Արխիւ
Հայաստանի «FlyOne Armenia» ընկերութիւնը, որ կ՚իրականացնէ Երեւան-Իսթանպուլ ուղիղ թռիչքները, երէկ տեղեկացուց, թէ Թուրքիա չէ թոյլատրած, որ իր օդային տարածքով այդ նոյն ընկերութիւնը չուերթներ կատարէ դէպի Եւրոպա։
Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի հետ սահմաններու յստակեցման հարցերով երկկողմանի յանձնաժողովին վերաբերեալ քննարկումները կը շարունակուին։
Թրքահայութեան ուշադրութիւնը այս շաբաթավերջին կեդրոնացած՝ Տիարպաքըրի Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ օծման ու պաշտամունքի վերաբացման արարողութիւններուն վրայ, որոնց մասնակցութիւն կը բերեն նաեւ պետական աւագանիէն բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ:
Կիրակի պատարագելէ վերջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը յառաջիկայ շաբթուան կէսին պիտի վերադառնայ իր Աթոռը:
Ամերիկահայ «Պայքար» շաբաթաթերթը վերջին թիւին մէջ անդրադարձաւ «ԺԱՄԱՆԱԿ-100» մատենաշարէն լոյս տեսած՝ Թորոս Ազատեանի «Դէպի Էջմիածին. Երթուդարձի նօթեր» գիրքին։ Հայաստանի հեղինակաւոր մտաւորականներէն Երուանդ Տէր-Խաչատուրեան գրախօսական մը ստորագրած է՝ «ԺԱՄԱՆԱԿ-100» մատենաշարի պատասխանատու, բանասէր Սեւան Տէյիրմենճեանի կողմէ հրատարակութեան պատրաստուած գիրքին մասին։
ՄԱՀՄՈՒՏ ՏԷՐՈՒԻՇ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Հոս,
Բլուրներու լանջերուն,
Մայրամուտի եւ ժամանակի սեմին,
Ստուերէ զրկուած պարտէզներուն մօտ,
Կ՚ընենք, այն ինչ որ կ՚ընեն բանտարկեալները
Եւ անգործները.
Յոյսը կ՚աճեցնենք:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Ամէն օր եւ ամէն առիթով,
Ճակատագրիս գծած ճամբաներէն,
Փորձեցի քալել, երբեմն վազել,
Ճանչնալ մարդիկ, սէրեր ու վիշտեր,
Ըմբոստանալ եւ յաճախ ալ լռել,
Երբեմն անտեսել, բայց միշտ յարգել,
Կշռել, դատել, ապա ներել,
Ու հաշտ մնալ, ապրող սպիներուս հետ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Այս օրերուն, երբ Հայաստանի մէկ մասը ցոյցերով, իսկ միւս մէկ մասը Քրիստոսի արձանի տեղադրութեամբ զբաղուած է, անձնական փորձով աչքերուս առջեւ կեանքի կոչուեցաւ Դերենիկ Դեմիրճեանի «Հայը» յօդուածին մէջ գրած հետեւեալ տողերը.- հայը «լցրել է իր երկիրը եկեղեցիներով, բայց տարին մի անգամ չի մտնում մէջը՝ աղօթելու»:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը կարճատեւ այցելութեամբ մեկնած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Տեղեկատուութեան համակարգը հաղորդեց, որ Վեհափառ Հայրապետի ուղեւորութիւնը սկսած է երէկ։
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ հանդէս մը՝ այս շաբաթավերջի Մայրերու օրուան առթիւ։ Ձեռնարկի պատուոյ հիւրերն էին մանկապարտէզի փոքրիկներու մայրերը։
Յունաստանի Իրաքլիոն քաղաքին մէջ այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ Ծանրաբարձութեան աշխարհի երիտասարդական առաջնութիւնը, որուն կը մասնակցի նաեւ Հայաստանի հաւաքականը։
Երեւանի եւ Թիֆլիզի միջեւ վերջին օրերուն կը փոխանակուին իրերայաջորդ բարձրաստիճան այցելութիւններ։ Հայաստան-Վրաստան համագործակցութիւնը այս շրջանին նոր թափ ստացած է՝ մինչ տարածաշրջանէ ներս նոր իրադրութիւն մը ստեղծուած է։
Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան եւ Ատրպէյճանի նախագահական աշխատակազմի Արտաքին կապերու վարչութեան ղեկավար Հիքմէթ Հաճիեւ վերջին օրերուն հանդիպում մը ունեցան Պրիւքսելի մէջ։
Արարատ Միրզոյեան եւ Էնթընի Պլինքըն քննարկեցին Երեւան-Ուաշինկթըն համագործակցութեան ընթացքը:
Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ բանակցութիւններուն ժամանակ կարծիքներ փոխանակուեցան անվտանգութեան եւ տարածաշրջանային հակամարտութիւններու կարգաւորման շուրջ՝ ներառեալ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը:
Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը վերջին օրերուն շարունակուեցաւ Վիեննայի հերթական բանակցութիւններով։ Այսպէս, երկու երկիրներու յատուկ ներկայացուցիչները՝ Սերտար Քըլըչ եւ Ռուբէն Ռուբինեան նախընթաց օր երրորդ անգամ տեսակցեցան Վիեննայի մէջ։
Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքը յարատեւ լարուածութեան ճիրաններուն մէջ. շարունակ քաոս:
Իշխանութեան անհեռատեսութիւնն ու ընդդիմութեան արկածախնդրութիւնը դէպի ո՞ւր կը տանին երկիրն ու պետութիւնը:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան աղբիւրները վերջին օրերուն հերթական անգամ լուսաբանութիւններով հանդէս եկան՝ Սիսի երբեմնի Սուրբ Սոֆիա մայր տաճարի եւ յարակից կաթողիկոսական համալիրի սեփականութեան իրաւունքին վերատիրանալու նպատակով Թուրքիոյ մէջ բացուած դատի ընթացքին շուրջ։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը, որ վերջին օրերուն այցելեց Երեւան, ուր ընդունուեցաւ Հայաստանի պետական աւագանիէն դէմքերու կողմէ՝ ներառեալ Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի։
Պատրիարքական Աթոռը այս օրերուն կը հիւրընկալէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբաններէն Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեանը, որ Գուգարաց թեմի առաջնորդն է։ Նորին Սրբազնութիւնը երէկ ընդունուեցաւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի կողմէ։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութեանց համայնքային վաքըֆներու առկախեալ ընտրութեան վաղեմի հարցի լուծման ուղղութեամբ ստեղծուած լաւատեսութիւնը հետզհետէ կ՚ամրապնդուի։ Վերջին շրջանին իրերայաջորդ շրջանառութեան մէջ մտած լսումները միշտ կը վերահաստատեն, թէ ընտրական նոր կանոնադրութեան մշակման գործընթացը տրամաբանական աւարտին հասնելու վրայ է։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Աշխարհին կը պակսի սէրը՝ կեանքի, աշխարհի համը, ինչպէս որ աղը կերակուրի համար:
Ամէնուր կը փնտռենք սէր, անտեսելով անոր գոյութիւնը: Սպաննելով սէրը մեր մէջ: