Արխիւ
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Յաճախ կը լսենք կամ կը կարդանք հետեւեալ արտայայտութիւնը, թէ «պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ», եւ ոմանք ալ ցաւով կ՚արձանագրեն, թէ «մեր ազգը դժբախտաբար պատմութենէն դասեր չի՛ քաղեր եւ ամէն անգամ նոյն սխալին մէջ կ՚իյնայ»:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Ձեր սրտերը պատրաստեցէ՛ք եւ ո՛չ թէ ձեր հանդերձները։ Ձեր Տէր Աստուծոյն դարձէ՛ք. քանզի անիկա ողորմած եւ գթած, երկայնամիտ եւ բազումողորմ է եւ չարիքի համար կը զղջայ». (ՅՈՎԷԼ. Բ 13)։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Այո, հին ժամանակ նահապետական կարգով հայրը տան բացարձակ հեղինակութիւնն էր, սակայն իր ուսերուն ունէր կարեւոր պաշտօն մը (ինչ որ այսօր եւս կը շարունակուի). մեր օրերուն շեշտը աւելիով կը դրուի մայրերուն իրենց զաւակներուն փոխանցած դաստիարակութեան մասին (որովհետեւ մայր մը իր զաւակին հետ շատ աւելի ժամանակ կ՚անցնէ՝ քան հայր մը), սակայն, հին մշակոյթին մէջ շատ կարեւոր էր հօր ներկայութիւնը դաստիարակութեան մէջ, որովհետեւ բարձրագոյն հեղինակութիւն ըլլալով անոր ներդրումը շատ աւելի մեծ ու կարեւոր էր:
Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Քոպախիծէ եւ Ղազախիստանի վարչապետ Օլժաս Պեքթենով երէկ վարեցին բանակցութիւններ, որոնց ընթացքին օրակարգի վրայ եկան ուժանիւթի միջոցներու տարանցման հեռանկարները։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը շարունակէ Ուաշինկթընի բազմակողմանի շփումները։ Ան երէկ մասնակցեցաւ Միջազգային կրօնական ազատութեան 5-րդ գագաթաժողովին, որու ընթացքին հանդէս եկաւ ելոյթով մը։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Կազզէի մէջ հրադադարի պահպանման ուղղութեամբ մեծ պատասխանատուութիւն կը վիճակի բոլորին։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
«Մենք, դարձեալ մենք անհատի համար ենք, անհատի մէջ ենք ու միայն անհատի ետեւէն կ՚երթանք»:
Պիղատոսներ ենք պատմութեան առջեւ, որոշած ենք առանձինն քալել դէպի դժոխքի ճանապարհը՝ ոչինչ բաժնելով ուրիշներու հետ:
Կենսականն ու երկրորդականը ընդելուզուած են ամբողջութեամբ. երկրագունդի վրայ մոլորութիւն է՞ ուղղութիւն գտնելը դժուար է՝ քանի հաղորդակցութեան միջոցներու տեսակաւորութիւնը անսահմանափակ հնարաւորութիւննար կ՚ընձեռէ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Սիրվարդ Մալխասեանն ու Սարվէն Տանէն, որոնք իրեն նուիրեցին «İstanbul Ermenileri Ve Patrikleri» անուն գիրքը։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ երէկ իր մահկանացուն կնքած է Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի նախկին բժիշկներէն Արտաշէս Աքտաղ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Իսթանպուլի մօտ Ֆրանսայի աւագ հիւպատոս Նատիա Ֆանթոնը, որ իր պաշտօնավարութեան շրջանին առաջին անգամ այցելեց Գումգաբու։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը երէկ ցաւ ի սիրտ հրաժեշտ տուաւ իր երիտասարդ միաբաններէն Տ. Անանիա Ծայրագոյն Վարդապետ Գուճանեանին, որ վերջին օրերուն ցաւալի ոճիրի մը զոհ գացած էր՝ իր հովուական պաշտօնին գլուխը։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկսը այս օրերուն կ՚այցելէ Զուիցերիա։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Տեղեկատուութեան համակարգը հաղորդեց, որ ուղեւորութիւնը կը տեւէ շաբաթ մը։
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
«Գիտցի՛ր հայ ժողովուրդ, որ արժէք ես դու եւ խօսք ունիս ասելու այս նամարդ աշխարհին։ Հիւր ենք այստեղ ու դատ ու դատաստան ունինք։ Երկիր ունինք։
Bilindiği üzere 18.06.2022 tarih ve 31870 sayılı Resmi Gazete’de yayımlanarak yürürlüğe giren Cemaat Vakıfları Seçim Yönetmeliği doğrultusunda vakfımızın 12.03.2023 tarihinde yönetim kurulu seçimleri gerçekleşmiştir. Yönetim kurulumuz Vakıflar İstanbul 1. Bölge Müdürlüğü’nce düzenlenen 23.03.2023 tarihli yetki belgesini teslim aldıktan sonra 31.03.2023 tarihinde görevine başlamıştır.
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Անակնկալ եղաւ հօրս մահը։ Ճիշդ է, քաղցկեղով հիւանդ էր, բայց անոր ընդունած սուղ դեղերով եւ անոնց արձանագրած փայլուն արդիւնքներով՝ «գոնէ հինգ տարի կ՚ապրի», վստահեցուցած էին յոյս ծախող մեր բժիշկները։
ՂԱՍԱՆ ՔԱՆԱՖԱՆԻ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հնդկական «Ա…» պարբերականին դեկտեմբեր ամսուան բոլոր նկարները լաւ էին, սակայն անոնց մէջ ամենէն լաւը անկասկած անձրեւէն թրջուած գունաւոր բուի մը նկարն էր…: Անոր գեղեցկութիւնը կը կայանար վայրկեանին դիպուկ ըլլալն ու լաւ անկիւնը…:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ժպտիլը՝ մարդուն լաւ տրամադրութեան մէջ եւ բարձր տրամադրութեամբ, լաւատես ըլլալու կ՚առթէ։ Եւ յայտնի է որ լաւ տրամադրութիւնը ինչպէս հոգիին՝ կ՚ազդէ նաեւ մարմնաւոր առողջութեան վրայ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ծնողք ու զաւակ յարաբերութիւնը մարդկութեան ամենէն հին եւ հիմնարար կապերէն մէկն է, որ կը գերազանցէ ժամանակն ու մշակոյթը։ Այդ յարաբերութիւններու հիման վրայ զարգացած է մարդկային կեանքը եւ ձեւաւորուած ընտանեկան միջավայրը:
Ռուսաստան-Իրան-Ատրպէյճան առանցքին վրայ աշխատանքներ կը տարուին՝ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու զարգացման նպատակով։ Այս ամբողջին մէջ առանձնայատուկ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ հիւսիս-հարաւ ուղղութիւնը, որու կատարելագործման եւ այլընտրանքներու ձեւաւորման խնդիրները միշտ կը մնան այս երեք երկիրներու օրակարգին վրայ։