Արխիւ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Յաճախ շուրջս կը տեսնեմ երիտասարդ-երիտասարդուհիներ, որոնք ամուսնական կեանքի «վարդագոյն» երազներով տարուած, կեանքի նպատակ կ՚ընդունին պսակուիլը, առանց անգիտանալու, որ պսակը պարզապէս միջոց է աւելի լաւ ապագայի մը հասնելու եւ այդ «լաւ ապագան» երաշխաւորուած է ո՛չ թէ պսակադրութեամբ, այլ՝ ուսումով ու գիտութեամբ:
Երեւանի Նկարիչներու տունը ներկայ տարեվերջին գեղարուեստասէրներու ժամադրավայրը հանդիսացած է։ Այսպէս, Հայաստանի Նկարիչներու միութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած է ցուցահանդէս մը՝ «Սալոն 2021» անուանումով։
Երեւանի Պետական բժշկական համալսարանի աղբիւրները երէկ տեղեկացուցին, որ «Մուրացան» հիւանդանոցը համալրուած է նոր սարքաւորումներով։ Համալսարանի համալիրին մաս կը կազմէ այս հիւանդանոցը, որու թունաբանութեան ու մանկական վերակենդանացման բաժանմունքին համար ապահովուած է՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ արտադրուած մասնաւոր խցիկ մը։
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի լարուածութիւնը կը շարունակուի։ Կը հաղորդուի, որ երէկ դէպքեր պատահած են այս անգամ սահմանի Գեղարքունիքի մարզի հատուածէն ներս։
Արցախի երկրորդ պատերազմէն վերջ Հարաւային Կովկասի համար Թուրքիոյ կողմէ առաջարկուած եւ Ռուսաստանի աջակցութեան արժանացած «3+3» ձեւաչափով հարթակի ստեղծման ուղղեալ աշխատանքները այսօր նոր հարթութիւն կը թեւակոխեն։ Արդարեւ, Մոսկուայի մէջ այսօր նախատեսուած է սոյն ձեւաչափով առաջին հանդիպումը՝ արտաքին գործոց փոխ-նախարարներու մակարդակով։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իրանի նախագահ Իպարհիմ Ռայիսիի հետ։ Թեհրանի աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու ղեկավարները առաջնահերթօրէն քննարկեցին ահաբեկչութեան դէմ պայքարի վերաբերեալ հարցերը։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այս օրերուն աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Փարիզ, ուր երէկ տեսակցեցաւ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան պետական քարտուղար Ժան-Պաթիստ լը Մուանի հետ։ Այս առթիւ ստորագրուեցաւ Հայաստան-Ֆրանսա տնտեսական համագործակցութեան 2021-2026 թուականներու ճանապարհային քարտէսը։
Հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակումն ու սահմանազատում-սահմանագծումը փոխկապակցուած չեն:
Ըստ Գրիգորեանի, Երասխ-Հորատիզ երկաթուղիի բացումը երաշխիք մը պիտի ըլլայ տարածաշրջանային խաղաղութեան համար:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին եւ Քաթարի էմիրին միջեւ ջերմ ու ծաւալուն տեսակցութիւն:
Երեւան եւ Տոհա քաղաքական կամք կը դրսեւորեն համագործակցութեան ներուժը կեանքի կոգելու ուղղութեամբ:
Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ պատմաբան ու դիւանագէտ Ժիրայր Լիպարիտեանի կողմէ հեղինակուած «Հայաստան-Թուրքիա. պետականութիւն, պատմութիւն, քաղաքականութիւն» գիրքին շնորհանդէսը։ Այս հետաքրքրական գործը վերջերս «Անտարես» հրատարակչութենէն լոյս տեսած էր։
Երէկ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Երեւանի մօտ Գերմանիոյ նորանշանակ դեսպան Վիքթոր Ռիխթերը։ Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը նորանշանակ դեսպանին մաղթեց Հայաստանէ ներս արդիւնաւոր առաքելութիւն։
ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1901)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Շատեր կան, որոնց առանց թաս մը արաղի չեն կրնար հացի նստիլ։ Երբ բանը ուղղակի այդ մէկ թասով վերջանար, մենք ըսելու ոչինչ կ՚ունենայինք։ Տէ՛, ի՞նչ ընենք, սովորութիւն է, կ՚ըսէինք, թող խմէ՛, ախորժակը բացուի։
Փարիզի «Նոր Յառաջ» թերթը դեկտեմբերի 2-ի իր թիւով, Ա. Դ. ստորագրութեամբ զօրակցութեան յօդուած մը հրապարակեց՝ արձագանգելով ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ահազանգին։ Այս կապակցութեամբ ցուցաբերուած զգայնութեան համար շնորհակալութիւն կը յայտնենք մեր սիրելի պաշտօնակից-բարեկամ, թերթի գլխաւոր խմբագիր Ժիրայր Չոլաքեանին։
«Բոլորս ալ կը հաւատանք, որ այս օրաթերթը տակաւին մեծ դեր ունի խաղալիք՝ իր գաղութի այժմեան ինքնութեան պահպանման կողքին։ Ինքզինք «մահամերձ» կարծող մեր այս օրաթերթին շուրջ ուժն ու տաղանդը չէ, որ պակսած են, այլ իրեն մօտենալու եւ զինք լաւապէս հասկնալու հայ մտքի հասունութիւնը կարծես կորսուած է»:
Գէորգ Պետիկեանի յօդուածը լայն շրջանառութիւն գտած. «Սատանայի ականջը խուլ՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի բացակայութիւնը տխուր, շա՜տ տխուր պիտի ըլլայ ո՛չ միայն «մերին» Պոլիսին համար, այլ՝ բոլորիս»:
Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Ս. Աթոռի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան վերջերս եռօրեայ հովուական այցելութիւն մը տուաւ դէպի Հոլանտա եւ Պելժիա։
Վատիկանի ձայնասփիւռի հայկական բաժինը եւս միացաւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ի նպաստ սկսած հրապարակումներու արշաւին։ Համապատասխան պաշտօնական կայքէջին վրայ զետեղուեցաւ յատուկ նիւթ մը, որուն համար խորապէս շնորհակալութիւն կը յայտնենք Վատիկանի ձայնասփիւռի հայկական բաժնի գլխաւոր խմբագրին՝ մեր սիրելի պաշտօնակից-բարեկամ Ռոպէր Աթթարեանին։
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ կը շարունակեն կրակոցներ հնչել։ Երէկ ուշ երեկոյեան Ատրպէյճանի բանակը հերթական անգամ կրակ բացած է Հայաստանի սահմանի արեւելեան հատուածէն ներս տեղակայուած մարտական դիրքերու վրայ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Աշխարհի վրայ գոյութիւն ունեցող մարդկային մեծագոյն արժէքներէն մէկն է նախանձախնդրութիւնը՝ պատուի եւ սրբազան արժէքներու հանդէպ բծախնդրութիւնն ու գիտակցութիւնը, որ մարդուն կու տայ պատկանելիութիւն՝ բնորոշելու համար զինք ուրիշէն: Այդ նախանձախնդրութիւնը պատճառ կ՚ըլլայ արժէքներու գոյատեւման եւ առանց առարկութեան անցեալէն մեզի հասնող ամէ՛ն բան՝ մշակոյթ, լեզու, արուեստ թէ՛ գրականութիւն արգասիքն են նախանձախնդրութեան:
Ռուսաստանի նախագահ Վլտատիմիր Փութին երէկ Սոչիի մէջ հիւրընկալեց Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսը։ Տեղական մամուլի հաղորդումներուն մէջ կ՚ընդգծուի, որ Մոսկուա այս փուլին ինքզինքին աւելի մօտիկ կը նկատէ Անգարան՝ Աթէնքի բաղդատմամբ։
Պերլինի մէջ երէկ յատկանշական իրադարձութիւն մը ապրուեցաւ։ Պունտեսթակի մէջ երդուելէ վերջ ընկերվարական Օլաֆ Շլոց ստանձնեց Գերմանիոյ վարչապետի պաշտօնը։