Արխիւ

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 29, 2018

Նախագահ Թրամփի արտաքին քաղաքականութեան ամենէն բնորոշ գիծը աննախատեսելիութիւնն է: Ներքին քաղաքականութեան պարագային դժուար չէ կանխատեսումներ ընել, որովհետեւ ան քաղաքական ասպարէզ մտաւ քանդելու համար այն իրագործումները, որոնք առաջադրուած էին իր նախորդին՝ նախագահ Պարաք Օպամայի կողմէ կենսոլորտի մաքրութեան պաշտպանութիւն, բժշկական եւ առողջապահական խնամքի մատչելիութիւն, եւ այլն: Այսօր որդեգրուած օրէնքներու ջնջումով կը շահի ճարտարարուեստը, կը սահմանափակուին ճարտարարուեստական թափօններու վրայ դրուած օրէնքները, քարիւղային հետազօտութիւններ կը կատարուին անաղարտ պահպանուելու սահմանուած տարածութեանց մէջ, եւ այլն:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 29, 2018

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Եթէ ուզենք մէկ բառով ներկայացնել վերապատուելի Ռընէ Լեւոնեանը, ապա պիտի գրենք՝ «պարզութեան մարմնացում»: Այո, այդ պարզ ու մեկին. պարզ մարդ մը, քարոզիչ մը, կրօնաւոր մը եւ ի վերջոյ հայ մարդ մը:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 29, 2018

Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ խանդավառ համերգ մը, որով եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս ստեղծուեցաւ տօնական մթնոլորտ։ Այսպէս, Ներսէսեան դպրաց դասու մանկապատանեկան կազմը եւ Կազդուրման կայանի երգչախումբը հանդէս եկան համատեղ համերգով մը։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 29, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Կիրք»ը՝ մարդկային ներքին անգիտակից մղումն է, որ ընդոծին, բնածին զգացում մըն է։ Կիրքը կարելի է հակակշռել բանականութեամբ եւ արգելք ըլլալ անոր, հաւանական վնասակար հետեւանքներու պատճառ չհանդիսանալու համար։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 28, 2018

Թուրքիա-Հայաստան սահմանին վրայ դարձեալ ձերբակալուեցան սահմանախախտներ։ Ինչպէս ծանօթ է, վերջին շրջաններուն յաճախակի դարձած են այս երեւոյթները։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 28, 2018

Երեւանի ցուցադրութենէն վերջ դերասանները ասմունքեցին մեծ բանաստեղծի գործերէն նմոյշներ:
«Դանիէլ» կարճաժամկէտ ժապաւէնը շարժանկարի աշխարհէն ներս կ՚արժանանայ անմիջական ուշադրութեան:

Երեքշաբթի, Օգոստոս 28, 2018

Կորիւն Խաչատուրեան. «Կ՚ուզենք զարգացնել եւ տարածել ստեղծագործական այս նախաձեռնութիւնը»:
ԹՈՒՄՕ ստեղծարար կեդրոնի Փարիզի նորահաստատ մասնաճիւղը գործել պիտի սկսի 25 սեպտեմբերի դրութեամբ:

Երեքշաբթի, Օգոստոս 28, 2018

Շիշլի մարզակումբի վարչութեան նախաձեռնութեամբ վերջերս երկու մրցաշարքեր կազմակերպուեցան Գնալը կղզիի մէջ։ Այդ մրցաշարքերէն մին ձօնուած էր ակումբի նորոգ հանգուցեալ պատուոյ նախագահ Ղազարոս Ունանի յիշատակին։ Լուսահոգի Ղազարոս Ունանի ոգեկոչման համար շիշլիցիները կազմակերպեցին ֆութսալի մրցաշարք մը։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 28, 2018

Երէկ երեկոյեան, Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի «Գրիգոր Ճամպազեան» խաղավայրին մէջ տեղի ունեցաւ մանկանց խանդավառ հանդէս մը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ աննախընթաց մթնոլորտ։ Եղանակի փակման հանդիսութիւն մըն էր այս մէկը։ Թէ՛ Կազդուրման կայանի եւ թէ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Ներսէսեան դպրաց դասուն նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ամառնային ծրագրերու վերջակէտը դրուեցաւ երէկուան հանդէսով։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 28, 2018

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Ամառը ոչ միայն արձակուրդի շրջան է, այլեւ հայրենիքի անծանօթ վայրերը ճանչնալու, իւրովի բացայայտելու երկիրը, ուր կը բնակիս: Հայաստան աշխարհին մէջ կան բազում վայրեր, որոնք տակաւին անծանօթ կը մնան. անոնք սովորաբար խնամքի եւ ուշադրութեան կարօտ են:

Երեքշաբթի, Օգոստոս 28, 2018

Աշխատասիրեց՝ ՊԵՏՐՈՍ Ս. ՇԱՆՇԵԱՆՑ,
Արդի աշխարհաբարի վերածեց՝ ՎԱ­ՐԱՆԴ ՔՈՐԹ­ՄՈ­ՍԵԱՆ

«Հանգս­տու­թեան օ­րը միտքդ բեր՝ զա­նի­կա սուրբ պա­հե­լու հա­մար:
Վեց օր պի­տի աշ­խա­տիս ու բո­լոր գործդ ը­նես: Բայց եօթ­նե­րորդ օ­րը
Տի­րոջ, քու Աս­տու­ծոյդ, հանգս­տու­թեան օրն է. այն օ­րը գործ մը չգոր­ծես,

Երեքշաբթի, Օգոստոս 28, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Պատիժը եւ հատուցումը «Դամոկլեան սուր» մըն է, որ զսպուած կը պահէ մարդուս զանազան կիրքերը։ Պատիժի, հատուցման, նախատինքի, անպատուութեան վախը «բարերար թումբ» մըն է օրինազանցութեան եւ ընկերային զանազան զեղծումներու դէմ։ 

Երկուշաբթի, Օգոստոս 27, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Աշխարհի բարձրացման, զարգացման եւ բարօրութեան համար պէտք եղած ազդակները ա՜յնքան վարժուած են սպասել մարդիկ՝ եւ իրաւամբ անշուշտ՝ միտքով, սիրտով եւ կարողութիւններով «մեծ մարդ»երէ, որ յաճախ կը մոռցուին եւ կ՚անտեսուին, թէ իրենց շուրջը, իրենց մօտիկը կը գտնուին ուրիշ յատկութիւններ ունեցող մարդիկ՝ խոնարհ, համեստ ե՛ւ ազնիւ անձեր, որ երբեմն, եթէ ո՛չ տաղանդ եւ զարգացում, գոնէ սրտի ազնիւ տրամադրութիւններ եւ պատուական առաքինութիւններ կը ցուցադրեն իրենց համեստ կեանքին մէջ։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 27, 2018

Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքէն ներս ուշագրաւ խմորումները կը շարունակուին։ Այսպէս, վերջերս յայտարարուեցաւ, որ պիտի ստեղծուի «Սասնայ ծռեր»։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 27, 2018

Պելժիոյ արքունիքը վերջին օրերուն մասնաւոր այցելութիւն մը տուաւ Հայաստան։ Այսպէս, Պելժիոյ Ֆիլիփ թագաւորը, թագուհին եւ իրենց չորս երեխաները Հայաստան այցելելով անցուցին արձակուրդային օրեր։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 27, 2018

Թուրքիա եւ Ռուսաստան լուրջ յառաջընթաց ապահոված են Սուրիոյ տագնապի լուծման ուղղութեամբ:
Անգարա-Մոսկուա համագործակցութիւնը կը հարստանայ ու կը խորանայ զանազան ուղղութիւններով:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 27, 2018

Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետը պարգեւատրուեցաւ «Կոմիտաս» մետայլով:
Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի ի պատիւ մեծարանքի հաւաքոյթ եւ խրախուսական վերաբերմունք:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 27, 2018

«Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման համար Գերմանիա կ՚աջակցի Հայաստանին»:
Անկելա Մերքէլի Երեւան այցելութիւնը նոր հորիզոններ կը բանայ երկկողմանի համագործակցութեան առջեւ:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 27, 2018

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վերջերս հիւրընկալեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն խումբ մը ուխտաւորներ։ Նիւ Եորքի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Աբրահամ Քհնյ. Մալխասեանի կողմէ գլխաւորուած ուխ-տաւորները ստացան Նորին Սրբութեան օրհնութիւնը։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 27, 2018

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Երկար տարիներ լռելէ եւ հարցազրոյցի առաջարկները մերժելէ ետք, «Էլ Քաիտէ»ի ղեկավար Ուսամէ պին Լատինի մայրը ի վերջոյ բրիտանական «Կարտիըն» թերթին տուած է հարցազրոյց մը, որ վարած է Մարթին Չուլովը: Կը ներկայացնենք կրճատումներով:

Էջեր