Արխիւ

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 5, 2019

Պատ­րաս­տեց՝ ՆԱ­ՐԷ ԳԱ­ԼԵՄ­ՔԷ­ՐԵԱՆ

Երկիր մոլորակի վրայ ապագային կեանքի գոյատեւումը յաճախ խորհրդաժողովներու, գիտաժողովներու, ուսումնասիրութիւններու եւ բանավէճերու նիւթ կը դառնայ: Մարդկային գործօնը միշտ կը նկատուի սպառնալիք՝ կեանքի գոյատեւումին:

 

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 5, 2019

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Այդ կիրակի երեկոյ, պարոն Արամ բաւական ուշ իր սենեակը քաշուեցաւ: Անձայն եւ նոյնքան ալ անշշուկ: Ուտել խմելէն եւ մաղթանքներ լսելէն յոգնած, գրեթէ ուժասպառ եղած էր:

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 5, 2019

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Լոս Անճելոսի մէջ վերջերս կազմուած «Արեւմտեան Ամերիկայի համահայկական խորհուրդ»ի անդամներէն Տքթ. Վիգէն Յովսէփեան կը պատասխանէ մեր հարցումներուն։ Նշենք, որ ազգային հասարակական գործունէութիւն ծաւալող Յովսէփեան քաջածանօթ անուն մըն է Ամերիկայի Արեւմտեան ափի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի արտաքին գերատեսչութեան շրջանակներուն համար։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 5, 2019

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանը, որուն կ՚ընկերանային իր գործակից ընկերներէն Դաւիթ Տամլա եւ Մինաս Արսլան։ Ինչպէս ծանօթ է, յառաջիկայ շաբաթավերջին նախատեսուած է Պէզճեան Մայր վարժարանի ի նպաստ տարեկան աւանդական մատաղօրհնութիւնը։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 5, 2019

​Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Լիթվանիայի խորհրդարանի նախագահ Վիքթորիա Փրանցքետիսի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը, որ վերջին օրերուն պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Հայաստան։ Վեհարանի երդիքին տակ Վեհափառ Հայրապետը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց հիւր խորհրդարանի նախագահը։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 5, 2019

Երէկ երեկոյեան Երեւանի մէջ բեմադրուեցաւ «Երկրի հակառակ կողմը» խորագրեալ ներկայացումը։ Սա Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ հեղինակուած համանուն վէպի հիման վրայ կատարուած ներկայացումն է։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 5, 2019

Երեւանի Պետական համալսարանը կը նշէ իր հիմնադրութեան 100-ամեակը՝ զանազան ձեռնարկներով:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ելոյթով մը հանդէս եկաւ Օփերայի մէջ կազմակերպուած երեկոյթին ժամանակ:

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 5, 2019

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին պաշտօնական յատկանշական այցելութիւնը դէպի Սերպիա:
Արմէն Սարգսեան եւ Ալեքսանտր Վուչիչ կանգ առին համագործակցութեան զարգացման հեռանկարներուն վրայ:

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 5, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Հրեշ­տակ­նե­րը մէկ ա­նուն ու­նին՝ ՍԷՐ. սա­տա­նա­ներն ալ մէկ՝ ՆԱ­ԽԱՆՁ», կ՚ը­սէ Գրի­գոր Օ­տեան։
Ար­դա­րեւ սէ­րը մար­դուս ա­մե­նէն հիմ­նա­կան եւ ազ­նիւ զգա­ցումն է։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 4, 2019

Հրեայ համայնքի Նոր տարուան՝ Ռոշ հա-Շանա տօնին առիթով, Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, ուղեկցութեամբ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի, երէկ շնորհաւորական այցելութիւն մը տուաւ Րաբունապետ Ռաւ Իսհաք Հալեւային։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 4, 2019

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Հայ ճարտարապետներու եւ ճարտարագէտներու միութեան (ՀԱՅՃԱՐ) ներկայացուցիչները՝ Գէորգ Էօզգարակէօզն ու Հրաչ Անուշաւան Գըրմըզըեանը։
ՀԱՅՃԱՐ-ի ներկայացուցիչները տեղեկութիւններ տուին իրենց աշխատութեանց եւ նոր ծրագիրներու մասին։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 4, 2019

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ երեկոյեան պաշտօնական այցելութեամբ մեկնեցաւ Պելկրատ։ Սերպիոյ նախագահ Ալեքսանտր Վուչիչի հրաւէրով տեղի կ՚ունենայ այս այցելութիւնը, որու ընթացքին նախագահ Արմէն Սարգսեանի հետ է նաեւ Առաջին տիկին Նունէ Սարգսեան։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 4, 2019

Կրօնական ժողովի ատենապետին մասնակցութեամբ Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ ոգեւոր երեկոյթ:
Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան պատրիարքական ընտրութեան ընդառաջ դրական պատգամներ կու տայ համայնքին:

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 4, 2019

Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացէն ներս տրամաբանական նախընտրութիւն։
Գումգաբուի մէջ երէկ կազմակերպուած լայնախարիսխ խորհրդակցութենէն վերջ Նախաձեռնարկ մարմինը որոշած է ճանապարհը շարունակել պետութեան կողմէ ուղարկուած կանոնադրութեամբ։ Տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան թեկնածուներու եռանուն ցանկը արդէն ուղարկած է կուսակալութեան։
Ըստ Քէօլէդաւիթօղլուի, Ներքին գործոց նախարարութեան շրջանակները կանաչ լոյս չեն վառած վերանայման պահանջի մը համար։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 4, 2019

​ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Կռիւը, դժբախտաբար, մարդկային կեանքի անբաժան եւ սովորական մէկ երեւոյթն է։ Կռիւը երբ կը վերածուի մանաւանդ իրար հարուածելու աստիճանին, ահաւասիկ կ՚ըլլայ քանդիչ արարք մը, որ մարդուն ո՛չ բանականութեան եւ ոչ ալ «մարդ» կոչումին կը պատշաճի։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 4, 2019

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

-Ո՛չ, այդ բոյսը պէտք չէ ջրես...
Իսկոյն կ՚ըսէ Յասմիկ Ցօղիկին, որուն այցելութեան համար եկած ու նոր ներս կը մտնէր, երբ տեսաւ որ Ցօղիկը կը ջրէ իր տան բոյսերը

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 4, 2019

ԵՐԱՄ

Կը բնակիմ Քարական քաղաքի Տիմարիօ փողոցին վրայ։ Ծնունդէս ի վեր։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 3, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Որո՞նք են կեանքի ամենալաւ տարիները։ Մարդիկ կան որ միշտ կարօտը ունին իրենց նախապէս ապրած տարիներուն՝ երջանիկ օրերուն։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 3, 2019

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երկար ժամանակ Միացեալ Նահանգներ ապրած ու ներկայիս Հայաստան վերադարձած հայաստանցի նկարիչ Սամուէլ Սաղաթելեան պատասխանեց մեր հարցումներուն։
-Պրն. Սաղաթելեան, դուք երկար ժամանակ Միացեալ Նահանգներ բնակելէ ետք վերջերս վերադառնալով հաստատուած էք Հայաստան: Ինչպէ՞ս մեկնաբանել ձեր այս վերադարձը:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 3, 2019

Հաւաքեց եւ արդի արեւմտահայերէնի վերածեց՝ 
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հարցում. Ի՞նչ է աղօթքը:
Պատասխան. Սղօթքը այն է, որ միտքդ դէպի Աստուած կը վերցնես, քեզի ըրած բարերարութիւններուն համար շնորհակալ կ՚ըլլաս, եւ արժանաւոր բան մը կը խնդրես:

Էջեր