Արխիւ
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայոց օրացոյցի Հոկտեմբեր ամսուան ամենայիշատակելի տօնը Թարգմանչացն է: Այս տարի այս սիրելի տօնը զուգադիպեցաւ Հայոց նորօրեայ գոյամարտի համար մղուող մեծ ու արիւնալի պատերազմին:
Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ, շաբաթավերջին, Ս. Թարգմանչաց տօնի առթիւ արարողութիւններ տեղի ունեցան՝ հանդիսապետութեամբ եկեղեցւոյ քարոզիչ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի։ Ս. Պատարագը մատոյց՝ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի նախագահութեամբ, շաբաթավերջին, Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Թարգմանչաց վարդապետաց յիշատակութիւնը։ Ներկայ եղան նաեւ Պատրիարքական Աթոռի հոգեւորականաց դասը։
Արցախի հրատապ իրադարձութիւնները համայն հայութեան ուշադրութեան կեդրոնին յայտնուած են։ Սփիւռքի զանազան հայաշատ կեդրոններէն ներս կը կատարուին ցոյցեր՝ ի պաշտպանութիւն Արցախի եւ Հայաստանի։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Արտախորհրդարանական քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներու հետ։ Հայաստանի կառավարութենէն ներս տեղի ունեցած տեսակցութեան ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Ատրպէյճանի կողմէ Թուրքիոյ անմիջական աջակցութիւնով սանձազերծուած պատերազմի հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակին։
Հայկական կողմը Արցախի պատերազմական գործողութիւններու մթնոլորտին մէջ կը շարունակէ հրապարակել նոր նահատակներու անուններ։ Ցայսօր պատերազմական գործողութիւններու ժամանակ զոհուած հայ զինուորներու թիւը արդէն անցած է 500-ի շեմը (532)։
Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական առաքելութիւններու ղեկավարներուն հետ հանդիպում:
Ըստ Փաշինեանի, մարդասիրական տագնապը կանխելու միջոցն է՝ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի ճանաչումը:
Արցախի պատերազմի մթնոլորտին մէջ յաճախ օրակարգի վրայ կու գայ Իսրայէլի կողմէ Ատրպէյճանի ի նպաստ աջակցութիւնը՝ զէնք ու զինամթերքի մատակարարման միջոցաւ։ Երեւան պաշտօնապէս ամենաբարձր մակարդակի վրայ այս կապակցութեամբ անհանգստութիւն յայտնած է։
Հայաստանի Մարդու իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեան շաբաթավերջին Երեւանի մէջ այցելութիւն մը տուաւ այն ռուս լրագրողին, որ Շուշիի Ս. Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ ռմբակոծման ժամանակ վիրաւորուած էր ծանրօրէն։ Արցախի մէջ վիրահատուելէ վերջ վիրաւորեալ ռուս լրագրողը արդէն փոխադրուած է Երեւան, ուր ապաքինման փուլի մէջ կը գտնուի։
Արցախի պատերազմի մթնոլորտին մէջ Երեւանի ղեկավարութեան կողմէ փոխանցուած պատգամներուն մէջ հետզհետէ աւելի ընդգծեալ ձեւով կ՚արտայայտուի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման ակնկալութիւնը։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շաբաթավերջին հարցազրոյց մը տուաւ գերմանական ZDF հեռուստակայանին։
Արցախի ճակատին վրայ միշտ լարուածութիւն. Կարմիր խաչը տեղեկացուց, որ հրադադարի պահպանման կանոնները բաւարար չեն՝ գործողութիւններու սկսելու համար: Լեռնային Ղարաբաղի մէջ շարունակ կրակ եւ արցունք:
Զօհրապ Մնացականեան այսօր կ՚այցելէ Մոսկուա, ուր Սերկէյ Լաւրովի կողմէ ընդունուելու առընթեր, կը տեսակցի նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն հետ:
ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ
Բանաստեղծ Յուսիկ Արա (բուն անունով՝ Ֆելիքս Եղիազարեան) ծնած է 1967-ին Արարատի մարզի Մրգաւէտ գիւղը: Յաճախած է Երեւանի թիւ 10 միջնակարգ դպրոցը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Մինչ այս տողերը թուղթին կու տամ, Արցախի մայրաքաղաքը՝ Ստեփանակերտ դարձեալ կը հրթիռակոծուի։ Կը հրթիռակոծուին նաեւ Շուշին, Մարտակերտը ու ամենակարեւորն է, որ շաբաթ կէսօրին յայտարարուած հրադադարը դարձեալ յայտնուած է փլուզելու վտանգին առջեւ։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախագահեց Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մատաղօրհնութեան ու իր պատգամը փոխանցեց ներկաներուն: Հրանդ Մոսկոֆեանի գլխաւորած թաղային խորհուրդը եւ եկեղեցւոյ երէց Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան հիւրընկալեցին Նորին Ամենապատուութիւնը:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Աշխարհաքաղաքական եւ ռազմական տեսանկիւնէն պատերազմներու աւարտին միշտ կ՚ըլլան յաղթողներ եւ պարտուողներ։ Իսկ մարդկային տեսանկիւնէն, ոչ ոք չի յաղթեր։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Երբ կը խօսուի լեզուի մասին, ընդհանրապէս կը ծագին հարցեր, հարցումներ, որոնց գլխաւորներն են. «Լեզուն միջո՞ց մըն է թէ նպատա՛կ մը», եւ կամ «Մայրենի լեզու, ըսելով ի՞նչ պէտք է հասկնալ», եւ այս հարցումներու նման հարցեր կը յուզեն եւ կը զբաղեցնեն խորհող միտքեր։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Ս. Գայիանէի վանքի երդիքին տակ, կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի աւարտին, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ երէկ կատարուեցաւ խաղաղութեան մասնաւոր աղօթք։ Վեհափառ Հայրապետի տնօրինութեամբ երէկ ներքին թեմերու եւ սփիւռքի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ ալ նման աղօթք մը տեղի ունեցաւ։
Եգիպտոսի մէջ յայտնաբերուած է քսանեօթ դագաղ, որոնք թաղուած են աւելի քան 2500 տարի առաջ, որ իր տեսակին մէջ ամենամեծ գտածոն է:
Անհաւանական գտածոն յայտնաբերած են Գահիրէի մերձակայքին գտնուող հին Սաքքարայի մէջ աշխատող հնագէտները:
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի բանբերը՝ Իպրահիմ Քալըն յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս հրադադար հաստատելու ուղղեալ՝ Միացեալ Նահանգներու, Ռուսաստանի եւ Ֆրանսայի ջանքերը դատապարտուած են, եթէ համաձայնութիւնները չեն երաշխաւորեր հայկական զօրքերու ետ քաշուիլը։
Արցախի պատերազմին զուգահեռ մինչ երէկ Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցան բանակցութիւններ, Երեւանի մէջ ալ տեղի ունեցաւ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան Միջկառավարական խորհուրդի հերթական նիստը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Ռուսաստանի վարչապետ Միխայիլ Միշուսթին։