Արխիւ

Երկուշաբթի, Յունիս 15, 2015

Սե­բաս­տա­հա­յոց Հայ­րե­նակ­ցա­կան միու­թեան հա­ւա­քա­տե­ղիի պաշ­տօ­նա­կան բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը շա­բա­թա­վեր­ջին ար­ժա­նա­ցաւ հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րու ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թեան։ Գուր­թու­լու­շի մէջ շէն­քի մը մուտ­քին հաս­տա­տուած է միու­թեան նոր հա­ւա­քա­տե­ղին, ո­րու պաշ­տօ­նա­կան բաց­ման ժա­մա­նակ ստեղ­ծուե­ցաւ բարձր տրա­մադ­րու­թիւն։

Երկուշաբթի, Յունիս 15, 2015

Մխիթարեանի ընտանիքը երէկ մեծ ջերմութեամբ եւ անմիջականութեամբ հիւրընկալեց Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանի աշակերտութիւնը:
Տղաքը հաճելի ժամանց ունեցան Արման Քէօսէի գլխաւորութեամբ գործադրուած յայտագրով, նաեւ նուէրներ ստացան ձեռնարկի կազմակերպիչներուն կողմէ:

Երկուշաբթի, Յունիս 15, 2015

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ երէկուան կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական հանդիսութիւնները:
Արարողութիւններուն նախագահեց Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան: Ներկայ էր նաեւ երեսփոխան Մարգար Էսաեան:

Երկուշաբթի, Յունիս 15, 2015

​19-րդ դա­րա­վեր­ջի եւ 20-րդ դա­րու հա­յազ­գի շուրջ քսան լու­սան­կա­րիչ­նե­րու գոր­ծե­րը ներ­կա­յա­ցուած են այս օ­րե­րուն Ե­րե­ւա­նի մէջ բա­ցուած ե­զա­կի ցու­ցա­հան­դէ­սով մը, որ կը կո­չուի «Յայտ­նի­նե­րը՝ հայ լու­սան­կա­րիչ­նե­րու աչ­քե­րով»։ «Ե­րե­ւա­նեան ա­մառ 2015» մի­ջո­ցա­ռում­նե­րուն շրջագ­ծով կ՚ի­րա­կա­նա­ցուի այս ծրա­գի­րը, Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի «Հայ-արթ» մշա­կու­թա­յին կեդ­րո­նի յար­կէն ներս։

Երկուշաբթի, Յունիս 15, 2015

«Եւ­րօ-2016» ֆութ­պո­լի ա­խո­յե­նու­թեան ո­րա­կա­ւոր­ման հան­դի­պում­նե­րուն շրջագ­ծով, շա­բա­թա­վեր­ջին, Ե­րե­ւա­նի մէջ Հա­յաս­տա­նի ֆութ­պո­լի ազ­գա­յին հա­ւա­քա­կա­նը հիւ­րըն­կա­լեց Փոր­թու­գա­լը։ Սա հայ­կա­կան ընտ­րա­նիի ա­ռա­ջին լուրջ քննու­թիւնն էր նո­րան­շա­նակ ա­ւագ մար­զիչ Սար­գիս Յով­սէ­փեա­նի հսկո­ղու­թեան ներ­քեւ։

Երկուշաբթի, Յունիս 15, 2015

ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի ա­մե­րի­կա­ցի հա­մա­նա­խա­գահ դես­պան Ճէյմս Ո­ւոր­լիք տե­սակ­ցե­ցաւ Կար­միր խա­չի մի­ջազ­գա­յին կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, ա­մե­րի­կա­ցի հա­մա­նա­խա­գա­հը այս շրջա­նին Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան տա­րած­քէն ներս կ՚ի­րա­կա­նաց­նէ բազ­մաբ­նոյթ շփում­ներ։

Երկուշաբթի, Յունիս 15, 2015

​Թիֆլիզի մէջ տեղի ունեցած ջրհեղեղը խլեց տասնեակ կեանքեր ու պատճառեց ահաւոր վնաս մը:
Զոհերու կարգին կան նաեւ հայեր: Հայաստանի ղեկավարութիւնը ծանր վիճակին առջեւ փութով զօրակցութիւն յայտնեց Վրաստանի իշխանութիւններուն
 

Երկուշաբթի, Յունիս 15, 2015

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

​Այն ինչ, որ պա­տա­հե­ցաւ Իտ­լի­պի մէջ, անս­պա­սե­լի չէր: «Ալ Նըս­րա» ճա­կա­տի զի­նեալ­ներ մուտք գոր­ծած են տիւր­զի­նե­րով բնա­կե­ցուած «Քալպ Ալ Լաուզ» ա­ւա­նը, ուր սպան­նած են քսան տիւր­զի­ներ:

Երկուշաբթի, Յունիս 15, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յա­ճախ կը հար­ցուի, թէ Աս­տուած ին­չո՞ւ ստեղ­ծեց «չար»ը, կամ ին­չո՞ւ ար­տօ­նեց չա­րու­թեան։ Ու­րիշ ա­ռիթ­նե­րով ալ անդ­րա­դար­ձած էինք, թէ Աս­տուած չէ՛ ստեղ­ծած «չար»ը, քա­նի որ «չ­»ա­րա­րած է, այ­սինքն ստե­ծուած չէ։

Շաբաթ, Յունիս 13, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ընդ­հա­նուր Ե­կե­ղեց­ւոյ պատ­մու­թիւ­նը կը վկա­յէ՝ թէ դա­րե՜ր շա­րու­նակ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու մի­ջեւ Ս. Հա­ղոր­դու­թեան Խոր­հուր­դին վե­րա­բե­րեալ վէ­ճեր տե­ղի ու­նե­ցած են, ո­րոնք ո՛չ թէ միա­ցու­ցած, այլ մա­նա­ւանդ հե­ռա­ցու­ցա՛ծ են ե­կե­ղե­ցի­նե­րը ի­րար­մէ, դժբախ­տա­բա՛ր։

Շաբաթ, Յունիս 13, 2015

Թոփ­գա­բուի Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նի շրջա­նա­ւար­տու­թեան հան­դէ­սը կա­յա­ցաւ թա­ղի ե­կե­ղեց­ւոյ «Իլգ­գան» սրա­հին մէջ։ Ներ­կայ էին տեղ­ւոյն թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րը՝ գլխա­ւո­րու­թեամբ ա­տե­նա­պետ Մու­րատ Չա­քա­նի, վար­ժա­րա­նի հիմ­նադ­րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ե­դուարդ Հար­բութ, Ս. Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղա­րու­հի Սիլ­վա Թրի­քա, նախ­կին ա­տե­նա­պե­տու­հի ու բա­րե­րար Մո­նիք Եր­կա­նեան, ծնո­ղաց միու­թե­նէն ան­դամ­ներ, կրթա­կան մշակ­ներ եւ հրա­ւի­րեալ­ներ։ Յայ­տագ­րի տե­ւո­ղու­թեան ար­տա­յայ­տուե­ցան տնօ­րէ­նու­հի Ա­նի­թա Թու­մա­յեան, Մու­րատ Չա­քան եւ Ե­դուարդ Հար­բութ, ո­րոնք շնոր­հա­ւո­րե­ցին շրջա­նա­ւարտ­նե­րը։

Շաբաթ, Յունիս 13, 2015

Պէզ­ճեան Մայր վար­ժա­րա­նի շրջա­նա­ւար­տից հան­դէ­սը տե­ղի ու­նե­ցաւ Գում­գա­բուի Մայր ե­կե­ղեց­ւոյ յա­րա­կից «Յա­րու­թիւն Ա­մի­րա Պէզ­ճեան» սրա­հին մէջ։ Ձեր­նար­կին ներ­կայ էին տեղ­ւոյն թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Հրանդ Մոս­կո­ֆեան եւ իր լծա­կից ըն­կեր­նե­րը, հիմ­նադ­րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Սե­ւան Կիւ­րին, տնօ­րէ­նու­հի Ե­ղի­սա­բէթ Չա­թա­նաս­լան, հրա­ւի­րեալ­ներ ու ա­շա­կերտ­ներ։

Շաբաթ, Յունիս 13, 2015

Ֆէ­րի­գիւ­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի շրջա­նա­ւար­տու­թեան հան­դէ­սը տե­ղի ու­նե­ցաւ վար­ժա­րա­նի ըն­դար­ձակ պար­տէ­զին մէջ։ Հան­դի­սու­թեան ներ­կայ գտնուե­ցան թա­ղի Ս. Վար­դա­նանց ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. Զօհ­րապ Քհնյ. Ճի­վա­նեան, Շիշ­լիի փոխ-քա­ղա­քա­պետ Վազ­գէն Պա­րըն, տեղ­ւոյն թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րը՝ գլխա­ւո­րու­թեամբ ա­տե­նա­պետ Մա­նուկ Էօ­ղէր, Պէ­շիկ­թա­շի քա­ղա­քա­պե­տու­թե­նէն խորհր­դա­կան Նուր­հան Փա­լա­քօղ­լու, հիմ­նադ­րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ա­ւե­տիս Հա­ճըն­լեան եւ տնօ­րէ­նու­հի Ար­փի Մա­նու­կեան։

Շաբաթ, Յունիս 13, 2015

Նոր­վե­կիոյ մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Օս­լո­յի մէջ կա­յա­ցած Եւ­րո­պա­կան միու­թեան Մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան եւ «Europa Nostra» մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թեան հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թեան ըն­թաց­քին Տիար­պա­քը­րի Ս. Կի­րա­կոս հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցիին շնոր­հուե­ցաւ եօթ գլխա­ւոր մրցա­նակ­նե­րէն մէ­կը։

Շաբաթ, Յունիս 13, 2015

Սուրբ Խաչ դպրեվանքի երէկուան շրջանաւարտից հանդէսը դարձաւ իւրայատուկ պահ մը վարժարանի 62-ամեայ պանծալի պատմութեան մէջ:
Փոխ-վարչապետ Պիւլենտ Արընչ կրթօճախի սրահին մէջ ունեցած իր ելոյթին ժամանակ մաղթեց, որ օր մը Հայաստանէն վարչապետ մըն ալ ներկայ ըլլայ այս արարողութեան:

Շաբաթ, Յունիս 13, 2015

Երաժշտական փառատօնի շրջագծով քաղաքս հիւրընկալեց պատուաբեր ներկայութիւն մը:
Սրբոց Որդւոց Որոտման եկեղեցւոյ մէջ կայացած համերգը ունէր անդրանիկ ելոյթի մը հանգամանքը:

Շաբաթ, Յունիս 13, 2015

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷ­ՊԷ­ՃԵԱՆ

Ապ­րիլ 28 2015: Քա­թա­րէն աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­լու­թեամբ կը մեկ­նիմ Թո­քիօ: Ա­ռա­ջին ան­գամն է, որ Ճա­բոն պի­տի այ­ցե­լեմ: Բնա­կա­նա­բար կը հե­տե­ւինք Ճա­բո­նի ճար­տա­րա­րուես­տա­կան յա­ռաջ­խա­ղաց­քին եւ գի­տենք, որ այդ եր­կի­րը իր ար­տադ­րու­թիւն­նե­րով ո­ղո­ղած է աշ­խար­հի շու­կան, բայց նաեւ կար­դա­ցած եմ պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին ա­նոր սխրա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն մա­սին:

Շաբաթ, Յունիս 13, 2015

ՆԱ­ԶԱ­ՐԷԹ ՊԷՐ­ՊԷ­ՐԵԱՆ

Հայ ժո­ղո­վուրդն ու հայ­կա­կան մշա­կոյ­թը հա­մաշ­խար­հա­յին հռչա­կի ար­ժա­նաց­նող եւ մի­ջազ­գա­յին ա­րո­ւես­տա­սէր հա­սա­րա­կու­թեան սիրե­լի դարձ­նող մե­ծա­նուն հա­յե­րու փա­ղան­գին մէջ, իր բարձ­րա­դիր պա­տո­ւան­դա­նը ու­նի Ա­րամ ­Խա­չատ­րեան, ո­րուն ծննդեան տա­րե­դար­ձը կը տօ­նենք ­Յու­նիս 6-ի օ­րը։

Շաբաթ, Յունիս 13, 2015

Փա­րի­զի Հայ մշա­կոյ­թի տան «Տէ­մի­րեան» սրա­հին մէջ Հա­մազ­գա­յի­նը կազ­մա­կեր­պած էր ձեռ­նարկ մը, ո­րու ըն­թաց­քին բա­նա­խօ­սեց պատ­մա­բան Ա­նա­հիտ Տէր-Մի­նա­սեան։ Ձեռ­նար­կին ա­ռիթ տուած էր Կա­րօ Սա­սու­նիի «Լեռ­նե­րու խոր­հուր­դը» հա­տո­րին ֆրան­սե­րէ­նով կա­տա­րուած հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը «Փա­րան­թէզ» հրա­տա­րակ­չա­տան կող­մէ, «Որ­սոր­դը» խո­րագ­րով։ Հա­տո­րը թարգ­մա­նած է Բաբ­գէն Սա­սու­նի, իսկ վեր­ջա­բա­նի հե­ղի­նակն է Ա­նա­հիտ Տէր-Մի­նա­սեան։

Շաբաթ, Յունիս 13, 2015

Քո­փեն­հա­կի հա­մալ­սա­րա­նին մէջ ու­սում­նա­սի­րո­ւած են 101 հնա­գոյն ծննդա­կան նմոյշ­ներ Եւ­րոա­սիա­յի տար­բեր շրջան­նե­րէն:

Էջեր