Արխիւ

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 16, 2018

Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը այս առաւօտ արտահերթ ժողով մը գումարեց Երեւանի մէջ. երեկոյեան կարեւոր յայտարարութիւն:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան թէեւ ձեւականօրէն կը հրաժարի՝ նոր խորհրդարանի կազմաւորումը ապահովելու համար, սակայն երկրէն ներս կը ստեղծուի նուրբ իրավիճակ մը:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 16, 2018

Շիշլիի քաղաքապետութեան «Քենթ» մշակոյթի կեդրոնին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ համակրելի երգիչ Պարթեւ Կարեանի համերգը։ Ինչպէս ծանօթ է, ներկայիս Պարթեւ կը նշէ իր երաժշտական գործունէութեան 40-ամեայ յոբելեանը՝ «Հայ երգով քառասուն տարի» կարգախօսով։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 16, 2018

 Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ այս օրերուն պիտի այցելէ Թուրքիա։ ԱՄՆ-ի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի աղբիւրները հաղորդեցին, որ պետական քարտուղար Փոմփէօ ներկայիս Սէուտական Արաբիա կ՚այցելէ։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 16, 2018

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հիւրընկալեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց փոխ-նախարարի՝ Եւրոպայի եւ Եւրոասիոյ գծով տեղակալ Ճորճ Քենթը, որ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Նիկոլ Փաշինեան ողջունեց այս այցելութիւնը եւ սա լաւ հնարաւորութիւն մը համարեց երկկողմանի յարաբերութիւններու օրակարգը եւ համագործակցութեան զարգացման հնարաւորութիւնները քննարկելու տեսակէտէ։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 16, 2018

ԵՄ-ի Արեւելեան գործընկերութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հաւաքը:
Մնացականեան անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման շուրջ Հայաստանի առաջնահերթութիւններուն:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 16, 2018

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ այցելեց Արցախ։ Ստեփանակերտի մէջ ան հիւրընկալուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի կողմէ։ Քննարկուեցան հայկական երկու պետութիւններու համագործակցութեան վերաբերեալ հարցեր։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2018

Թուրքիա-Հայաստան սահմանին վրայ հերթական անգամ ձերբակալուեցաւ սահմանախախտ մը։ Ռուսական սահմանապահ զօրքերը երէկ սահմանի Արտաշատի հատուածին մէջ ձերբակալեցին այդ սահմանախախտը։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2018

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան այսօր կ՚այցելէ Լիւքսեմպուրկ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Մնացականեան կը մասնակցի Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2018

Սրբոց Թարգմանչաց տօնին առթիւ շաբաթավերջին աւանդական արարողութիւններ տեղի ունեցան մեր զանազան եկեղեցիներուն մէջ։ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան հանդիսապետեց Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ արարողութիւններուն։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2018

Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական հանդիսութիւններ՝ Մէրամէթճեան վարժարանի ի նպաստ տարեկան հանգանակութեան առթիւ:
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախագահեց արարողութիւններուն: Պատարագեց Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան: Պատուոյ հիւրն էր Մուսթաֆա Սարըկիւլ, որ հոգաց մատաղօրհնութեան բոլոր ծախսերը: Ներկայ էր նաեւ Շիշլիի քաղաքապետ Հայրի Ինէօնիւ: Աշակերտներ ծափահարութիւններու արժանացան իրենց յաջող ելոյթներով:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2018

Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Ֆէրիւգիղի մէջ ահազանգ հնչեցուց համայնքէ ներս առկայ անտարբերութեան:
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդը ցաւ յայտնեց Թորոս Ալճանի յայտարարութիւններուն կապակցութեամբ:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2018

Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան մէջ, «Արփի» թատերախումբը շաբաթավերջին ներկայացուց «Չարշըլը Արթին աղա» հայերէն խաղը։ Խումբը, որ զանազան առիթներով բեմ բարձրացած ու հանդիսատեսներու բարձր գնահատանքին արժանացած էր, այս անգամ Թարգմանչաց Վարդապետաց տօնի առիթով, թաղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ քարոզիչ՝ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի օրհնութեամբ, հիւրընկալուեցաւ Գատըգիւղի մէջ։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2018

Գանատայի վարչապետը շաբաթավերջին ջերմ այցելութիւն մը տուաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետը վստահութիւն յայտնեց, թէ Ճասթին Թրիւտօ ապագայի իր տեսլականով մեծ նպաստ մը կը բերէ խաղաղ աշխարհի կառուցման՝ որպէս երիտասարդ ու եռանդուն առաջնորդ:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2018

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Յաճախ ծայրայեղական, երբեմն տրամաբանական՝ բայց անվաւեր, մերթ վիրաւորական՝ բայց առհասարակ բարի…
Վերոյիշեալ տողերը ամերիկահայ վաւերագրող Ստեփան Փարթամեանի մասին է, որ եւրոպական մի քանի երկիրներ այցելելէ ետք արդէն հասած է Հայաստան։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Կռիւ»ը իր ամենալայն իմաստով կը նշանակէ՝ դիմադրել, հակառակիլ, փոխադարձել։ Կռիւը կրնայ ըլլալ մտային պայքար՝ վէճ, բանավէճ, ինչ որ գաղափարներու, տեսակէտներու ընդհարումն է՝ ուրկէ կը ծագի ճշմարտութիւնը։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2018

Թաւշեայ յեղափոխութիւնը նոր իրավիճակ մը ստեղծած էր Հայաստանի մէջ, անոր հերոսը բարձրացնելով պաշտամունքի պատուանդանին վրայ: Այս հերոսը՝ Նիկոլ Փաշինեան կը շարունակէ վայելել միեւնոյն ժողովրդականութիւնը, որուն ուժով ալ կը ջանայ ստեղծել նոր իրավիճակներ: Ժողովրդային զանգուածները տակաւին կը շարունակեն մնալ բարձր տրամադրութեան մէջ՝ խոստացուած լաւ օրերու հաշուոյն:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2018

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդականը՝ Ճոն Պոլթըն հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադարձաւ մօտաւոր ապագային Հայաստան կատարելիք այցելութեան։ Պոլթըն ուղեւորութեան պիտի ձեռնարկէ դէպի Ռուսաստան եւ Հարաւային Կովկասի երկիրները՝ Հայաստան, Վրաստան եւ Ատրպէյճան։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 13, 2018

Իզմիրի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ պատուելի Էնտրու Պրանսընի դատավարութիւնը։ Ինչպէս ծանօթ է, ան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու քաղաքացի է։ Իր ձերբակալութիւնը վերջին շրջանին Անգարայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ ծը-նունդ տուած էր լուրջ տագնապի մը։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 13, 2018

Աշխարհահռչակ տուտուկահար Ճիւան Գասպարեան դարձած է արդէն 90 տարեկան։ Ան հայկական երաժշտական աշխարհի կենդանի առասպելներէն մին է ներկայիս։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 13, 2018

Հայաստան կը նախագահէ Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան:
Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն հրաժեշտ առաւ: Երեւանի ղեկավարութիւնը բարձր մակարդակի վրայ կը հիւրընկալէ Գանատայի վարչապետ Թրիւտոն:

Էջեր