Արխիւ

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2021

ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի հանգուցեալ ընդհանուր տնօրէն, հայ մամլոյ անմոռանալի ու երախտաշատ սպասաւոր լուսահոգի Արայ Գօչունեան երէկ Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ ոգեկոչուեցաւ՝ մահուան 25-րդ տարելիցին առթիւ։ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանի ձեռամբ մատուցուած կիրակնօրեայ Ս. Պատարագէն վերջ այս առթիւ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2021

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂ­ԼԵԱՆ

​Մեր թուականէն 64 տարիներ առաջ՝ 1957-ին, Նանսիի շրջակայքը բնակող Անտրէ Լուաման անունով անձ մը ազգային վիճակահանութեան տոմս մը կը գնէ: Յաջորդող օրերուն ձայնասփիւռէն կը հետեւի շահող տոմսերու ցանկին եւ զարմանքով կը լսէ իր տոմսի թիւերը, որոնք գրած էր նաեւ տետրակի մը մէջ. հրճուանքը անսահման կ՚ըլլայ. իր տոմսը շահած էր չորս միլիոն ֆրանք:

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2021

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Նշանաւոր ասորի քրիստոնեայ գրող, աստուածաբան, եկեղեցւոյ հայր, ընդհանրական եկեղեցւոյ՝ ինչպէս նաեւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Սուրբ Եփրեմ Ասորիին երկերուն մեծ մասը հայացած են Ե. դարուն, գրչագրուած եւ շրջանառութեան մէջ մտած բազմաթիւ ընդօրինակութիւններով։ Թէ ե՞րբ եւ որո՞ւ կողմէ հայերէնի վերածուած են Ե. դարուն անոր ստեղծագործութիւնները, ուսումնասիրողներ տակաւին չեն պարզած, սակայն այդ գործերու հայերէն թարգմանութիւնները կը նկատուին Ոսկեդարուն եւ մեծ ազդեցութիւն գործած են մեր հայրերու հոգեւոր կեանքին եւ մեր նախնեաց գրականութեան վրայ:

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2021

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Շատ քիչ է թիւը այն մարդոց, որոնք կը գնահատեն ուսանողներու մտածողութեան հմտութիւններու զարգացման արժէքը։ 2013 թուականին, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ կատարուած ուսումնասիրութեան մը համաձայն, գործատէրերու 93 տոկոսը կը կարծեն, թէ գործաւորի թեկնածուի մը յստակ հաղորդակցիլը, բարդ խնդիրները լուծելու կարողութիւնները, նաեւ քննադատական մտածողութիւնը աւելի կարեւոր են, քան մասնագիտութիւնը։ 

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2021

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ամէն առիթով՝ երբ Իսրայէլի մամուլը կը գրէ Իրան-Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ բանակցութիւններու հարցով Թել Աւիւի ապրած «հիասթափութեան» մասին, կը սկսի հիմնաւորուիլ այն մօտեցումը, որ Վիեննայի մէջ այսօրերուն ընթացող բանակցութիւններուն յաջողութեամբ պսակուիլը «սարերու ետին չէ»։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2021

Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցին շաբաթավերջին նշեց Հայոց առաջին լուսաւորիչներու՝ Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթուղիմէոս առաքեալներու տօնը։ Միեւնոյն ժամանակ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի 2015 թուականի Հայրապետական սրբատառ կոնդակով՝ այս տօնը հռչակուած է Աստուածամուխ Ս. Գեղարդի ուխտի օր։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2021

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութեան ժողովներու խառն նիստը:
Սիսի երբեմնի կաթողիկոսանիստ համալիրի սեփականութեան իրաւունքի վերաձեռքբերման նպատակով բացուած դատի ընթացքին շուրջ յառաջիկային լուսաբանութիւն պիտի կատարուի Անթիլիասի աղբիւրներուն կողմէ:

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2021

Տիարպաքըրի պատմական կեդրոնի՝ Սուր գաւառակի Ս. Յովսէփ հայ կաթողիկէ եկեղեցիէն ներս երէկ յատկանշական արարողութիւն մը տեղի ունեցաւ։ 2015 թուականին անվտանգութեան ուժերու կողմէ ծաւալուած հակաահաբեկչական գործողութիւններուն ժամանակ վնասուած էր այս եկեղեցին՝ ինչպէս շրջանի այլ բազում սրբավայրերը։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2021

Լուսահոգի համայնքային գործիչ, Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի նախկին ատենապետ Յարութիւն Շանլը, որ քորոնաժահրի համաճարակին զոհ գացած էր, շաբաթավերջին ոգեկոչուեցաւ՝ Գումգաբուի մէջ կազմակերպուած մասնաւոր հանդիսութիւնով մը։ Ինչպէս հաղորդած էինք, Կէտիկփաշայի թաղային խորհուրդին կողմէ վերջերս պատրաստուեցաւ եւ հրատարակուեցաւ յուշամատեան մը՝ ողբացեալ Յարութիւն Շանլըի կեանքին ու գործունէութեան մասին։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2021

Հայաստանի թատերական կեանքին տեսակէտէ նախընթաց օր յատկանշական իրադարձութիւն մը տեղի ունեցաւ՝ Երեւանի Սենեկային պետական թատրոնի երդիքին տակ ներկայացուած «Համլէթ»ով։ Թատերախումբի խաղացանկը համալրուեցաւ մեծանուն Ուիլիըմ Շէյքսփիրի նշանաւոր «Համլէթ»ին հիման վրայ բեմադրուած համանուն ներկայացումով։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2021

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները շաբաթավերջին հանդէս եկան յայտարարութիւնով մը:
Եռանախագահները պատրաստակամ են հանդիպում կազմակերպելու՝ շարունակելու համար սեպտեմբերին Նիւ Եորքի եւ անցեալ ամիս Փարիզի մէջ սկսած քննարկումերը: Ռուսաստանի միջնորդութեամբ Ատրպէյճան 10 գերի վերադարձուց Հայաստանին:

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 4, 2021

Երէկ երեկոյեան, Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ շահեկան բանախօսութիւն մը։ Այսպէս, Ֆէրիգիւղի ընտանիքին կողմէ ելոյթի հրաւիրուած էին երկու հեղինակաւոր մասնագէտներ՝ փրոֆ. Նուրհան Ֆըստըքճը եւ հոգեբան Պիւշրա Կիզէմ Սէօնմէզ։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 4, 2021

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը մասնակցեցաւ Յունաց Պատրիարքութեան կազմակերպած միջազգային գիտաժողովին:
Ակամայ բացակայութեան պայմաններով Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի զեկուցումը ընթերցուեցաւ սարկաւագի մը կողմէ:

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 4, 2021

Հարցազրոյցը վարեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Արաբական ծոցի Աստուածաշունչի ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար տքթ. Հրայր Ճէպէճեանի նախաձեռնութեամբ եւ ջանքերով հայերէնով լոյս տեսաւ «Մանուկներու բացատրական Աստուածաշունչ՝ կեանքի մեծ հարցումներ փոքրիկ ընթերցողներու համար» գիրքը, որուն մասին մանրամասնութիւններ ունենալու նպատակով կատարուեցաւ հետեւեալ հարցազրոյցը:

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 4, 2021

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Մինասեան նորընտիր կաթողիկոս-պատրիարքին հետ ծանօթութիւնս նոր չէ։ Ծանօթութիւն, որ իր մէջ կը պարունակէ ոչ միայն որդիական զգացումներ, այլ նաեւ ամուր բարեկամութեան շեշտեր։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 4, 2021

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ​

Սուրբ Պօղոս առաքեալին Կորնթացիներուն ուղղուած առաջին նամակին 13-րդ գլուխը ներբողեան մը սիրոյ մասին, ուր առաքեալը մանրամասն կերպով կը թուարկէ մարդուն ունեցած հնարաւորութիւնները, կարելիութիւնները եւ յստակ կերպով կը շեշտէ, թէ հակառակ մարդուն ունեցած այդ բոլոր հնարաւորութիւններուն, կարելիութիւններուն, ընդունակութիւններուն եւ շնորհքներուն, սակայն եթէ մարդուն մէջ սէր չկայ, այդ բոլորը կը շոգիանան, անիմաստ կը դառնան, որովհետեւ մարդուն բոլոր արարքներուն եւ ներգործութիւններուն հիմքը պէտք է սէրը ըլլայ, առանց որուն ամէն ինչ անիմաստ եւ աննպատակ կը դառնայ:

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 4, 2021

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Արդէն իսկ հինգերորդ ամիսն է կը տեսնեմ տասնմէկ ամեայ պատանի մը, ամէ՛ն օր Յիսուս Քրիստոսի սրբանկար մը եւ կամ փոքր թաշկինակի ծրար մը ձեռքին ցուցալոյսին տակ կեցած կը սպասէ կարմիր լոյսին՝ որպէսզի ինքնաշարժներուն մօտենալով գումար խնդրէ: Պատահեցաւ այդ վայրէն անցնիմ ուշ գիշերով. հակառակ ցուրտին դարձեալ այդտեղ էր:

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 4, 2021

Հայաստանի խորհրդարանի նախագահ Սիմոնեանի եւ վարչապետ Փաշինեանի կողմէ վերջին յարգանք:
Նորոգ հանգուցեալ պետական գործիչ Վանօ Սիրադեղեան այսօր կը յուղարկաւորուի՝ Երեւանի երէկուան սգահանդէսէն վերջ:

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 4, 2021

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի միջեւ Սթոքհոլմի մէջ նախատեսուած տեսակցութիւնը տեղի չունեցաւ։ Ինչպէս ծանօթ է, երկու նախարարները վերջին օրերուն Շուէտի մայրաքաղաքին մէջ մասնակցեցան՝ ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հաւաքին։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 4, 2021

Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մուտքին միջոց մը առաջ պատահած եւ լայն արձագանգ ու հակազդեցութիւն ստեղծած դէպքին վերաբերեալ արդէն դատ բացուած է։
 

Էջեր