Արխիւ

Հինգշաբթի, Փետրուար 25, 2021

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Մարդ կրնայ ինքզինք աւելի լաւ տեսնել, եթէ զայն ուրիշներուն վրայով նայի: Աստուած իւրաքանչիւր մարդու պարգեւեց այն ինչի կարիքն ունի օգնութեան համար, գործածէ այդ պարգեւը կամ ոչ:

Հինգշաբթի, Փետրուար 25, 2021

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Ազատութիւն»ը մարդուն սկզբնական նկարագիրը, բնութիւնը եւ անջնջելի, մշտնջենական կոչո՛ւմն է։ Արդարեւ, մարդ «ազատ» կը ծնի, յետոյ ազատութիւնը օրինաւոր պայմաններու տակ, ստիպողաբար կը սահմանափակուի, եւ վերջապէս «ազատ» կը մեռնի։

Հինգշաբթի, Փետրուար 25, 2021

Երեւանի «Յովհաննէս Թումանեան» պետական տիկնիկային թատրոնը այս տարի հանդէս պիտի գայ նոր ներկայացումներով: Թատրոնին մէջ նախատեսուած են նաեւ ցուցահանդէսներ, համերգներ:

Հինգշաբթի, Փետրուար 25, 2021

Նիւ Եորքի Մեթրոփոլիթըն աշխարհահռչակ թանգարանը այս շրջանին առցանց ծրագրի մը ներգրաւուած է՝ ամերիկահայ հռչակաւոր ու անմոռանալի նկարիչ Արշիլ Կորքիի (1904-1948) մասին։ Այս նախագիծը կեանքի կը կոչուի սփիռքահայ երկու ծանօթ արուեստագէտներու՝ շարժանկարի բեմադրիչ Ատոմ Էկոյեանի եւ երաժիշտ Մերի Գույումճեանի կողմէ Մեթրոփոլիթըն թանգարանի հետ յառաջ տարուած համագործակցութեան շնորհիւ։

Հինգշաբթի, Փետրուար 25, 2021

Հաւանաբար, եկած է ժամանակը առարկայականօրէն եւ առանց աւելորդ յոյզերու գնահատելու, թէ ինչպէ՛ս եղած է, որ պետական կառավարման բացարձակապէս անընդունակ, ձախողած եւ անհաշուելի կորուստներու համար պատասխանատու Հայաստանի իշխանութիւնը կը շարունակէ վայելել մեր քաղաքացիներու որոշ մասի վստահութիւնը։

Հինգշաբթի, Փետրուար 25, 2021

Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի հետ ապագայ յարաբերութիւններու հարցին մէջ կը կարեւորուի գերիներու խնդրի լուծումը։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանին տուած հարցազրոյցին մէջ ան շեշտեց, որ ապագայ գործողութիւններու տրամաբանութիւնը կը պայմանաւորուի Ատրպէյճանով։

Հինգշաբթի, Փետրուար 25, 2021

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը հիւրընկալեց ռուս խաղաղապահներու հրամանատարը:
Արմէն Սարգսեան եւ Ռուստամ Մուրատով անդրադարձան Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման խնդիրներուն:

Հինգշաբթի, Փետրուար 25, 2021

Վարչապետարանի շուրջ միշտ լարուածութիւն՝ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջին զուգահեռ:
«Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ի քաղաքացիական անհնազանդութեան ցոյցերը անընդհատ կը շարունակուին: Այժմ Հայաստանի առկայ ծանր իրավիճակին մէջ հակազդեցութեան ալիքը տարածում կը գտնէ զանազան ուղղութիւններով:

Հինգշաբթի, Փետրուար 25, 2021

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Իսրայէլի մամուլին մօտէն հետեւողներ լաւապէս պիտի նկատեն, որ Թել Աւիւի պաշտօնական մարմիններուն մօտ այս օրերուն լարուած մթնոլորտ մը կը տիրէ։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 24, 2021

ՊԵԼԼԱ ԼԱԼԱՅԵԱՆ
Արեւելահայերէնէ վերածեց՝
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Ես չէի գիտեր, որ աս կրնայ ըլլալ իմ տատիկի տան վերջին լուսանկարը...
Այդ օրը ես կը խորհէի, թէ հերթական լուսանկարն է, հերթական նոյն լուսանկարը, զոր միշտ կը քաշեմ նոյն տեղէն...

Չորեքշաբթի, Փետրուար 24, 2021

ԵՐԱՄ

Դիմացը նկար մըն է։ Իրական նկար մը, տեսադաշտի բնական շրջանակին մէջ առնուած։ Ցուցասրահի մուտքն է, որ կ՚երեւի, այստեղէն՝ դուրսէն ներս։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 24, 2021

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտնեց, որ երկարաժամկէտ խաղաղութեան հաստատումը կախեալ է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռազմական գործողութիւններու աւարտին ստեղծուած իրավիճակի ճիշդ գնահատականէն։ Իր խօսքով՝ Ատրպէյճան վերականգնած է միջազգային իրաւունքը, գործնական նոր իրողութիւններ ստեղծուած են տարածքաշրջանի եւ աշխարհի մէջ։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 24, 2021

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան յայտարարեց, որ Երեւան յանձնառու է Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացի վերսկսման, սակայն Պաքուի կողմէ խաղաղութեան տեսակէտէ նպաստաւոր միջավայրի մը ձեւաւորման ուղղութեամբ նախադրեալներ տակաւին նկատելի չեն։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 24, 2021

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճան կը փորձէ գերիներու խնդիրը դարձնել նաեւ սակարկութեան առարկայ։ Ըստ իրեն, Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմին վերջ տուած հրադադարի համաձայնութեամբ ձեւակերպուած պարտաւորութիւնները կը բաժնեն այդ փաստաթուղթին տակ ստորագրութիւն դրած բոլոր երեք կողմերը։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 24, 2021

Չավուշօղլու. «Թուրքիա համարժէք պատասխան պիտի տայ Հայաստանի իւրաքանչիւր դրական քայլին»:
Տարածքաշրջանէ ներս կայունութեան հաստատումէն վերջ կեանքի պիտի կոչուին ուժանիւթի եւ հաղորդակցութեան ծրագրեր:

Չորեքշաբթի, Փետրուար 24, 2021

Հայաստանի միացեալ ընդդիմութեան կողմէ կազմակերպուած ցոյցերը օրակարգը կը բնորոշեն յետպատերազմեան իրավիճակի մէջ:
«Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ը վարչապետ Փաշինեանի հրաժարականին հետամուտ կը մնայ՝ քաղաքացիական անհնազանդութեան զանազան դրսեւորումներով:

Չորեքշաբթի, Փետրուար 24, 2021

Յետպատերազմեան իրավիճակի մարտահրաւէրները ուշադրութեան առարկայ:
Վեհափառ Հայրապետի նախագահութեամբ քննարկումներ՝ հովուական խնամքի կազմակերպման շուրջ:

Չորեքշաբթի, Փետրուար 24, 2021

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան պատրաստած է Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մասին յուշամատեան մը։ Սա պատմական թաղին վերաբերեալ կարեւոր ուսումնասիրութիւն մըն է ու նոյնպէս կարեւոր ներդրում մը՝ մեր համայնքի հաւաքականութեան յիշողութեան տեսակէտէ։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 24, 2021

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Աստուածաշունչին մէջ «Օրէնք» բառը ընդհանրապէս կը վերաբերի Աստուծոյ պատուիրաններուն եւ տուած կանոններուն ամբողջութեան։ Հետզհետէ, սակայն, այս անունով սկսան ճանչցուիլ Աստուծոյ բոլոր պատուիրանները եւ կանոնները։

Երեքշաբթի, Փետրուար 23, 2021

Անգարայի մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ Թիւրքմենիստանի արտաքին գործոց նախարարներու եռակողմանի հանդիպումը։ Սա այս ձեւաչափով հերթական ժողովն է, որու ծիրէն ներս Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու կը հիւրընկալէ իր պաշտօնակիցները՝ Ճէյհուն Պայրամովը (Ատրպէյճան) եւ Ռաշիտ Մերետովը (Թիւրքմենիստան)։

Էջեր