Արխիւ

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 22, 2021

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութենէն՝ Հայ Եկեղեցւոյ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Քաթարի թեմի առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Եպսկ. Սարգիսեան երէկ պատարագեց Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ։ Ինչպէս ծանօթ է, ան քաղաքս եկած էր՝ մասնակցելու համար նորոգ վախճանեալ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի վերջին օծման։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 22, 2021

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի պետ Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան երէկ կիրակնօրեայ արարողութիւններուն նախագահեց Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ։ Ինչպէս ծանօթ է, ան քաղաքս եկած էր՝ մասնակցելու համար նորոգ վախճանեալ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի վերջին օծման։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 22, 2021

Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը նախագահեց կիրակնամուտքին եւ խօսեցաւ քարոզ մը:
Նորոգ վախճանեալ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի հրաժեշտի բոլոր փուլերը կատարուեցան ամենայն պատշաճութեամբ:

Շաբաթ, Նոյեմբեր 20, 2021

Փաշինեան եւ Ալիեւ յաջորդ ամիս պիտի տեսակցին Պրիւքսելի մէջ, Արեւելեան գործընկերութեան գագաթին:
Երեւեան-Պաքու ուղիղ կապ մը գործել կը սկսի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարներուն միջեւ:

Շաբաթ, Նոյեմբեր 20, 2021

Պատրիարքական Աթոռի Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբի վարիչներէն Խաչիկ Ճանէլ, Մանուկ Քալայճը եւ Վարդան Մառանճը երէկ այցելութիւն մը տուին Կարմիր մահիկի Իսթանպուլի մասնաճիւղի նախագահ Մեհմէտ Ուղուրէլլիին։ Զրոյցի ընթացքին անոնք առաջին հերթին փոխանցեցին Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի ողջոյնները։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 20, 2021

Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Մեհմէտ Նուրի Էրսոյ երէկ կարեւոր յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ՝ Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու համայնքային վաքըֆներու առկախեալ ընտրութեան հարցին շուրջ։ Այսպէս, ան տեղեկացուց, որ մինչեւ յառաջիկայ ապրիլի վերջաւորութիւնը աւարտած պիտի ըլլան ընտրական նոր կանոնադրութեան պատրաստութեան ուղղեալ աշխատանքները։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 20, 2021

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Անտիոքի մեր եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեանը, որ գաւառի մեր համայնքներու հոգեւոր տեսուչն է միեւնոյն ժամանակ։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 20, 2021

Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան վերջերս այցելեց Ֆրեզնօ, ուր Ս. Պատարագ մատոյց տեղւոյն Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ։ Այս արարողութիւնը մայր եկեղեցւոյ կամարներուն ներքեւ համախմբեց հարիւրաւոր հաւատացեալներ, որոնք ունկնդրեցին Նորին Սրբազնութեան քարոզին։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 20, 2021

Պատրիարքարանի դահլիճէն ներս սեղան սարքուեցաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր գլխաւորութեամբ:
Նորոգ վախճանեալ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի կիրակնամուտը այսօր տեղի կ՚ունենայ Ֆէրիգիւղի եկեղեցւոյ երդիքին տակ:

Շաբաթ, Նոյեմբեր 20, 2021

ՏՔԹ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

Բացառիկ տօն մըն է այս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն յատուկ, պատուաբեր տօն մը յիրաւի, երբ աշխարհի ամենէն բազմազբաղ երկիրը օր մը կը յատկացնէ Գոհաբանելու զԱստուած եւ շնորհակալութիւն յայտնելու Իր բոլոր բարիքներուն համար։ Պատիւ ամերիկացի մօտաւոր անցեալի նախագահներուն իրենց բացառիկ նկատառումին համար։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 20, 2021

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Բազմաթիւ լրատուական աղբիւրներ վերջերս գրեցին Հայաստանը եւ նոյնիսկ տարածաշրջանը ցնցած իրադարձութիւններուն մասին։ Անշուշտ, խօսքը կը վերաբերի անցեալ չորեքշաբթի տեղի ունեցած բաւականին բարդ եւ մտահոգիչ դէպքերուն, որոնց հետեւանքով երկու կողմերը՝ Հայաստան եւ Ատրպէյճան տուին բազմաթիւ զոհեր։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 20, 2021

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Այսօր, մենք՝ մարդիկս, Աստուծմէ հեռու կեանք մը կ՚ապրինք, հակառակ բոլոր այն պնդումներուն, որ մենք Աստուածավախ ենք, Աստուածապաշտ ենք, քրիստոնեայ ենք, եկեղեցի կը յաճախենք, եւ այլն:

Շաբաթ, Նոյեմբեր 20, 2021

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ամէն մարդ, կամայ թէ ակամայ դժուարութեան պահերուն յանկարծ կը դառնայ հաւատացեալ եւ Աստուածավախ, որովհետեւ ահն ու սարսափը մարդը հաւատքի բերելու ամրակուռ շնորհքը ունին: Նոյնիսկ անոնք, որոնք իրենց կեանքին մէջ աղօթք մը անգամ չեն ըրած, դժուարութեան պահուն «Աստուած» մը դուրս կու տան իրենց բերնէն:

Շաբաթ, Նոյեմբեր 20, 2021

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը ներկայիս Սիւնիքի մարզէն ներս կը ձեռնարկէ շարք մը ծրագրերու, որոնց նպատակն է համայնքային, կրթական եւ ընկերային նշանակութեամբ շարք մը խնդիրներու լուծումը։ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի նախաձեռնութեամբ սկսած են այս ծրագրերը։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 20, 2021

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն FBI-ի կողմէ բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը այս օրերուն շփումներ ունեցաւ Թուրքիոյ մէջ։ Հիւր պատուիրակութիւնը Անգարայէ ներս այցելեց Անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 20, 2021

Վրաստանի փոխ-վարչապետ ու արտաքին գործոց նախարար Տաւիտ Զալքալիանի յայտարարեց, որ իր երկիրը կը հրաժարի՝ Հարաւային Կովկասի համար նախատեսուած «3+3» ձեւաչափով հարթակին մասնակցելէ։ Վրաստանի խորհրդարանէն ներս ունեցած ելոյթին ժամանակ ան ըսաւ, թէ Թիֆլիզ պիտի չմասնակցի այդ նախաձեռնութեան։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 20, 2021

Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի բանբերը՝ Իպրահիմ Քալըն երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ազգային անվտանգութեան խորհրդական Ճեք Սալըվընի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին շօշափուեցան երկկողմանի քաղաքական ու տնտեսական կապերը, պաշտպանութեան բնագաւառէ ներս համագործակցութեան զարգացման հեռանկարները, նաեւ կարծիքներ փոխանակուեցան համաշխարհային ու տարածաշրջանային խնդիրներու շուրջ։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 19, 2021

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Կեանքի մէջ երեւոյթներ կան, որոնք թէ՛ հոգեւոր եւ թէ՛ մարդկային տեսանկիւնէն հասարակաց նոյն տրամաբանութիւնը ունին:

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 19, 2021

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Մանուկ էի: Կը նստէի մեծ մօրս ծունկերուն քով, երբ ան Աստուածաշունչը կը թերթէր: Դէմքին ծալքերուն շարժումը կը տեսնէի, երբեմն՝ ժպիտը աչքերուն մէջ, երբեմն՝ խոր մտածկոտութիւն մը կը համակէր զայն:

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 19, 2021

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

2003 թուական: Այդ տարիներուն ուսանող էի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ դպրեվանքէն ներս: Ուսանողներուն մէջ օր մը շշուկ բարձրացաւ, թէ Պոլիսէն հայր սուրբ մը եւ մի քանի ուրիշ անձեր որպէս ուսանող դպրեվանք պիտի գան:

Էջեր