Արխիւ

Երկուշաբթի, Փետրուար 15, 2021

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

«Մենք դիւանագիտական տեսանկիւնէ ուժեղ էինք, երբ խնդիրը կը գնահատուէր Արցախի հայ մեծամասնութեան մարդկային իրաւունքներու առումով եւ տկարացանք, երբ այդ իրաւունքներու համար ջանքերը փոխակերպուեցան մեծ կամ միացեալ Հայաստանի տեսլականի ջատագովութեան»:
Աթանէսեան. «Առաջին հերթին մեծ ընելիքներ ունի հայկական դիւանագիտութիւնը՝ մասնաւորապէս Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի ուղղութեամբ։ Նախապաշարումներէն պիտի կարողանայ վեր կանգնիլ։ Դիւանագիտութիւնը պէտք չէ կաշկանդուած ըլլայ «պատմական թշնամի» կամ «դարաւոր բարեկամ» բարդոյթներով՝ մանաւանդ, որ «թշնամին» եւ «բարեկամ»ը շատ հարցերու մէջ գործընկերներ են»:

Երկուշաբթի, Փետրուար 15, 2021

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ Ս. Գայիանէի վանքի երդիքին տակ։ Տեառնընդառաջին զուգադիպած Ս. Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ Նորապսակներու օրհնութեան կարգ։

Երկուշաբթի, Փետրուար 15, 2021

Կը տեղեկանանք, որ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այսօր յետմիջօրէի ժամերուն քաղաքէս հրաժեշտ կ՚առնէ մեկնելու համար Հայաստան։ Նորին սրբազնութիւնը Քիեւի վրայով կ՚ուղեւորուի Երեւան։

Շաբաթ, Փետրուար 13, 2021

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ընտանեկան, ընկերային, բարոյական եւ կրօնական կեանքին հետ սերտ յարաբերութիւն ունի շաբաթներու այն շրջանը՝ որ կը կոչուի «Մեծ պահք»։ Եւ ահաւասիկ, անգամ մը եւս հասաւ այդ շրջանը։

Շաբաթ, Փետրուար 13, 2021

Արցախի լայնածաւալ պատերազմին վերջ տուած հրադադարի համաձայնութեան զուգահեռ ստեղծուած՝ Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի փոխ-վարչապետներու եռակողմանի աշխատանքային խումբին երկրորդ ժողովը երէկ տեղի ունեցաւ հեռավար ձեւաչափով։

Շաբաթ, Փետրուար 13, 2021

«Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ը միշտ ահազանգ կը հնչեցնէ Սիւնիքի սահմաններու պարագային:
Ընդդիմադիր ուժերը նորովի թափ կու տան իրենց ջանքերուն՝ իշխանութեան հրաժարականը ապահովելու համար:

Շաբաթ, Փետրուար 13, 2021

Գումգաբուի աղբիւրները երէկ դրական լուրեր հաղորդեցին Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի հոգեւորականաց դասու անդամներու առողջական վիճակին կապակցութեամբ։

Շաբաթ, Փետրուար 13, 2021

ՅՈՎՆԱՆ ԱՐՔ. ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ

Ս. Ծննդեան պատարագին 2021 տարին հռչակեցինք «Աղօթքի տարին» մեր թեմական կառոյցէն ներս բազում նկատառումներով։ Արդարեւ, այսօր մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ աղօթքը պէտք է արտայայտուի մեր բովանդակ կեանքով, ե՛ւ անհատական, ե՛ւ հաւաքական առումներով։

Շաբաթ, Փետրուար 13, 2021

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգի տնօրէն Տ. Վահրամ Ա. Քհնյ. Մելիքեան յայտարարեց, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կողմէ ձեռնարկուած «Աջակցինք Արցախին» ծրագիրը պէտք է շարունակուի աշխարհասփիւռ  հայութեան հանգանակութիւններուն շնորհիւ։

Շաբաթ, Փետրուար 13, 2021

ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Վաղը ամբողջ աշխարհ կը նշէ սիրահարներու տօնը:
Եկէք՝ ծանօթանանք, թէ տարբեր ժողովուրդներ ինչպէ՛ս կը նշեն այս տօնը, սիրահարները ինչեր կը նուիրեն իրարու:

Շաբաթ, Փետրուար 13, 2021

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Օրերս մեր մեծագոյն եւ իւրայատուկ գրական-մտաւորական անձնաւորութիւններէն մէկուն՝ Կոստան Զարեանի «Սպանիա» գիրքը կը կարդամ: Այնքան հետաքրքրական եւ միաժամանակ այնքան խորունկ հատոր մը, որ կարելի չէ հատորին մէջ արձանագրուած խոր, այժէմական եւ կեանքի փիլիսոփայութեան հետ առընչութիւն ունցող մտածումներուն մասին պահ մը չմտածել, չբերել ներկայ, խորհրդածել, մտմտալ եւ փորձել հասկնալ մեր ներկան:

Շաբաթ, Փետրուար 13, 2021

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Գեղեցիկ սովորութեան մը համաձայն, նոր տարուան առաջին իսկ օրը, սենեակիս պատէն կախուած հին տարուան հայկական մեր օրացոյցը, երբ նորով կ՚ուզեմ փոխարինել, անպայման, նախ հինը էջ առ էջ աչքէ կ՚անցընեմ եւ ապա հոն տեղ գտած զաւակներուս, թոռներուս եւ մտերիմ բարեկամներուս ու զարմիկներուս ծննդեան կամ ամուսնութեան թուականներուն եւ այլ նօթերուս հետ, «նորին» վրայ կ՚արտագրեմ, ամէն տեսակի մոռացութիւններու եւ թիւրիմացութիւններու առաջքը առնող, իբրեւ շատ օգտաշատ եւ արդարամիտ որդեգրում:

Շաբաթ, Փետրուար 13, 2021

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Պէյրութի սրտին գտնուող հայկական թաղամաս՝ Պուրճ Համուտը յայտնի է ոսկիի առեւտրականներու մեծ ցանցով եւ ցայսօր ալ կը համարուի այդ արհեստին գլխաւոր կեդրոններէն մին։

Ուրբաթ, Փետրուար 12, 2021

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նորանշական պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի միջեւ նախատեսուած առաջին հեռախօսազրոյցը տեղի պիտի ունենայ մօտաւոր ապագային։

Ուրբաթ, Փետրուար 12, 2021

Կարսի մէջ կազմակերպուած «Ձմեռ 2021» լայնածաւալ զօրավարժութիւնները հասան իրենց աւարտին:
Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարները ներկայ եղան համատեղ ռազմափորձերու եզրափակիչ փուլին:

Ուրբաթ, Փետրուար 12, 2021

Այս շաբաթավերջին քանի մը ազգային եւ եկեղեցական տօներ իրար կը յաջորդեն. այսպէս՝ Տեառնընդառաջ, Բուն Բարեկենդան եւ երկուշաբթի, փետրուարի 15-ին Մեծ պահք։
Տեառնընդառաջի տօնը Տիրոջ ընդառաջ երթալու հրաւէր մըն է բոլորին։

Ուրբաթ, Փետրուար 12, 2021

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ նշեց Սրբոց Վարդանանց տօնը։ Ս. Վարդանանց զօրավարներու եւ 1036 վկաներու յիշատակը ոգեկոչուեցաւ աւանդական շուքով։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ արարողութիւններուն նախագահեց Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը։

Ուրբաթ, Փետրուար 12, 2021

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

«Պահպանակ մը օդապարիկի տեսքով
պաշտպանութիւն
գմբէթ
սաղմ
հաւկիթ
երկրին խեղաթիւրումը
ձուաձեւ շրջագիծ
պատմական բողբոջում
աշխարհագրական մաշկի փոփոխութիւն...»

Ուրբաթ, Փետրուար 12, 2021

ԵՐԱՄ

Գիւղ էր եկեր միջին տարիքն անց արդէն, վաթսունի մօտերուն, մօտ տասնհինգ տարի առաջ։ Եկեր էր մինակ, բայց շատոնց քաղաք գացած գիւղի բնակիչներէն մէկուն ուղեկցութեամբ։

Ուրբաթ, Փետրուար 12, 2021

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Վերջալոյսը երկունքի շրջան մըն է շատերուն համար, քանի որ անոր կը յաջորդէ խորհրդաւոր գիշերը՝ մութը եւ խաւարը։ Մութը, արդարեւ ունի իր խորհուրդը, ան կը ծածկէ ամէն իրողութիւն, ամէն երեւոյթ եւ ամէն ճշմարտութիւն։

Էջեր