Արխիւ

Չորեքշաբթի, Մայիս 13, 2020

Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի զինեալ ուժերը երէկ նոր հերթապահութիւն մը իրականացուցին Սուրիոյ հիւսիսին՝ անցեալ մարտին երկու երկիրներու ղեկավարներու միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութեան հիման վրայ։ Սա տասներորդ հերթապահութիւնն էր, որ տեղի ունեցաւ M-4 մայրուղիի մերձակայքին։

Չորեքշաբթի, Մայիս 13, 2020

Քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ Հայաստանէ ներս կը շարունակուին առօրեան աստիճանաբար բնականոնացնելու քայլերը։ Այս առաւօտ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հերթական անգամ հանդէս եկաւ զգուշացումներով։

Չորեքշաբթի, Մայիս 13, 2020

Նախարար Ֆահրետտին Քոճա. «Թուրքիոյ մէջ քորոնաժահրի համաճարակի ծաւալումը արդէն իսկ կանխատեսելի սահմաններու մէջ կը գտնուի»:
Երկրէն ներս ստեղծուած պատկերը կը ցոլացնէ յուսադրիչ ձեռքբերումներ, որոնց պահպանման համար թէեւ անհրաժեշտ է չափազանց զգուշաւորութիւն:

Չորեքշաբթի, Մայիս 13, 2020

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Այն ինչ որ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի նիստերու դահլիճէն ներս, կարծեմ յայտնի է մեր բոլորին:
Բռնութիւնը կանխելու, բռնութեան դէմ օրէնքներ գրելու եւ օրինական ու երկիր կառուցելու համար ի մի եկած պատգամաւորները ինչ-ինչ պատճառներով մտան բռնութեան «փակ օղակ»ին մէջ, որ մինչեւ այս պահը տակաւին լուծում չէ ստացած:

Չորեքշաբթի, Մայիս 13, 2020

Մարտինի ՀՏՓ-ական երեսփոխան Թումա Չելիք զօրակցութեան նամակներ ուղարկեց Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու հոգեւոր կեդրոններուն։ Ան այս քայլը առած է «Gerçek Hayat» պարբերաթերթին կողմէ վերջերս կատարուած հրատարակութիւններուն բերումով։

Չորեքշաբթի, Մայիս 13, 2020

ԵՐԱՄ

Քրաք
կոտրեցին գաճը Զանայի ոտքին։ Հանեցին զայն։
Ազատ էր ան, ազատ էր Զանան։

Չորեքշաբթի, Մայիս 13, 2020

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

-Է՜հ, գիտէք ժամանակին ի՛նչ տիկին էր… ինչպիսի օրինակելի մայր ու կին էր, ինչ գեղեցիկ ընտանիք ունէր։
–Ո՞վ, Էլզա՞ն։
–Այո՛, Էլզան։ Կ՚ըսեն, թէ պատերազմի ատեն կորսնցուցած է խելքը։

Չորեքշաբթի, Մայիս 13, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մանաւանդ ներկայ օրերուն բժիշկին եւ բժշկութեան  կարեւորութեան կ՚անդրադառնան մարդիկ եւ կը վկայեն անոնց կարեւորութեան մարդկային կեանքի մէջ։
Բժիշկը կարեւոր դեր մը կը խաղայ մարդկային անհատական կեանքին մէջ եւ անշուշտ հաւաքական՝ ընկերային կեանքի մէջ։

Երեքշաբթի, Մայիս 12, 2020

Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան այս առաւօտ վիրահատութեան ենթարկուեցաւ Երեւանի «Իզմիրլեան» բժշկական կեդրոնէն ներս։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, հիւանդանոցի տնօրէն Արմէն Չարչեան յայտնեց, որ գործողութիւնը անցած է ծրագրուած ձեւով, Քոչարեանի ինքնազգացողութիւնը բաւարար է ու կը գտնուի բժիշկներու մշտական հսկողութեան ներքեւ։

Երեքշաբթի, Մայիս 12, 2020

Յայտնի մեներգչուհի Մարալ Այվազ վերջերս մասնակցութիւն բերաւ կարեւոր ծրագրի մը։ Վերջին շրջանին երաժշտական աշխարհէ ներս Մարալ Այվազի աստղը կը փայլի միշտ իր խորհրդաւոր ու տպաւորիչ ձայնով։

Երեքշաբթի, Մայիս 12, 2020

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Բրիտանացի նշանաւոր հիւանդապահուհի Ֆլորանս Նայթինկէյլի ծննդեան օրը՝ մայիս 12-ը, աշխարհի մէջ կը նշուի Հիւանդապահուհիներու համաշխարհային օր:

Երեքշաբթի, Մայիս 12, 2020

Յ․ ՊԱԼԵԱՆ

Ոչ յոռետեսութիւն, ոչ լաւատեսութիւն, ոչ միամտութիւն: Նախ մտածելու առաքինութիւն, հռոմէացիներու virtusը, հոգեկան քաջութիւն:

Երեքշաբթի, Մայիս 12, 2020

Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Խօսք. «Հրեաներուն Զատիկի տօնը մօտ էր» (Յհ 6.4):
Մեկնութիւն.
Ասիկա երկրորդ Զատիկն է, որ Աւետարանը կը յիշէ, որովհետեւ առաջինին ժամանակ խարազանով տաճարէն դուրս հանեց, իսկ Պրոպատիկէի մէջ հիւանդը առողջացուց, Պենտէկոստէի կամ Տաղաւարահարացի տօնն էր: 

Երեքշաբթի, Մայիս 12, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ապագան յստակ տեսնելու համար պէտք է յաճախ անցեալին ակնարկ մը նետել։ Մենք ալ այս ուղղութեամբ յաճախ կը թղթատենք մամուլի հին էջեր, գիտնելու համար թէ ի՜նչեր պատահած են անցեալին, եւ մասամբ բաղդատել անոնք ներկայի դէպքերու հետ եւ այդ բաղդատութեան շնորհիւ որոշել ապագան։

Երեքշաբթի, Մայիս 12, 2020

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Եւրոպայի թեմերու առաջնորդները, հայրապետական պատուիրակներն ու առաջնորդական փոխանորդները անցեալ շաբաթավերջին առցանց խորհրդակցութիւն մը ունեցան՝ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ։

Երեքշաբթի, Մայիս 12, 2020

Պաքըրգիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մուտքին անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցած դրան հրկիզման փորձի հարցը արձագանգ գտաւ Ազգային մեծ ժողովէն ներս։ Այսպէս, Տիարպաքըրի երեսփոխան Կարօ Փայլան այս խնդիրը յանձնեց Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլուի նկատառման։

Երեքշաբթի, Մայիս 12, 2020

Հայաստանի նախկին վարչապետ Կարէն Կարապետեան երէկ այցելեց Ազգային ժողով։ Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստանի խորհրդարանէն ներս կը գործէ յատուկ Քննիչ յանձնաժողով մը, որ կ՚ուսումնասիրէ 2016 թուականի ապրիլին Արցախի մէջ պատահած քառօրեայ պատերազմի հանգամանքները։

Երեքշաբթի, Մայիս 12, 2020

Նախագահ Էրտողան կառավարութեան երէկուան առցանց ժողովէն վերջ ուղիղ եթերով հանդէս եկաւ կարեւոր յայտարարութիւններով:
Շաբաթավերջին դարձեալ չորս օրով պիտի սահմանափակուի փողոց դուրս գալը: Կեանքի բնականոնացումը պիտի չնշանակէ վերադառնալ համաճարակի նախորդած կացութեան: 9 քաղաքներու պարագային եւս ելքի եւ մուտքի արգելքները կը վերցուին: Պետութիւնը միշտ օրակարգի վրայ կը պահէ նաեւ տնտեսական խնդիրները:

Երեքշաբթի, Մայիս 12, 2020

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեանի օրհնութեամբ եւ հովանաւորութեամբ:
Թրքագէտ Լուսինէ Սահակեան Լոս Անճելըսի «Ասպարէզ» օրաթերթին բացառիկ հարցազրոյց մը տուաւ վերջին շրջանին իր կատարած ծաւալուն ուսումնասիրութիւններուն շուրջ: Արխիւի տուեալները բազմակողմանիօրէն խոշորացոյցի տակ առնուած են՝ Երեւանի Պետական համալսարանի մասնագէտներուն հետ համագործակցաբար:

Երկուշաբթի, Մայիս 11, 2020

Աշխարհի բոլոր երկիրները կը ջանան ուղղութիւն մը գտնել՝ հակասական տուեալներու մթնոլորտին մէջ:
Քորոնաժահրի համաճարակին բերումով հաստատուած սահմանափակումները կը մեղմացուին վերապահութիւններով:

Էջեր