Արխիւ

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 1, 2020

Ֆրանսացի հրուշակագործ Ժան-Ֆրանսուա Փրէ պատրաստեց կարմիր նուշով զարդարուած տուրմէ գունդ մը։ Այս գունդի պատրաստութեան ժամանակ օգտագործուեցաւ քորոնաժահրի պատկերէն։ 

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 1, 2020

Կարծիքներ՝ քորոնաժահրի մասին, որոնց պէտք չէ հաւատալ։
1- Սխտորը կը պաշտպանէ քորոնաժահրի վարակումէն։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 1, 2020

Խունկը, ինչպէս յայտնի է դեռ հին ժամանակներէն շարք մը բուժիչ յատկութիւններով  օժտուած է:
Հին եգիպտացիները կ՚օգտագործէին խունկը որպէս տարբեր հիւանդութիւններէ ազատելու օգտակար միջոց:

Երեքշաբթի, Մարտ 31, 2020

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ երէկ դարձեալ բախումներ տեղի ունեցան։ Այսպէս, ժամը 19.00-ի սահմաններուն Ատրպէյճանի զօրքերը փորձեցին ներթափանցել Հայաստանի սահմաններէն ներս։

Երեքշաբթի, Մարտ 31, 2020

Հայաստանի ճատրակի հաւաքականի յառաջատար կրոսմայսթըր Լեւոն Արոնեան կորսնցուց իր կողակիցը՝ Արիանա Քաօիլին։ «Բառեր չեմ գտներ արտայայտելու համար իմ վիշտը տիկնոջս՝ Արիանայի մահուան կապակցութեամբ։

Երեքշաբթի, Մարտ 31, 2020

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ Միջազգային աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու ղեկավարները անհանգստութիւն յայտնեցին քորոնաժահրի համաճարակի համաշխարհային տարածման կապակցութեամբ։

Երեքշաբթի, Մարտ 31, 2020

Արցախի ժողովուրդը կը քուէարկէ՝ պաշտօնի կոչելու համար երկրի նոր նախագահն ու խորհրդարանը:
Լեռնային Ղարաբաղի ամբողջ տարածքին առընթեր, այսօր ընտրատեղամաս մըն ալ կը գործէ Երեւանի մէջ:

Երեքշաբթի, Մարտ 31, 2020

Քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ, Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա երէկ երեկոյեան ժամերուն արձագանգ հանդիսացաւ Թուրքիոյ վերաբերեալ վերջին վիճակագրական տուեալներուն։ Այսպէս, երէկ կատարուած է 11 հազար 535 քննութիւն։ Նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուած է 1610 վարակեալ։

Երեքշաբթի, Մարտ 31, 2020

«Ստեղծուած իրավիճակին մէջ մենք բոլորս կոչուած ենք խստագոյնս հետեւելու պետական պատկան մարմիններու ցուցումներուն, առաւելագոյն սթափութիւն եւ զգօնութիւն դրսեւորելու, որպէսզի պատճառ չդառնանք վարակի տարածման, չվտանգենք մեր, մեր հարազատներու եւ հայրենակիցներու առողջութիւնը»:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը պատգամեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն. «Զօրանանք հաւատով ու սիրով, գօտեպնդուինք յոյսով, զինուինք համբերութեամբ եւ փորձութեան այս օրերը դարձնենք հնարաւորութիւն՝ առանձնութեան մէջ խորհելու կեանքի ու հոգեւոր արժէքներու կարեւորութեան, իրարու հանդէպ հոգատարութեան մասին»:

Երեքշաբթի, Մարտ 31, 2020

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Ադրիական ծովու ափին գտնուող Ռիմինի քաղաքի օդակայանը կոչուած է աշխարհահռչակ իտալացի բեմադրիչ Ֆետերիքօ Ֆելլինիի անունով:
Ինչպէս կարգ մը իտալական քաղաքներ, Ռիմինին եւս այս օրերուն գոց է, եւ առողջարանային այդ քաղաքը, որ ամէն եղանակի բազմահազար հիւրեր կ՚ընդունէր, այսօր պարապ ու ամայի է:

Երեքշաբթի, Մարտ 31, 2020

ՄՈՎՍԷՍ Ս. ՀԵՐԿԵԼԵԱՆ

Ես ո՛չ համաճարակաբան եմ եւ ո՛չ ալ բժիշկ: Հոգեբան ալ չեմ: Եւ բնականաբար իմ նմաններուս վերապահուած չէ համաճարակներու մասին կարծիք տալ կամ խրատաբանութիւն ընել, որուն ի սկզբանէ չեմ հաւատացած:

Երեքշաբթի, Մարտ 31, 2020

Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Խօսք. «Որովհետեւ ինչ որ Հայրը կը գործէ, Որդին ալ նոյնը կը գործէ» (Յհ 5.19):
Մեկնութիւն.
Այստեղ կը վերացնէ [այն կարծիքը] երեք պատճառով, որով կը կարծէին թէ Որդին Հօրմէն փոքր է:

Երեքշաբթի, Մարտ 31, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Անգլիական ականաւոր դէմք մը՝ Հըրպըրթ Սփէնսըր լուրջ, հանդարտ, սրադատ, խոկացող միտք մը ունէր. իր գրութիւններուն մէջ բանաստեղծական խանդ ու եռանդ չէր խառներ, իր մտածութեան սեւեռակէտերն էին «իրողութիւն» եւ «սկզբունք»։

Երկուշաբթի, Մարտ 30, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Այսպէս կ՚երեւի, թէ քաղաքակիրթ ժողովուրդներու ապրելու քաջութիւնը կը նուազի։ Գրեթէ ամէն երկրի մէջ ալ տաղանդաւոր անհատներու թիւը կը պակսի։ Այս երեւոյթը ահաբեկիչ նշանակութիւն մը ունի։

Երկուշաբթի, Մարտ 30, 2020

ՊԻԱՆ­ՔԱ ՍԱ­ՐԸԱՍ­ԼԱՆ

Մարդկութեան հասարակաց թշնամին դարձած քորոնաժահրը կը շարունակէ զբաղեցնել ամբողջ աշխարհի օրակարգը։ Մինչ բովանդակ աշխարհ կը պայքարի քորոնաժահրի համաճարակին դէմ, ընկերային ցանցերու վրայ տարածուած է այն վարկածը, թէ 16-րդ դարու բժիշկ, աստղագէտ, գիտնական եւ գուշակ Նոսդրատամուս իր հեղինակած «Մարգարէութիւններ» (Les Prophéties) գիրքին մէջ «կանխատեսած» է քորոնաժահրի ծագումն ու տարածումը։ 

Երկուշաբթի, Մարտ 30, 2020

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

«Ճանչնանք «Քորոնա» ժահրախտը կամ թագաժահրախտը» վերնագիրով 26 յունուար 2020-ին իմ ստորագրութեամբ յօդուած մը լոյս տեսաւ Մոնրէալի «Հորիզոն» շաբաթաթերթին մէջ: Այդ օրէն անցած են երկու ամիս:

Երկուշաբթի, Մարտ 30, 2020

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Մեր օրերէն ժամանակ մը անց, երբ մարդիկ, վերլուծողներ, փորձեն մեր օրերու մասին «ակադեմական» մակարդակի բնորոշում-անուանում մը տալ, անվարան կերպով պիտի գրեն «նախքան-քորոնայի» ու ապա «խետ-քորոնայի» ժամանակները։

Երկուշաբթի, Մարտ 30, 2020

Համաճարակի պատճառաւ տուներու մէջ փակուելու պարտաւորուած երէց սերունդի մեր ժողովուրդի անդամներուն ուղղուած եւ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր առաջնորդութեամբ «Հեռախօսային օժանդակութեան աջակցութիւն» կարգախօսով արշաւ մը սկսած է։ Մօտաւորապէս 20 կամաւոր կիներ, իրենց ուղարկուած հեռախօսային տուեալներով, մեր երէց քոյր եւ երբայրներուն հետ կապ պիտի հաստատեն հեռաձայնի միջոցաւ, իրենց հետ պիտի զրուցեն ու իրենց պիտի ջանան զգացնել, թէ այս օրերուն առանձին չեն։

Երկուշաբթի, Մարտ 30, 2020

Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ առ Աստուած աղօթք բարձրացաւ Հայաստանի եւ համայն հայ ժողովուրդի համար:
Վեհափառ Հայրապետը Ս. Տրդատի բաց խորանին առջեւ ծնրադիր խնդրեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի բարեխօսութիւնը:

Երկուշաբթի, Մարտ 30, 2020

Ռուսաստան եւ Վրաստան «Կանաչ գօտի» պիտի ապահովեն Հայաստանի բեռներուն:
Նիկոլ Փաշինեանի եւ Միխայիլ Միշուսթինի միջեւ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ հեռախօսազրոյց մը:

Էջեր