Արխիւ
Երէկ կէս գիշերուան դրութեամբ Ուքրայնոյ արեւելքին սկսաւ լիակատար հրադադարի գործադրութիւնը։ Այսպէս, հերթական անգամ կը փորձուի հրադադար հաստատել այս լարուած տարածքաշրջանէն ներս, ուր բախումները չեն դադրիր։
Ընկերային ցանցերու վրայ լայն արձագանգ գտած է ամուսնութեան լուր մը։ Այսպէս, մեր համայնքէն գործարար Արման Պըչաքճը ամուսնացած է դերասանուհի Սոնկիւլ Էօտէնի հետ։
Էրտողան եւ Փութին երէկուան հեռախօսազրոյցի ընթացքին անդրադարձան Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ ստեղծուած լարուածութեան:
Անգարա եւ Պաքու որոշած են օգոստոսի սկիզբին լայնածաւալ ռազմափորձեր իրականացնել Նախիջեւանի մէջ՝ զանազան զօրքերու ստորաբաժանումներու մասնակցութեամբ:
«YouTube»ի վրայ «Keyif Köşesi» ծրագրի ընթացքին հաղորդավար Շեպնէմ Ուզունարսլանի հարցազրոյցը:
Արման Սուճիեան մանրամասնօրէն բացատրեց իր ասպարէզի եզակի ոդիսականը՝ որպէս գոհարեղէններու ծրագրաւորող:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայկական ծագումով պետական եւ ռազմական գործիչ Փոլ Իկնէյշըս այս տարի կը դառնայ 100 տարեկան: Ան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ամենաբարձր պետական պաշտօնը երբեւէ զբաղեցուցած հայն է:
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
Ամէն վիճակ իրեն յատուկ լուծումը կամ լուծումները ունի, ինչպէս ամէն վիճակ արդիւնք է նախավիճակի մը, որմէ ունինք այն ինչ ունինք: «Գանք մեր գառնուկին», պիտի ըսէր իմ երկրաչափներէս մին։
Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Խօսք. «Հացը, որ Ես պիտի տամ՝ Իմ մարմինս է, որպէսզի աշխարհը կեանք ունենայ» (Յհ 6.52):
Մեկնութիւն. Աւետարանիչը երբ Քրիստոսի խօսքին մասին ճառեց՝ հոգեւոր հացի մասին, որ է Աստուծոյ Բանը, այժմ կը ճառէ հոգեւոր հացին մասին, որ է Պատարագին խորհուրդը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ճշմարտութեան հաղորդակցելու իրաւունքը անպայմանաւոր չէ։ Ամէն մարդ պարտի իր կեանքը համակերպել եղբայրական սիրոյն, համայն մարդկութեան սիրոյն աւետարանական պատուէրին հետ։
Հնդկաստանի արեւելքին աւելի քան 100 մարդ զոհուած է հեղեղներու հետեւանքով։ Այսպէս, Հնդկաստանի արեւեքին եւ հիւսիս-արեւելքին հեղեղներու պատճառով զոհուածներու թիւը աւելցած է տասնով ու հասած՝ 110-ի։
«Հաննա» փոթորիկը կործանած է Թրամփի պատի մէկ հատուածը Միացեալ Նահանգներու եւ Մեքսիկայի սահմանին վրայ։
Այսպէս, «Հաննա» փոթորկի հարուածը քանդած է այն պատի մէկ հատուածը, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Մեքսիկայի սահմանին վրայ կառուցուած էր անօրինական գաղթականները զսպելու համար:
Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժինը հրապարակեց «Խօսք առ» մրցանակին արդիւնքները։ Անցեալ ապրիլին այս մրցոյթը կազմակերպուած էր քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ։
Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ երէկ տեղեկացուց, որ նոր դէպքերը վերջին օրերուն միջին հաշուով կը մնան նոյն մակարդակին վրայ։ Առողջացած հիւանդներու եւ նոր վարակուածներու թիւի տարբերութիւնն ալ կը պարզէ նոյն պատկերը։
Քեմալ Քըլըչտարօղլու կուսակցապետ վերընտրուեցաւ՝ 37-րդ հերթական ընդհանուր ժողովի արդիւնքով:
Կուսակցական խորհուրդի ընտրութիւնը կրնայ նոր դիմագիծ մը վերագրել գլխաւոր ընդդիմադիր ուժին:
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Ուքրայնոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքի երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, երկու ղեկավարները անդրադարձան Ուքրայնոյ տագնապին եւ լուծման հեռանկարներուն։
Ռուսաստանի մէջ հայերու եւ ատրպէյճանցիներու միջեւ ծագած դէպքերու լոյսին տակ:
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները հանդէս եկան հերթական յայտարարութեամբ:
Հանրապետութեան նախագահը շաբաթավերջին Իսթանպուլի մէջ հիւրընկալեց Լիպիոյ վարչապետը:
Էրտողան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Մահմուտ Ապպասի հետ՝ կրկնելով Թուրքիոյ զօրակցութիւնը ի նպաստ Պաղեստինի:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համայնքի երիտասարդներէն Արիս Նշան փայլուն յաջողութիւն մը արձանագրած է համալսարանի մտից քննութիւններուն մէջ։ Ան Էսաեան վարժարանի յաջողագոյն աշակերտներէն մին եղած է եւ ինքզինք արդարացուցած է նաեւ համալսարանի մտից քննութիւններուն, որոնք բոլոր երիտասարդներուն տեսակէտէ ճակատագրական փուլ մը, բեկումնային պահ մը կը համարուին։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Վերջերս միջազգային զանազան աղբիւրներու մէջ հաղորդուած է, որ քորոնաժահրի համաճարակի պատճառով սահմանուած մեկուսացման պայմաններու ներքեւ աճ արձանագրած են կիներու դէմ բռնութեան դէպքերը։
ՄԿՐՏԻՉ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ
Բարձրահասակ ու հաստ ակնոցներով ծերուկը երերուն քայլերով մուտք գործեց սրահ: Մտածեցի, որ, յարկը շփոթելով, սխալմամբ մտած է մեր մօտ:
ՏՔԹ. ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ
Տասնամեակներէ ի վեր որպէս մանկավարժ, հասարակական գործիչ ու քաղաքացի ո՛չ միայն սատար կեցած եմ բնապահպանութեան համար տարուող ջանքերուն եւ ծրագիրներուն, այլեւ գրեթէ քառասուն տարի յատուկ ուշադրութիւն դարձուցած եմ, որ աշակերտներս դաստիարակեմ մեր մեծ հայրենիքի՝ Մայր Երկրագունդի պահպանութեան ուղղութեամբ: