլատիմիր Փութին տեսակցեցան՝ քննարկելով երկկողմանի համագործակցութեան ընթացքը:
Տաղլըճայի մէջ ապրուած դէպքէն վերջ Թուրքիա աննախընթաց դիմադրութիւն մը ցոյց կու տայ ահաբեկչութեան դէմ՝ ամուր միասնականութեամբ:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ երէկ երեկոյեան Պէշթէփէի մէջ տեղի ունեցաւ անվտանգութեան գագաթաժողով մը:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Թուրքիա կ՚ապրի ծանր շրջան մը։ Շաբաթներէ ի վեր ամէն օր արիւնահեղութիւն կ՚ապրուի երկրին մէջ։ Զինուորներ, ոստիկաններ թիրախ կը դառնան ահաբեկչական յարձակումներու։ Հանրային կարծիքը խոր մտահոգութեամբ ու ցասումով կը հետեւի այս տմարդի զարգացումներուն։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սրբուհի Ժան տ՚Արք կ՚ըսէ. «Եթէ Աստուծոյ շնորհքին մէջ չեմ, թող Աստուած հաճի հոն դնել զիս, իսկ եթէ հոն եմ, թո՛ղ Աստուած հաճի պահել զիս հոն»։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
1576 տարի առաջ, Սեպտեմբեր 7-ին, ծերունազարդ 91 տարեկանին, վախճանեցաւ հայոց վեհափառ հայրապետը՝ Սուրբ Սահակ Պարթեւ (348-439)։