Արխիւ

Ուրբաթ, Ապրիլ 9, 2021

Առողջապահութեան նախարարը երէկ ուշագրաւ յայտարարութիւններ ըրաւ քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի ընթացքին շուրջ:
Ըստ Ֆահրետտին Քոճայի՝ մինչեւ յունիս պիտի պատուաստուին երկրի քառասուն տարեկանէ վեր բոլոր քաղաքացիները: Նոր դէպքերը կը բազմանան, այս պահու դրութեամբ խնդիր մը չկայ, սակայն եթէ առկայ թափը շարունակուի, ապա երեք-չորս շաբթուան մէջ հիւանդանոցներու համակարգը կրնայ խցանուիլ:

Հինգշաբթի, Ապրիլ 8, 2021

Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը այս շրջանին իրերայաջորդ համատեղ զօրավարժութիւններ կ՚իրականացնեն։ Ապրիլի 6-8-ին երկու բանակները զօրավարժութիւններ իրականացուցին՝ կապի զօրքերու մասնակցութեամբ։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 8, 2021

«Foreign Policy» ենթադրութիւններ կ՚ընէ Հարաւային Կովկասէ ներս ԱՄՆ-ի ազդեցութեան բարձրացման շուրջ:
Պայտընի վարչախումբը զանազան քայլերով կրնայ նպաստել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման:

Հինգշաբթի, Ապրիլ 8, 2021

Երեւանի կեդրոնին երէկ իգական սեռի ներկայացուցիչներու կողմէ բողոքի ցոյցեր տեղի ունեցան։ Երէկ Աւետման տօնն էր եւ այդ օրը Հայաստանի մէջ կը նշուի նաեւ՝ որպէս Մայրութեան ու գեղեցկութեան տօն։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 8, 2021

Նիկոլ Փաշինեան եւ Վլատիմիր Փութին երէկ Քրեմլինի մէջ բանակցութիւններ վարեցին շուրջ երեքուկէս ժամ:
«Հայաստան-Ռուսաստան յարաբերութիւններու բնոյթը ռազմավարական է եւ այդ համագործակցութիւնը պէտք է զարգանայ»:

Հինգշաբթի, Ապրիլ 8, 2021

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Ինչպէս մեր նախորդ թիւով տեղեկացուցած էինք, Հայաստանի պատմութեան մէջ առաջին անգամ գործարկուած է սփիւռքահայ մասնագէտներու ներգրաւման ծրագիրը, որուն ծիրէն ներս Հայաստանի կառավարութիւնը աշխատանքի համար կը հրաւիրէ սփիւռքահայ վկայեալ ու փորձառու մասնագէտներ: «Ի գործ» կոչուող ծրագրի 2020 թուականի արդիւնքով այս պահուն 52 մասնագէտ արդէն կ՚աշխատի պետական համակարգէն ներս:

Հինգշաբթի, Ապրիլ 8, 2021

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Վստահօրէն անցեալ շաբաթ երեկոն անկիւնադարձային գիշեր մը եղաւ Յորդանանին համար։ Իրաւապահ մարմիններ յաջողեցան կանխել պետական հարուածի փորձ մը, որուն գլխաւոր դերակատարը համարուեցաւ թագաւորական պալատի ապահովական նախկին գլխաւոր պետը։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 8, 2021

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

-Ո՜վ Ռոնտա. եթէ զղջումի վիճակ մը կը ծնի իյնալէ մը ետք, եւ մարդ հոգեւոր ու մարմնաւոր խոշտանգում կը զգայ, ատիկա կը նշանակէ, որ այդ զղջումը ճիշդ չէ՞:
-Ատիկա առաջին օրուան համար արադարացում մը կրնայ ըլլալ:

Հինգշաբթի, Ապրիլ 8, 2021

Ծանօթ է, թէ համավարակի պատճառաւ երկրի առողջապահական պաշտօնական մարմիններու ցուցմունքներով կարգ մը սահմանափակումներ կատարուած էին։ Նոյն սահմանափակումները կը շարունակուին նաեւ ներկայիս։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 8, 2021

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Եթէ պատերազմ չըլլար՝ դժուար թէ գնահատէի ազատութեան գինը: Ազատութեան մէջ ազատութիւնը թափանցիկ է՝ աներեւոյթ:
Եթէ պատերազմ չըլլար, դժուար թէ իմ մտքի ծայրէն երբեւէ անցնէր, որ կարելի է, օր մը աշխարհի ամենաանվտանգ ու ապահով անկիւնը դառնայ վտանգաւոր, անորոշ ու սարսափազդու:

Հինգշաբթի, Ապրիլ 8, 2021

ԽԱԺԱԿ ԱՐՔ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ

Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան, Սուրբ Զատկուայ տօնին առթիւ կրկին ուրախութեամբ կ՚երգենք եւ կը յայտարարենք Հայ Եկեղեցւոյ շարականի հետեւեալ կարեւոր տողերը․
«Քրիստոս իր մահով մահուան յաղթեց
Իսկ իր յարութիւնով մեզի կեանք պարգեւեց»։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 8, 2021

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համայնքի արժէքաւոր երիտասարդուհիներէն Նաիրա Ալթունքեսէր  գերազանց յաջողութիւն մը արձանագրած է իր բարձրագոյն ուսման սկսելուն ընդառաջ։ Ան նոյնաժամանակ ընդունուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէկէ աւելի ամենահեղինակաւոր համալսարանները։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 8, 2021

Ամերիկահայ աշխարհահռչակ հեռուստաաստղ Քիմ Քարտաշեան առաջին անգամ ընդգրկուեցաւ «Forbes» հանդէսին կողմէ պատրաստուած աշխարհի միլիառատէրներու ցանկին։ 40-ամեայ Քիմ Քարտաշեանի կարողութիւնը գնահատուած է 1 միլիառ ամերիկեան տոլար։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 8, 2021

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ

Սփիւռքը հիմա ինչպէ՞ս կը վերաբերուի Հայաստանին՝ պատերազմի մէջ պարտուելէ յետոյ։ Տարբեր ձեւով։ Եթէ խօսքը 1990-ականներէն ի վեր Հայաստանէն մեկնածներու մասին է, ապա անոնց մէկ մասը գացած է նաեւ այն պատճառով, որ փափաքած է որքան հնարաւոր է արագ մոռնալ Հայաստանի եւ իր հայ ըլլալու մասին։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 8, 2021

Մինչ Թուրքիա-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններուն մէջ նոր գործընթաց մը կը սկսի,  Յունական Կիպրոսի ղեկավար Նիքոս Անասթասիատիս երէկ հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով, որոնք մտահոգութիւն ստեղծեցին դրական սպասումներուն տեսակէտէ։ Երբ ԵՄ կը ձգտի Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները զարգացնել, Նիքոս Անասթասիատիս յայտնեց, որ Յունական Կիպրոս կրնայ վեթոյի իրաւունքը օգտագործել Մաքսային միութեան համաձայնութեան այժմէականացման դէմ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 7, 2021

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Քանի մը օրէ ի վեր մեր պարտէզէն մինչեւ մեր փողոցի դուռը հասնող դրացիներուս աղմուկը, կամաց-կամաց հետաքրքրութիւնս սկսած էր շարժել: Իսկ այդ օր, կարծես ժխորի վերածուելով, առաւել եւս ստիպեցին, որ երթամ եւ անձամբ ստուգեմ: Որոշեցի պատճառը հասկնալ:

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 7, 2021

ԵՐԱՄ

Նստիլ արեւուն տակ։ Կենալ արեւուն մէջ։
Գտնել պահը, եւ չփախցնել զայն։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 7, 2021

Մինչ քրիստոնեայ աշխարհէն ներս Ս. Զատկի տօնին առթիւ հոգեւոր ուրախութեան մթնոլորտ ստեղծուած է, եկեղեցիներու առաջնորդներն ալ այս շրջանին կը թարմացնեն իրենց եղբայրական յարաբերութիւնները։ Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Ուղղափառ եկեղեցւոյ տիեզերական պատրիարք Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա.-ը։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 7, 2021

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ իրաւաբան Սիմոն Չեքէմը եւ անդամուհիներէն Պերրին Տայանը։ Ներկայ էին նաեւ Պատրիարքարանի փոխ-դիւանապետ Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան եւ Տ. Տրդատ Ա. Քհնյ. Ուզունեան։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 7, 2021

Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին այսօր կը նշէ Աւետման տօնը։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը այս առթիւ հրապարակեց հետեւեալ պատգամը։

Էջեր