Արխիւ

Երեքշաբթի, Յունուար 11, 2022

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Լեհաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զպիկնիեւ Ռաուի հետ։ Հարկ է նշել, որ տարեմուտի դրութեամբ Լեհաստան դարձած է ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկիրը։

Երեքշաբթի, Յունուար 11, 2022

Այս շաբաթավերջին Մոսկուայի մէջ նախատեսուած է Թուրքիոյ եւ Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչներուն՝ Սերտար Քըլըչի եւ Ռուբէն Ռուբինեանի առաջին հանդիպումը։ 14 յունուարին ծրագրուած առաջին ժամադրութեան ընդառաջ, Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման հեռանկարներուն շուրջ միջազգային դերակատարներու ուշադրութիւնը հետզհետէ կը լարուի մօտալուտ բանակցութիւններուն վրայ։

Երեքշաբթի, Յունուար 11, 2022

Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացի վերաշխուժացման զուգահեռ շաբաթներէ ի վեր օրակարգի վրայ կը գտնուի նաեւ Իսթանպուլ-Երեւան ուղիղ թռիչքներու վերսկսման նիւթը։

Երեքշաբթի, Յունուար 11, 2022

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Պոլսահայ ընկերամշակութային կեանքի մղիչ ուժերու շարքին են սանուց միութիւնները՝ մասնաւորապէս համայնքային լիսէներու սանուց միութիւնները։ Արդարեւ, հայկական վարժարանէ հասած սաներու պատկանելիութեան զգացումը առաւել չափով կ՚երթայ՝ իրենց աւարտած վերջին դպրոցին, ինչ որ գործնականօրէն կ՚ըլլայ լիսէն, համալսարանէն անմիջապէս առաջ։

Երեքշաբթի, Յունուար 11, 2022

Ցաւով տեղեկացանք, թէ իր մահկանացուն կնքած է թրքահայ ժողովրդական երաժշտութեան խորհրդանշական դէմքերէն՝ յայտնի մեներգիչ Քենան Մենեքշէ։ Ան հասած է Տիարպաքըրի նշանաւոր «Կեավուր մահալլէսի»էն, եղած է որդին՝ Կարապետ Պուպօ Մենեքշէի։

Երեքշաբթի, Յունուար 11, 2022

Հեռանկարային շինարարութիւնները կը կաղան ժամանակաւոր դժուարութիւններու պատճառով:
Թաղային խորհուրդը եկեղեցապատկան կալուածներու վերանորոգութեան գանձատրումներուն համար աղբիւրներ կ՚որոնէ: Ատենապետ Եդուարդ Այվազեան ERVAB-ին դիմած է՝ ակնկալելով համայնքային շրջանակներու օժանդակութիւնը:

Երկուշաբթի, Յունուար 10, 2022

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան կիրակնօրեայ արարողութիւններուն նախագահեց եւ քարոզեց Պաքըրգիւղի Ծն. Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ուր պատարագիչն էր Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Արամ Սրկ. Պարոնեան եւ այլ դպիրներ։

Երկուշաբթի, Յունուար 10, 2022

Մխիթարեան վարժարանի համալիրէն ներս շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ ուշագրաւ իրադարձութիւն մը, որով համայնքային շրջանակները պաշտօնապէս տեղեակ պահուեցան կարեւոր կարգադրութեան մը մասին։ Իրականութեան մէջ, առաջին հայեացքով, Մխիթարեանի ընտանիքին վերաբերեալ ներքին կարգադրութեան մը բնոյթը կը կրէ այս իրադարձութիւնը, սակայն, մեր ընկերամշակութային կեանքին տեսակէտէ կը ստանայ դրական հեռանկարներ։

Երկուշաբթի, Յունուար 10, 2022

ԶԱՐՄԻՆԷ Գ. ՊՕՂՈՍԵԱՆ

Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօնական օրերու արձակուրդէն վերջ այսօր կը վերաբացուին մեր վարժարանները։ Այս փուլին կը հրատարակենք սփիւռքահայ վաստակեալ կրթական մշակ Զարմինէ Պօղոսեանի գրութիւնը, որու մէջ միահիւսուած են թէ՛ տօնական խորհուրդը եւ թէ հայ դպրոցի առաքելութեան նշանակութիւնը։

Երկուշաբթի, Յունուար 10, 2022

Անթիլիասի մէջ շաբաթավերջին յատկանշական արարողութիւն մը տեղի ունեցաւ՝ հանդիսապետութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի։ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ սրբազան կամարներուն ներքեւ հանդիսաւորապէս ընթերցուեցաւ Կիլիկեան Աթոռի գահակալի հռչակագիրը՝ «Կիլիկիա» մատենադարանի տեսուչ Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի կողմէ։

Երկուշաբթի, Յունուար 10, 2022

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Անկասկած, որ վարը նշած բոլոր անուանները, իրենց յոբելենական թուարկումներով, մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս մտած են եւ հո՛ն, իրենց մտքով եւ հոգիով, պատմական որոշ ու հարազատ կնիք ձգած: Նաեւ այս բոլոր անունները կ՚ապրին այսօր՝ իբրեւ մէկական ընտրեալներ մեր ազգին, որոնց խօսքն ու գործը կը փայլին ժամանակին հետ։

Երկուշաբթի, Յունուար 10, 2022

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ցոյցեր, բախումներ, 164 զոհ, բողոքի ալիքի երեւելի եւ «աներեւոյթ» պատճառներ, թէժ իրադարձութիւններ. Արեւմուտքը բախտը կը փորձէ Մոսկուայի «դաշտին» մէջ:
Մեծ հարուած Ռուսաստանին. յեղափոխութիւնները, ինչ տեսակլի ալ ըլլան, մերժելի են Քրեմլինի ղեկավարութեան եւ յատկապէս՝ նախագահ Վլատիմիր Փութինի տեսակէտէ:

Երկուշաբթի, Յունուար 10, 2022

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

«Հմայքի տղան». այսպէս խորագրուած է յառաջաբանը վաղամեռիկ լիբանանահայ գրող Պետիկ Հերկելեանի (Պետրոս Հերեան) Երեւանի մէջ լոյս տեսած գիրքին: Հայրենի հանրածանօթ գրականագէտ Ալեքսանդր Թոփչեան Պետիկ Հերեանը նկատած է անոր մէկ քերթուածի վերնագրին նման եւ արժեւորած է 1987 թուականին կեանքէն հեռացած սփիւռքահայ գրողին գրական ուղին՝ քերթուածները, արձակը եւ մանաւանդ երգիծական գրութիւնները:

Երկուշաբթի, Յունուար 10, 2022

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

«Անձնական զարգացման» գիրքերու կամ ընկերային ցանցերու վրայ յաճախ կը տեսնենք «բացասական մարդոցմէ հեռացէ՛ք» առաջարկը։ Արդեօք այս լա՞ւ խորհուրդ մըն է։
Ըստ գերմանացի փիլիսոփայ Թէոտոր Ատորնոյի, դրամատիրութիւնը կ՚արտադրէ տարատեսակ բնաւորութիւն եւ ոճ այնքան, որքան գործարաններու մէջ կ՚արտադրուին տարատեսակ ապրանքներ։ 

Երկուշաբթի, Յունուար 10, 2022

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Տասնամեակներ առաջ Ֆրէյթակ անունով օտար գրող մը կը հրատարակէ «Նոր աշխարհ, աւետիս մարդկութեան» անունով աշխատութիւն մը, որուն պատմուածքներէն մէկուն մէջ կը ներկայացնէ չինացի մը. «Հմուտ չինացի մը, որ դաւանափոխ եղած է՝ ընդունելով քրիստոնէութիւնը, կ՚երթայ Միացեալ Նահանգներ՝ ուսումնասիրելու բողոքական աղանդները։

Շաբաթ, Յունուար 8, 2022

Յաճախ կ՚ըսուի, որ պատմութիւնը կրկնութիւն է. հապա կեանքը՞... Իւրաքանչիւր մարդ, խորքին մէջ, ունի իր պատմութիւնը եւ իւրաքանչիւրը կրկնութիւն չէ՞ միթէ. ունի սկիզբ ու վախճան... Միապաղա՞ղ... Մահկանացուին տրուած ժամանակը անսահմանափակ չէ։

Շաբաթ, Յունուար 8, 2022

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ վերջերս տասնեակ մը սեւամորթ մանուկներու հարց տուին, թէ ի՞նչ բան կ՚ուզէիք փոխուէր ձեր կեանքին մէջ. մեծամասնութեան մօտ պատասխանը նոյնն է. «կ՚ուզէինք սպիտակամորթ ըլլալ»:

Շաբաթ, Յունուար 8, 2022

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Այսօր այս սիւնակով մեր սիրելի ընթերցողներու ուշադրութեան պիտի յանձնենք երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Յովսէփեանց Կաթողիկոսին Փրկիչին ծնունդին առիթով գրած մէկ քարոզը նոյնութեամբ, երբ ինք տակաւին վարդապետ էր: Քարոզը լոյս տեսած է
«Արարատ» պաշտօնական ամսագիր Հայրապետական Աթոռոյ, Սուրբ Էջմիածին, Տարի ԽԱ. Յունուար 1908, էջ 11-18:

Շաբաթ, Յունուար 8, 2022

Տ. ԶԱՒԷՆ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ԵՒ ԵՐԷՑԿԻՆ ՃՈՅՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

Ցաւատանջ սրտով գրի կ՚առնեմ սոյն տողերը, երբ լսեցի դեկեմբեր 26-ի երեկոյեան կրտսեր եղբօրս՝ տքթ. Յարութիւն Արզումանեանի շիջման մասին։ Տկար էր եւ հետզհետէ նշանները լաւ չէին՝ հակառակ մեր աղօթքներուն եւ լաւատեսութեան։

Շաբաթ, Յունուար 8, 2022

Հարցազրոյց՝ Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Իշխան Սաղաթելեանին հետ. «Ժողովուրդը պէտք է գիտնայ, թէ ի՛նչ ճանապարհով կ՚ընթանանք»:
«Մենք երբեք չենք ըսեր, որ մեր հարեւաններուն հետ յարաբերութիւններ պէտք չէ ունենանք, սակայն անոնք պէտք չէ ըլլան մեր կենսական շահերու եւ իրաւունքներու ուրացման հաշւոյն»:

Էջեր