Արխիւ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ներկայ օրերուն ծնողներ իրարու հետ կը մրցին, որպէսզի իրենց զաւակները ուսում ստանան, սակայն այդ ուսումի «սէր»ը անոնց «գիտակից» ու «խելացի» ըլլալուն հետ կապ չունի, որովհետեւ անոնք կը հաւատան, թէ «մեծ մարդ» դառնալու լաւագոյն ճամբաներէն մէկը ուսումն է:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, երէկ ընդունեց Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածնի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետուհի Մարի Եանճըի։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան լիսէի աշակերտներէն Պիանքա Կիրէկէօզօղլուն, Էֆթելիա Պալճըն եւ Արի Սիվազլըն՝ գլխաւորութեամբ իրենց ուսուցչուհիներէն Լիանա Պենլիի եւ Ժպտուն Զուռնաճըի։
Գոհունակութեամբ կը տեղեկանանք, որ այս օրերուն քաղաքս կ՚այցելէ ամերիկահայ յայտնի ազգային գործիչ Սարօ Մարուքեան։ Այս վերջինը նախկին պոլսահայ մըն է, երկար տարիներէ ի վեր բնակութիւն հաստատած է Լոս Անճելըսի մէջ։
Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս փափաքներու եւ հնարաւորութիւններու խաչմերուկին որոնում:
Պատրիարքարանէն յանձնախումբ մը Վաքըֆլըգիւղ պիտի մեկնի՝ աղէտեալներու կարիքներու ստուգման համար:
Երեւանի մէջ այս օրերուն կ՚ընթանայ Եւրոպայի ծանրաբարձութեան առաջնութիւնը։ Հայաստանի տանտիրութեամբ, Երեւանի «Կարէն Տեմիրճեան» մարզահամերգային համալիրէն ներս տեղի կ՚ունենայ մրցաշարքը։
Ուաշինկթընէն բարձրաստիճան դիւանագէտներ իրերայաջորդ շփումներ կ՚ունենան Երեւանի եւ Պաքուի մէջ:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ կը խրախուսէ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը:
Մեծն եօթնեակի (G-7) երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները ժողով մը գումարեցին Ճաբոնի մէջ։ Միջազգային աղբիւրները լայնօրէն արձագանգ կը հանդիսանան այս հաւաքին, որու ընթացքին առաջնահերթօրէն օրակարգի վրայ եկաւ Ուքրայնայի կացութիւնը։
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ լարուածութիւնը միշտ կը շարունակուի։ Երէկ երեկոյեան Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը դարձեալ կրակ բացին Հայաստանի սահմանի դիրքերուն վրայ։
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիան եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով շաբաթավերջին ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ Թեհրան-Պաքու առանցքին վրայ վերջին շրջանին տարակարծութիւններ եւ լարուածութիւն կը նկատուին տարածաշրջանային իրադարձութիւններու բերումով։
Կը տեղեկանանք, որ այս ամսավերջին Մարսէյլի մէջ պիտի նշուի յոբելեան մը, որ յատկանշական է ո՛չ միայն ֆրանսահայութեան, այլեւ ամբողջ սփիւռքին տեսակէտէ։
Կրոսմայսթըր Լեւոն Արոնեան կարճ կեցութեան ընթացքին հիւրընկալուեցաւ Առնօ Կարապետեանի կողմէ:
Աշխարհահռչակ ճատրակի ախոյեանը շաբաթավերջին այցելեց Իսթանպուլ, ուրկէ կ՚ուղեւորուի Ղազախիստան:
Տեղ գիւղի սահմանակից դիրքերուն մէջ նահատակուած զինուորներուն համար աղօթք՝ Ս. Գայիանէ վանքին մէջ:
Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին հանդիսապետութեամբ տխուր պաշտօն՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երէկ Նոր կիրակին էր՝ Կրկնազատիկի տօնը: Աւանդոյթի համաձայն, այս տօնի առթիւ «Մեսրոպ Մաշտոց» Մատենադարանէն Մուղնիի Սուրբ Գէորգ եկեղեցի տարուեցաւ Շուրիշկանի հրաշագործ Աւետարանը:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Բացի զայրոյթէն, չկայ որեւէ զգացում, որու մասին պէտք է յաճախ ու յստակ մտածենք։ Բազում մարդիկ կը բախին զայրոյթի՝ անձնական յարաբերութիւններու, աշխատավայրին մէջ, ճանապարհին, ճամբորդութիւններու ժամանակ եւ յաճախ մեր առօրեայ կեանքի ընթացքին:
Շիշլի մարզակումբը կը շարունակէ իր փայլուն երթը բոլոր ուղղութիւններով։ Ակումբի ձմրան դասընթացքները կ՚ընթանան խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Բնութեան միջոցով Աստուծոյ իր արարածներուն պարգեւած «կեանք»ը ժամանակամիջոց մըն է՝ որ կենդանի մնալու, ապրելու շրջան մըն է։ Քանի որ «կեանք»ը պարգեւ մըն է, արժէք մը կը ներկայացնէ եւ կարեւորութիւն կ՚ընծայէ։
Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանին մէջ Ս. Զատիկը նշուեցաւ մեծ խանդավառութեամբ։ Այսպէս, դպրոցէն ներս սարքուեցաւ տօնական սեղան մը՝ մինչ աշակերտները գործադրեցին գեղարուեստական յայտագիր։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մեր թուականէն 114 տարի առաջ Պոլսոյ մէջ սկսաւ հրատարակուիլ «Դրախտ» հասարակական պարբերականը, որ հակառակ իր լաւատես հակումներուն, շատ կարճ կեանք մը ունեցաւ:
Գարակէօզեան Տան նախաձեռնութեամբ շաբաթավերջին տեղի ունեցան միջվարժարանային աւանդական մտախաղերը։ 11-րդ անգամ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որ կազմակերպուեցաւ համագործակցութեամբ՝ Թուրք ուղեղի խումբի եւ Մտախաղերու կազմի։