Արխիւ

Շաբաթ, Մարտ 28, 2015

Խոր ցա­ւով վե­րա­հա­սու ե­ղանք, թէ Պէյ­րու­թի մէջ մա­հա­ցած է լի­բա­նա­նահայ գրող, ու­սու­ցիչ, լրագ­րող, հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ Պէ­պօ Սի­մո­նեան (Պետ­րոս Գա­լայ­ճեան):

Շաբաթ, Մարտ 28, 2015

Թուր­քիոյ հրեայ հա­մայն­քը նա­խըն­թաց օր ապ­րե­ցաւ յատ­կան­շա­կան օր մը։ Այս­պէս, Է­տիր­նէի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ վե­րա­նո­րո­գեալ Մեծ սի­նա­կո­կի բաց­ման հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը։

Շաբաթ, Մարտ 28, 2015

«ԱՄՆ-ի արտաքին քաղաքականութիւնը եւ արեւմտահայութիւնը (19-րդ դար-1914)»:
Արման Կիրակոսեանի գրքին շնորհանդէսը երէկ տեղի ունեցաւ ԵՊՀ-ի մէջ:

Շաբաթ, Մարտ 28, 2015

Ֆէ­րի­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քը ե­րէկ խան­դա­վառ օր մը ապ­րե­ցաւ՝ թա­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի ի նպաստ կազ­մա­կեր­պուած քէր­մէ­սին բե­րու­մով։

Շաբաթ, Մարտ 28, 2015

Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Սէյ­րան Օ­հա­նեան յայ­տա­րա­րեց, որ Ատր­պէյ­ճան ի գործ կը դնէ վստա­հու­թեան ձե­ւա­ւո­րու­մը մերժ­ման քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն։ «Ա­զա­տու­թիւն» ռա­տիօ­կա­յա­նի հա­ղոր­դում­նե­րով, Սէյ­րան Օ­հա­նեան դի­տել տուաւ, թէ խա­թա­րե­լով բա­նակ­ցա­յին խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցը՝ Ատր­պէյ­ճան դար­ձեալ գոր­ծի կը դնէ ռազ­մա­տենչ հռե­տո­րա­բա­նու­թիւ­նը, սպա­ռա­զի­նու­թիւն­նե­րու մրցա­վազ­քը եւ կող­մե­րու մի­ջեւ վստա­հու­թեան մթնո­լոր­տի ձե­ւա­ւոր­ման դրու­թիւն­նե­րը մեր­ժե­լու ուղ­ղեալ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը։

Շաբաթ, Մարտ 28, 2015

​Անգարայի ղեկավարութիւնը Ապրիլի 24-ին ընդառաջ խիստ ոճով հանդէս կու գայ Երեւանի հասցէին:
Էրտողան եւ Չավուշօղլու հերթական անգամ յայտարարութիւններ ըրին Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն շուրջ:

Շաբաթ, Մարտ 28, 2015

Դէ­պի Չի­նաս­տան կա­տա­րած պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեան շրջագ­ծով, ե­րէկ, Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան ե­լոյ­թով մը հան­դէս ե­կաւ Փե­քի­նի հա­մալ­սա­րա­նին մէջ։ Ու­սա­նող­նե­րուն եւ դա­սա­խօս­նե­րուն առ­ջեւ ու­նե­ցած ե­լոյ­թին ժա­մա­նակ ան ը­սաւ. «Հա­յաս­տան իր պատ­մու­թեան ամ­բողջ ըն­թաց­քին գտնուած է եր­կու աշ­խարհ­նե­րու՝ Ա­րե­ւել­քի եւ Ա­րեւ­մուտ­քի սահ­մա­նագ­ծին, ինչ որ հայ ժո­ղո­վուր­դը ըն­կա­լե­լի դար­ձու­ցած է թէ՛ Եւ­րո­պա­յի եւ թէ Ա­սիոյ հա­մար։

Շաբաթ, Մարտ 28, 2015

Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Դ. Դաս-երգչախումբը երէկ երեկոյեան հանդէս եկաւ հոգեւոր փայլուն համերգով մը:
Խմբավար Ատրուշան Հալաճեան եւ իր սաները պանծացուցին հայկական երաժշտութիւնը: Ձեռնարկին ներկայ էր նաեւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան:

Շաբաթ, Մարտ 28, 2015

Սե­փա­կան լրա­տուու­թիւն.-

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Ֆրան­սուա Օ­լան­տի բարձր հո­վա­նա­ւո­րու­թեան ներ­քեւ, Փա­րի­զի մէջ կազ­մա­կեր­պուած «Ա­ռա­ջին աշ­խար­հա­մար­տի ըն­թաց­քին Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան մէջ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը. Հե­տա­զօ­տու­թեան 100 տա­րի» խո­րագ­րեալ գի­տա­ժո­ղո­վը այ­սօր կը հաս­նի իր ա­ւար­տին։ Ֆրան­սա­յի Ազ­գա­յին գրա­դա­րա­նի եր­դի­քին տակ տե­ղի կ՚ու­նե­նան եզ­րա­փա­կիչ փու­լի գի­տա­կան նիս­տե­րը։  

Շաբաթ, Մարտ 28, 2015

ՀԲԸՄ, EGAM եւ «DurDe»կը շարունակեն իրենց համագործակցութիւնը այս տարի եւս։
Ապրիլի 24-ի սեմին կը շեշտուի մարդկային հարթութեան վրայ ոգեկոչման կարեւորութիւնը։

Շաբաթ, Մարտ 28, 2015

Ֆրանսական մշակոյթի կեդրոնին մէջ բացուած լուսանկարչական ցուցահանդէսէն վերջ Tarih Vakfı-ի երդիքին տակ ասուլիս:
Ըստ ընկերաբան Նեշէ էօզկէնի, Թուրքիա-Հայաստան սահմանին փակ մնալը կը խոչընդոտէ յիշողութեան փոխանակումները:

Ուրբաթ, Մարտ 27, 2015

 ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հոն ուր կայ ի­րա­ւունք, ի­րա­ւունք վա­յե­լում եւ ա­զա­տու­թիւն, հոն կայ նաեւ պա­տաս­խա­նա­տուու­թի՛ւն։

Ար­դա­րեւ, աշ­խար­հի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւ­նը եւ մարդ ա­րա­րա­ծին ա­րար­չու­թիւնն ալ հիմ­նուած է այս մշտնջե­նա­ւոր սկզբուն­քին վրայ։

Ուրբաթ, Մարտ 27, 2015

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան ե­րէկ հե­ռա­խօ­սազ­րոյց մը ու­նե­ցաւ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Նա­խա­գահ Պա­րաք Օ­պա­մա­յի հետ։ Կը հա­ղոր­դուի, որ եր­կու նա­խա­գահ­նե­րը անդ­րա­դար­ձան «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւոր­ման դէմ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին։

Ուրբաթ, Մարտ 27, 2015

Հա­յաս­տա­նի Վար­չա­պետ Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան ե­րէկ հա­մախմ­բեց երկ­րի շարք մը նախ­կին վար­չա­պետ­նե­րը։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, «Վար­չա­պետ­նե­րու ա­կումբ» կո­չուած այս հա­ւա­քոյ­թը ա­ռա­ջի­նը ե­ղաւ իր նման­նե­րու շար­քին։

Ուրբաթ, Մարտ 27, 2015

Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Սերժ Սարգ­սեան ե­րէ­կուան հան­դի­պում­նե­րուն ըն­թաց­քին շեշ­տեց, որ Հա­յաս­տան Չի­նաս­տա­նի հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը կը դի­տար­կէ որ­պէս իր ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան կա­րե­ւոր ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րէն մին։

Ուրբաթ, Մարտ 27, 2015

Ե­րէկ, հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբագ­րա­տանս մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու Ֆէ­րի­գիւ­ղի Ս. Վար­դա­նանց Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բի ըն­տա­նի­քին կող­մէ ե­րեք ար­ժէ­քա­ւոր ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ՝ Ա­նի Սա­րա­ճան, Սա­րօ Սի­րա­կա­նեան եւ Նու­պար Կիւ­զէլ­տէվ­լէ­թեան։

Ուրբաթ, Մարտ 27, 2015

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան ե­րէկ հե­ռա­խօ­սազ­րոյց մը ու­նե­ցաւ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Նա­խա­գահ Պա­րաք Օ­պա­մա­յի հետ։ Կը հա­ղոր­դուի, որ եր­կու նա­խա­գահ­նե­րը անդ­րա­դար­ձան «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւոր­ման դէմ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին։

Ուրբաթ, Մարտ 27, 2015

Մեսուտ Թուֆանի եւ Զաւէն Խաչիկեանի գործերը կը ցուցադրուին Ֆրանսական մշակոյթի կեդրոնին մէջ։
Կարսի, Կիւմրիի եւ պատմական Անիի նկարահանումներուն փայլուն արդիւնքը կը գործէ խոր տպաւորութիւն ցուցահանդէսի բոլոր այցելուներուն վրայ - Ձեռնարկը բացուեցաւ Աւագ հիւպատոս Միւրիէլ Տոմենաքի խօսքով։

Ուրբաթ, Մարտ 27, 2015

Թուր­քիոյ Մաս­նա­ւոր վար­ժա­րան­նե­րու միու­թեան այս տարուան հա­մա­գու­մա­րը բա­ցա­ռիկ նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցաւ մեր հա­մայն­քին տե­սա­կէ­տէ։

Ուրբաթ, Մարտ 27, 2015

«Հետազօտութեան 100 տարի» խորագրեալ գիտաժողովը երէկ շարունակուեցաւ Փարիզի Հրէից ողջակիզման թանգարանին մէջ:
«Ժամանակ-տարածութիւն, ցեղասպանութեան գործընթացին հանգրուանները» խորագրեալ նիստին առընթեր, խօսուեցաւ նաեւ վկայութիւններու շուրջ:

Էջեր