Արխիւ

Շաբաթ, Ապրիլ 11, 2015

Հայաշխարհի ուշադրութիւնը այս շաբաթավերջին կեդրոնացած է Վատիկանի վրայ:
Ս. Պետրոսի տաճարին մէջ Ֆրանսիսքոս Ա. Քահանայապետը վաղը պիտի պատարագէ՝ ոգեկոչելով հայոց բիւրաւոր նահատակները - Արարողութենէն վերջ տեղի պիտի ունենայ Ս. Գրիգոր Նարեկացիի վարդապետացման կարգը:

Շաբաթ, Ապրիլ 11, 2015

Ա­նի Յով­սէ­փեա­նի թղթակ­ցու­թիւ­նը.-
2015-ի ոգեկոչումներուն շրջագծով ձեռնարկ մը Մարսէյլի Սէն Վիքթորի պատմական եկեղեցւոյ մէջ:
Սահակ-Մեսրոպ երգչախումբին փառաշուք ելոյթը՝ Խաչիկ Եըլմազեանի մականին ներքեւ:

Շաբաթ, Ապրիլ 11, 2015

Գա­տը­գիւ­ղի Ա­րա­մեան-Ուն­ճեան վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­թիւ­նը եւ ու­սուց­չա­կան կազ­մը կը կազ­մա­կեր­պեն բազ­մա­կող­մա­նի ըն­կե­րամ­շա­կու­թա­յին ձեռ­նարկ­ներ, ո­րոնց խան­դա­վառ մաս­նակ­ցու­թիւն կը բե­րուի ա­շա­կեր­տու­թեան կող­մէ։ Ման­կա­պար­տէ­զէն սկսեալ մին­չեւ միջ­նա­կարգ, զա­նա­զան տա­րի­քա­յին դա­սա­ւո­րում­նե­րու հա­մար նա­խա­տե­սուած ծրագ­րե­րը կ՚ար­ձա­նագ­րեն փայ­լուն յա­ջո­ղու­թիւն, մա­նա­ւանդ որ ա­նոնք կեան­քի կը կո­չուին ըն­տա­նե­կան ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ։

Շաբաթ, Ապրիլ 11, 2015

 ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մար­դու հայ­րու­թեան ա­կուն­քը Աս­տու­ծոյ հայ­րու­թի՛ւնն է, ան է հի­մը ծնող­նե­րուն մա­տու­ցուած պա­տի­ւին։

Ան­չա­փա­հաս թէ խե­լա­հաս, զա­ւակ­նե­րուն յար­գան­քը ի­րենց հօր կամ մօր հան­դէպ՝ կը սնա­նի բնա­կան սէ­րէն, ծնած՝ զի­րենք ի­րա­րու միաց­նող զօ­դէն։ Ան խնդրուած է աստուա­ծա­յին պա­տուէ­րէն։

Ուրբաթ, Ապրիլ 10, 2015

Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի մէջ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ Ս. Զատ­կի տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն, ինչ որ ստեղ­ծեց մեծ ո­գե­ւո­րու­թիւն։ «Պի­լէք» հանգս­տա­րա­նի սրա­հին մէջ նախ կա­տա­րուե­ցաւ տնօրհ­նէ­քի կարգ, Ս. Փրկիչ մատ­րան հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. Գէորգ Ա. Քհնյ. Չը­նա­րեա­նի ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ։ Ներ­կայ էր նաեւ Քոյր Գա­յիա­նէ Տուլ­քա­տի­րեան։

Ուրբաթ, Ապրիլ 10, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Նեն­գամ­տու­թիւն կամ նեն­գու­թիւն կը նշա­նա­կէ՝ չար դի­տա­ւո­րու­թիւն, դաւ, կեղ­ծիք։ Նեն­գա­միտ մար­դիկ ի­րենց մէջ նեն­գու­թիւն պա­րու­նա­կող մար­դիկ են՝ խար­դախ ու խո­րա­մանկ, ո­րոնք ա­մէն ա­տեն պատ­րա՛ստ են ու­րիշ­նե­րու վնաս հասց­նե­լու եւ ի­րենց շահ ա­պա­հո­վե­լու։ Նեն­գու­թիւ­նը ա­ւե­լի եւս կ՚ար­տա­յայ­տուի խօս­քով, այ­սինքն լե­զուո՛վ։

Ուրբաթ, Ապրիլ 10, 2015

Յայտ­նի ըն­կե­րա­բան, «Պիլ­կի» հա­մալ­սա­րա­նի դա­սա­խօս Փրոֆ. Ա­րուս Եու­մուլ ե­րէկ մաս­նակ­ցե­ցաւ «Մարք­սիզմ 2015» խո­րագ­րեալ քննար­կում­նե­րու ծի­րէն ներս կազ­մա­կեր­պուած ա­սու­լի­սի մը։ Այս քննար­կում­նե­րու շար­քին նա­խա­ձեռ­նած է Ըն­կեր­վա­րա­կան յե­ղա­փո­խա­կան բա­նուո­րա­կան կու­սակ­ցու­թիւ­նը։

Ուրբաթ, Ապրիլ 10, 2015

Ամերիկահայ յայտնի հեռուստաաստղին այցելութիւնը կը շարունակուի աննախընթաց մթնոլորտի մը մէջ:
Քիմ Քարտաշեան եւ իր ընտանիքը Հայաստանի կեցութեան օրերուն կ՚արժանանան ջերմ վերաբերմունքի:

Ուրբաթ, Ապրիլ 10, 2015

 ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը կը պատ­րաս­տուին ի­րա­կա­նաց­նել ի­րենց հեր­թա­կան այ­ցե­լու­թիւ­նը դէ­պի Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան տա­րած­քաշր­ջան։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, ռուս հա­մա­նա­խա­գահ Ի­կոր Փո­փով տե­ղե­կա­ցուց, թէ ան­ցեալ Փետ­րուա­րին կա­յա­ցած ի­րենց այ­ցե­լու­թե­նէն վերջ միջ­նորդ­նե­րը յա­ռա­ջի­կայ Մա­յի­սին կամ Յու­նի­սին վերս­տին պի­տի այ­ցե­լեն տա­րած­քաշր­ջան։

Ուրբաթ, Ապրիլ 10, 2015

Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լուի ա­ւագ խորհր­դա­կան Է­թիէն Մահչու­պեան ե­րէկ ե­րե­կո­յեան յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով հան­դէս ե­կաւ «CNN Türk» հե­ռուս­տա­կա­յա­նէն։ Հե­ռուս­տա­հա­ղոր­դա­վար Շի­րին Փայ­զը­նի հար­ցում­նե­րուն պա­տաս­խա­նե­լով՝ Է­թիէն Մահ­չու­պեան մեկ­նա­բա­նու­թիւն­ներ ը­րաւ Թուր­քիոյ ներ­քին եւ ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան օ­րա­կար­գի շարք մը հրա­տապ խնդիր­նե­րուն շուրջ։ Այս շրջագ­ծով ան անդ­րա­դար­ձաւ հայ­կա­կան հար­ցին, նաեւ հայաշ­խար­հի տե­սան­կիւ­նէն հե­տաքրք­րա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րու։

Ուրբաթ, Ապրիլ 10, 2015

Հայաստանի եւ Իտալիոյ ղեկավարութեանց միջեւ երէկ տեղի ունեցան բարձր մակարդակի վրայ արդիւնաւէտ բանակցութիւններ:
Սերժ Սարգսեան եւ Սերճիօ Մաթարելլա երկկողմանի համագործակցութեան առընթեր շօշափեցին նաեւ Երեւան-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններուն ընթացքը:

Ուրբաթ, Ապրիլ 10, 2015

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը այ­սօր եղ­բայ­րա­կան այ­ցե­լու­թեամբ կը մեկ­նի Վա­տի­կան՝ Հռո­մէա­կան Կա­թո­լիկ Ե­կե­ղեց­ւոյ Քա­հա­նա­յա­պետ Տ.Տ. Ֆրան­սիս­քոս Սրբա­զան Պա­պի հրա­ւէ­րին ըն­դա­ռաջ։

Ուրբաթ, Ապրիլ 10, 2015

Նկա­րիչ Ա­րէտ Կը­ճըր ներ­կա­յիս բա­ցած է իր ան­հա­տա­կան երկ­րորդ ցու­ցա­հան­դէ­սը։  «Ընդ հուր եւ ընդ սուր» խո­րագ­րեալ ցու­ցա­հան­դէ­սը ե­րէկ ե­րե­կո­յեան բա­ցուե­ցաւ Ղա­լա­թիոյ «Էօք­տէմ եւ Այ­քութ» գե­ղա­րուես­տաս­րա­հին մէջ։ Մին­չեւ 9 Մա­յիս բաց պի­տի մնայ այս ցու­ցա­հան­դէ­սը, որ կ՚ընդգր­կէ Ա­րէտ Կը­ճը­րի վեր­ջին շրջա­նի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը։ 

Հինգշաբթի, Ապրիլ 9, 2015

Գուզ­կուն­ճու­քի Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ե­րէկ Տ. Շա­հէն Քհնյ. Օ­հա­նեան մա­տոյց Ս. Պա­տա­րագ, ո­րու ըն­թաց­քին խօ­սե­ցաւ նաեւ խրա­տա­կան մը։ Մեծ պա­հոց եւ Ա­ւագ շաբ­թուան ա­ւար­տին, Գուզ­կուն­ճու­քի ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ար­դէն վե­րա­հաս­տատուած է ըն­թա­ցիկ ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րու դրու­թիւ­նը։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 9, 2015

«Պո­ղա­զի­չի» հա­մալ­սա­րա­նի դե­րա­սան­նե­րը ե­րէկ ե­րե­կո­յեան ձեռ­նար­կե­ցին ներ­կայ ե­ղա­նա­կի ի­րենց ներ­կա­յա­ցում­նե­րու շար­քին։ Թա­տե­րա­խում­բը այս տա­րի կը բե­մադ­րէ «Բե­րա­յի մէջ ե­րե­կոյթ մը» խո­րագ­րեալ խա­ղը՝ հայ եր­կու եր­գի­ծա­բան­նե­րու՝ Յա­կոբ Պա­րո­նեա­նի եւ Ե­րուանդ Օ­տեա­նի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն հի­ման վրայ։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 9, 2015

 Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ հրա­դա­դա­րի տե­ւա­կան խախ­տում­նե­րուն հե­տե­ւան­քով Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ճա­կա­տին վրայ ի­րադ­րու­թիւ­նը միշտ կը մնայ լարուած։ Այս պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ, Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կէն 20-ա­մեայ զի­նուոր Լե­ւոն Մի­րզո­յեան նա­հա­տա­կուե­ցաւ՝ Ատր­պէյ­ճա­նի զի­նեալ ու­ժե­րուն կող­մէ բա­ցուած կրա­կին հե­տե­ւան­քով։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 9, 2015

Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան ե­րէկ ե­րե­կո­յեան պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեան մը ձեռ­նար­կեց դէ­պի Ի­տա­լիա եւ Վա­տի­կան։

Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Հռո­մի մէջ, Սերժ Սարգսեան կը հիւ­րըն­կա­լուի Ի­տա­լիոյ բարձ­րա­գոյն ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 9, 2015

VԵւրոխորհրդարանի նախագահին Անգարա այցին ընթացքին շօշափուեցաւ նաեւ հայկական հարցը:
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան խօսեցաւ Ապրիլի 24-ի շրջանի արարողութիւններու ծրագրին մասին:

Հինգշաբթի, Ապրիլ 9, 2015

Նալպանտեանի դէպի Մոսկուա պաշտօնական այցելութեան ընթացքին քննարկուեցան Հայաստան-Ռուսաստան գործակցութեան հեռանկարները:
Սէրկէյ Լավրով. «Բոլոր գործողութիւնները նպատակամղուած են Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի արագ կարգաւորման»:

Հինգշաբթի, Ապրիլ 9, 2015

Ա­մե­րի­կա­հայ յայտ­նի հե­ռուս­տաաստղ Քիմ Քար­տա­շեան այս օ­րե­րուն կ՚այ­ցե­լէ Հա­յաս­տան։ Ե­րե­ւա­նի «Զուարթ­նոց» օ­դա­կա­յա­նին մէջ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան ժա­մե­րուն ան դի­մա­ւո­րուե­ցաւ Ազ­գա­յին մրցու­նա­կու­թեան հիմ­նադ­րա­մի ղե­կա­վար Ար­ման Խա­չատ­րեա­նի կող­մէ։ Քիմ Քար­տա­շեա­նի հետ են իր ա­մու­սի­նը, դուստ­րը եւ քոյ­րը։

Էջեր