Արխիւ

Հինգշաբթի, Մարտ 26, 2015

Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀԲԸՄ) Եւ­րո­պա­յի մաս­նա­ճիւ­ղին հա­մար պաշ­տօ­նի կո­չուե­ցաւ նոր վար­չու­թիւն մը։ ՀԲԸՄ-ի Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան նա­խա­գահ Պերճ Սեդ­րա­կեա­նի կող­մէ նշա­նա­կուած վար­չու­թիւ­նը պաշ­տօ­նի կո­չուած է Մար­տի 1-ի դրու­թեամբ։

Հինգշաբթի, Մարտ 26, 2015

Տա­ղան­դա­շատ ա­րուես­տա­գէտ Մե­րի Մուն (Հա­յաս­տան) այս օրերուն կը մաս­նակ­ցի «Մա­մութ արթ փրո­ճեքթ 2015» հե­ղի­նա­կա­ւոր ցու­ցա­հան­դէ­սին, որ կը կա­յա­նայ «Աք­քէօք հոլ­տինկ»ի հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ։

Հինգշաբթի, Մարտ 26, 2015

Ազ­գա­յին մեծ ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Ճեմիլ Չի­չէք այս օ­րե­րուն կ՚այ­ցե­լէ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ։ Ո­ւա­շինկ­թը­նի մէջ ան ե­լոյթ մը ու­նե­ցաւ Մի­ջազ­գա­յին ռազ­մա­վա­րա­կան հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րու կեդ­րո­նի (CSIS) եր­դի­քին տակ։

Չորեքշաբթի, Մարտ 25, 2015

Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վը ե­րէկ ըն­դու­նեց բա­նա­ձեւ մը, ո­րով ճանչ­ցաւ 1915-1923 թուա­կան­նե­րուն Օս­մա­նեան պե­տու­թեան սահ­ման­նե­րէն ներս ապրուած ա­սո­րի­նե­րու եւ Պոն­տո­սի յոյ­նե­րու ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը։

Չորեքշաբթի, Մարտ 25, 2015

Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ճա­կա­տին վրայ լա­րուած մթնո­լոր­տը կը մնայ առ­կայ։ Այս մթնո­լոր­տին մէջ, վաս­տա­կա­ւոր զօ­րա­վար Ար­քա­տի Տէր-Թա­դէո­սեան մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րով հան­դէս ե­կաւ Հա­յաս­տան-Ատր­պէյ­ճան սահ­մա­նի եւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բաղ-Ատր­պէյ­ճան շփման գծի վրայ առ­կայ լա­րուա­ծու­թեան դրդա­պատ­ճառ­նե­րուն շուրջ։

Չորեքշաբթի, Մարտ 25, 2015

Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան այս օ­րե­րուն կ՚այ­ցե­լէ Աւստ­րա­լիա։ Քան­պե­րա­յի մէջ ան շփում­ներ ու­նե­ցաւ տեղ­ւոյն ղե­կա­վա­րու­թեան բարձ­րաս­տի­ճան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ։

Չորեքշաբթի, Մարտ 25, 2015

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան նա­խըն­թաց օր տե­սակ­ցե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի մօտ Թիւրք­մե­նիս­տա­նի նո­րան­շա­նակ դես­պան Մու­հա­մետ­նիազ Մա­շա­լո­վի հետ, որ յանձ­նեց իր հա­ւա­տար­մագ­րե­րուն կրկնօ­րի­նակ­նե­րը։

Չորեքշաբթի, Մարտ 25, 2015

Մինչ կ՚ընթանայ Սթրազպուրկի դատավարութիւնը, «Հիւրրիյէթ»ի մէջ ուշագրաւ հարցազրոյց մը:
«Վաթան» կուսակցութեան ղեկավար Տողու Փերինչէք. «Եթէ հարցը թուրք-հայ կռիւի վերածէինք, ապա չէինք կրնար դատը շահիլ։ Ազգայնականները չէին կրնար արձանագրել այս յաջողութիւնը»:

Չորեքշաբթի, Մարտ 25, 2015

 Հայաստանի եւ Չինաստանի միջեւ յարաբերութիւնները յարատեւ վերելք կ՚արձանագրեն վերջին երկու տասնամեակներուն:
 Երեւանի եւ Փեքինի քաղաքական իրերանման մօտեցումները կը խրախուսեն նաեւ առեւտրատնտեսական գործընկերութիւնը:

Չորեքշաբթի, Մարտ 25, 2015

Հա­յաս­տա­նի ճատ­րա­կի հա­ւա­քա­կա­նի ան­դամ­նե­րէն Հրանդ Մել­քու­մեան ան­ցեալ շա­բա­թա­վեր­ջին այ­ցե­լեց Իս­թան­պուլ։ Ե­ռօ­րեայ կե­ցու­թեան ըն­թաց­քին ան հիւրն էր Իս­թան­պու­լի Ճատ­րա­կի միու­թեան նա­խա­գահ Առ­նօ Կա­րա­պե­տեա­նի։

Չորեքշաբթի, Մարտ 25, 2015

Բանկալթիի երբեմնի Անարատ Յղութիւն վարժարանը վերանորոգուելէ վերջ դարձած է ժամանակակից կեդրոն մը:
Համալիրը կ՚ընդգրկէ «Ակօս» շաբաթաթերթի խմբագրատունը, նաեւ գրադարան, հաւաքներու դահլիճ եւ ցուցադրասրահ:

Չորեքշաբթի, Մարտ 25, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ո­րե­ւէ ար­ժէք մը ի՞ն­չով կա­րե­լի է չա­փել՝ իր քա­նա­կու­թեամ­բը թէ՝ ո­րա­կո­վը։ Ի՞նչ կը խոր­հիք այս մա­սին սի­րե­լի՜ ըն­թեր­ցող բա­րե­կամ­ներ։ Ո­րե­ւէ գո­յու­թիւն, եւ կամ ո­րե­ւէ ի­րո­ղու­թիւն յարգ ստա­նա­լու հա­մար ո՞ր մէկը կա­րե­ւոր է. ա­նոր քա­նա՞­կը թէ՝ ո­րա­կը։

Չորեքշաբթի, Մարտ 25, 2015

«Մետիամաքս»ի եւ «ՎիվաՍել»ի համատեղ նախաձեռնութիւնը տարելիցի առթիւ։
Ծրագիրը ներկայացուեցաւ Վիգէն Սարգսեանի, Ռալֆ Եիրիկեանի եւ Արա Թադէոսեանի կողմէ։

Երեքշաբթի, Մարտ 24, 2015

Ծե­րե­րու շաբ­թուան առ­թիւ Սուրբ Փր­կիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նոց այ­ցե­լե­ցին ԱԳ կու­սակցութեան Պա­քըր­գիւ­ղի շրջա­նա­յին վար­չու­թեան նա­խա­գահ Այ­սուն Չե­լիք­լէր, փոխ-նա­խա­գահ­ներ Մեհ­մէտ Զէքի Կիւն­տող­տու, Ե­շիմ Մեր­թէր, վար­չու­թեան ան­դամ­ներ Ա­րամ Տէմիր, Միւ­նիր Է­րէն, հաշ­ման­դամ­նե­րու բաժ­նի վա­րիչ Շեպ­նէմ Պա­րըշ։

Երեքշաբթի, Մարտ 24, 2015

Իս­թան­պու­լա­հա­յու­թեան հա­մար հա­րա­զատ ա­նուն մըն է Յով­սէփ Թո­քատ, որ­քան որ ալ բնա­կու­թիւն հաս­տա­տած ըլ­լայ Լոս Ան­ճե­լը­սի մէջ՝ տաս­նա­մեակ­նե­րէ ի վեր։

Երեքշաբթի, Մարտ 24, 2015

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդը երէկ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց Իսթանպուլի կուսակալը:
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Վասիփ Շահին համայնքային հարցերու շուրջ զրուցեցին՝ խումբ մը ազգայիններու ներկայութեամբ:

Երեքշաբթի, Մարտ 24, 2015

Հա­մայն­քա­յին վա­գըֆ­նե­րու հար­թա­կի (VADİP) վեր­ջին ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին յայ­տա­րա­րուած էր, թէ Վագ­ըֆնե­րու խոր­հուր­դի մօտ փոք­րա­մաս­նու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Թո­րոս Ալ­ճան ե­րէկ հան­դի­պում մը պի­տի ու­նե­նար Ազ­գա­յին կրթու­թեան նա­խա­րար Նա­պի Ավ­ճըի հետ։ Այս ա­ռա­ւօտ հե­ռա­ձայ­նա­յին տե­սակ­ցու­թիւն մը ու­նե­ցանք Թո­րոս Ալ­ճա­նի հետ, որ մե­զի յայտ­նեց, թէ այդ տե­սակ­ցու­թիւ­նը տե­ղի չէ ու­նե­ցած՝ վեր­ջին պա­հուն յա­ռա­ջա­ցած հան­գա­մանք­նե­րու բե­րու­մով։

Երեքշաբթի, Մարտ 24, 2015

Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀԲԸՄ) 88-րդ ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վի նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը հա­սած են վեր­ջին փու­լին։ Հա­յաս­տա­նի մէջ 27 Մարտ-6 Ապ­րիլ թուա­կան­նե­րուն պի­տի գու­մա­րուի ՀԲԸՄ-ի ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վը, ո­րու ծրա­գի­րը ըն­թա­ցիկ քննար­կում­նե­րուն ա­ռըն­թեր պի­տի ընդգր­կէ եր­կու կա­րե­ւոր ձեռ­նարկ։

Երեքշաբթի, Մարտ 24, 2015

Երեւանի մօտ Ֆրանսայի եւ Զուիցերիոյ դեսպաններուն երէկուան մամլոյ ասուլիսը:
Ֆրանսախօսութեան շարժման ծիրէն ներս նախատեսուած ձեռնարկներու շարք մը:

Երեքշաբթի, Մարտ 24, 2015

Հա­լէ­պի մէջ վեր­ջին օ­րե­րուն սաստ­կա­ցած են բռնու­թիւն­նե­րը։ Քա­ղա­քի քա­նի մը շրջան­նե­րէն ներս ապրուած ա­հա­ւոր ռմբա­կո­ծում­նե­րը հեր­թա­կան ան­գամ ու­նե­ցած են ա­ղի­տա­լի հե­տե­ւանք­ներ։ Այս պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ, ե­րէ­կուան դէպ­քե­րուն հայ մըն ալ զոհ գնաց Հա­լէ­պի մէջ։

Էջեր