Արխիւ

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 26, 2020

Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ Թուրքիոյ պարզած ընդհանուր պատկերը հետզհետէ աւելի մտահոգիչ կը դառնայ։ Երէկ երեկոյեան Առողջապահութեան նախարարութիւնը հրապարակեց Թուրքիոյ վերաբերեալ վիճակագրական վերջին տուեալները։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 26, 2020

Հայաստանի Ազգային գրադարանը արդէն ունի նոր տնօրէնուհի մը. յանձինն՝ Աննա Չուլեանի։ Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարար Արայիկ Յարութիւնեան երէկ գրադարանի անձնակազմին ներկայացուց նորընտիր տնօրէնուհին։ Ներկայ էին նաեւ փոխ-նախարար Նարինէ Խաչատուրեան եւ նախարարի օգնական Դաւիթ Դանիէլեան։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 25, 2020

Հարցազրոյց. «Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայերը կանգնած են գոյաբանական սպառնալիքի առջեւ»:
Ըստ Նիկոլ Փաշինեանի, Ատրպէյճանի յարձակումը ձախողեցաւ եւ յօդս ցնդեցաւ իր ռազմական գերակայութեան առասպելը:

Երեքշաբթի, Օգոստոս 25, 2020

Լիբանանահայութեան դիմագրաւած առկայ ծանր մարտահրաւէրի մթնոլորտին մէջ, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) կարեւոր որոշում մը առած է՝ խրախուսելու համար երիտասարդութեան ուսումնառութիւնը։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 25, 2020

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Արդէն եղաւ մօտաւորապէս վեց ամիս որ չեմ ճամբորդած։ Այս իմ վերջին երեսուն տարիներու հեւքոտ կեանքին համար իւրայատուկ է։ Այս վեց ամիսներու ընթացքին, որուն խոշոր տոկոսը անցաւ մեկուսացման վիճակի մէջ, կեանքի ընթացքը եւ գործունէութիւններու ոճը փոխուեցան։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 25, 2020

Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Դարձեալ՝ այդպիսիները չորս ոմանց նման են. նախ՝ նման են հրեաներուն, որոնց Քրիստոս հիւր գնաց ու չընդունեցին, ինչպէս Աւետարանը կ՚ըսէ. «Իր իսկ ստեղծած աշխարհը եկաւ, բայց Իր իսկ ստեղծած մարդիկը զԻնք չընդունեցին: Իսկ զԻնք ընդունողներուն եւ Իրեն հաւատացողներուն իշխանութիւն տուաւ Աստուծոյ որդիներ ըլլալու» (Յհ 1.11-12), նոյնպէս բարի հիւր եկած է երկինքէն, բայց չեն ընդունիր:

Երեքշաբթի, Օգոստոս 25, 2020

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Անկախ Սէուտական Արաբիոյ ոչ-խանդավառ եւ նոյնիսկ «գաղջ» մօտեցումներէն, Լիբանանի նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրին կը շարունակէ մնալ երկրի վարչապետի պաշտօնի համար թիւ մէկ յաւակնորդը։ Ներսիւննիական խոհանոցին մէջ կայուն դիրք ունեցող Հարիրին իր վերջին տարիներու կեցուածքով կը շարունակէ համարուիլ ո՛չ միայն սիւններու «սիրուած» առաջնորդը, այլ նաեւ վստահելի գործընկերը երկրի շիի-զոյգին, այսինքն «Հիզպուլլահ»ին եւ «Ամալ» շարժումին։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 25, 2020

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Նիւ Եորքի խորհրդանիշներէն մէկը՝ Նիւ Եորքի հանրային գրադարանի մուտքին քարէ առիւծները, սովորաբար տարին մէկ անգամ կը զարդարուին եւ այդ մէկ անգամը կ՚ըլլայ Ս. Ծննդեան տօներուն: Այս տարի սակայն բացառութիւն էր ոչ միայն նշանաւոր այդ առիւծներուն, այլեւ ամբողջ աշխարհին համար:

Երեքշաբթի, Օգոստոս 25, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Գործիքները, մարդուս կեանքը դիւրացնող միջոցներ եւ առարկաներ են։ Գործիքը զայն գործածողին նկարագրին եւ գաղափարականին հետ համերաշխ ըլլալու է։ Գործիքը նաեւ պէտք է նպատակայարմար ըլլայ, ինչ որ կը նշանակէ՝ թէ «գործիք»ը նպատակ մը չէ, այլ՝ միջո՛ց մը։ Գործիքին եւ զայն գործածողին նկարագրին համաձայնութիւնն է, որ կը նպաստէ մտադրուած նպատակի մը իրագործման, առողջ նպատակի մը կազմութեան։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 25, 2020

Ազգային-եկեղեցական կեանքի վաղեմի խնդիրներէն մին լուծման հունի մէջ դնել կարելի չ՚ըլլար:
Ֆրանսայի թեմէն ներս Նիսի հարցը կ՚ունենայ նոր ու մտահոգիչ դրսեւրումներ, հաշիւները միշտ սխալ դուրս կու գան:

Երեքշաբթի, Օգոստոս 25, 2020

Առցանց ուսուցման պահանջը աշխարհի մէջ օրէ օր կ՚աւելնայ։ Երեւանեան աղբիւրներու հաղորդումներով, նորարարութեան ոլորտին մէջ ուշադրութիւն կը գրաւեն կարգ մը իրադարձութիւններ, որոնցմով Zoom-ը կը փոխարինուի հայկական Uteach-ով։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 25, 2020

Քորոնաժահրով պայմանաւորուած կացութիւնը՝ նոր կրթական շրջանի սկիզբի սեմին:
Թուրքիոյ մէջ վարակեալներու թիւը միշտ վերելք կ՚արձանագրէ իսկապէս մտահոգիչ թափով:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 24, 2020

Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա յայտարարեց, որ մեր բոլորին ուժը կախում ունի սահմանափակումներու նկատմամբ հնազանդութենէ։ «Ժահրը ի վերջոյ պիտի պարտուի», ըսաւ նախարարը։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 24, 2020

Արմէն եւ Նունէ Սարգսեան ամոլի աջակցութեամբ վերանորոգուեցաւ Օշականի եկեղեցւոյ որմնանկարը:
«Փառք հայ գրի եւ դպրութեան» անմահական գործը վերագտած՝ իր անկրկնելի հմայնքն ու պատմական մեծ արժէքը:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 24, 2020

Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ ասորի համայնքին վերաբերեալ յատկանշական ձեռնարկ մը։ Այսպէս, AN փաստավաւերագրական ժապաւէնի առաջին ցուցադրութիւնը կատարուեցաւ ոգեւոր մթնոլորտի մը մէջ։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 24, 2020

Մեծ գրականագէտի հսկայական ժառանգութիւնը միասնական մատուցումով:
Կարեւոր նախաձեռնութիւն. Երեւանի մէջ առնուեցաւ ամբողջական Յակոբ Օշականի առաջին քայլը:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 24, 2020

Մեր համայնքէն երկու արժէքաւոր երիտասարդներ շաբաթավերջին միացուցին իրենց կեանքը՝ ուրախութիւն պատճառելով իրենց ընտանիքին եւ ընկերային շրջանակներուն։ Այսպէս, Ճուլիա Սաղըրեանի եւ Վարդան Յովհաննէսեանի Ս. Պսակի խորհրդակատարութիւնը տեղի ունեցաւ Ղալաթիոյ Սուրբ Փրկիչ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 24, 2020

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ «Արաս» հրատարակչութիւնը բոլորովին վերջերս ընթերցասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է «Անցուկը մոռցուկ. պոլսահայ մտաւորականի մը ուղին՝ Սկիւտարէն Փարիզ» գիրքը։ Բժիշկ, բանասէր Վահրամ Թորգոմեանի յուշագրութեան հիման վրայ պատրաստուած է այս հատորը, որու հրատարակութիւնը իրականացած է մեկենասութեամբ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեան։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 24, 2020

Ծանօթ է, թէ Աղթամար կղզիի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ մէջ տարին մէկ անգամ Ս. Պատարագ կը մատուցուի, սեպտեմբեր ամսուան առաջին կամ երկրորդ կիրակիին։
Այս տարի Ս. Պատարագը պիտի մատուցուի 6 սեպտեմբեր 2020,  Խաչվերացի տաղաւարի Բարեկենդանի կիրակիին՝ նախագահութեամբ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Սրբազան Հօր։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 24, 2020

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Տնտեսական ու ելեւմտական ծանր պայմաններէն ու քորոնաժահրի հետզհետէ ահագնացող համաճարակէն ետք, 4 օգոստոսին Լիբանանն ու անոր ժողովուրդը ստացաւ երրորդ ծանր հարուածը: Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ պահ դրուած 2750 թոն ամոնիում նիթրաթի պայթումը քանդեց Մայրիներու երկրի մայրաքաղաքին շուրջ 40 առ հարիւրը եւ մեծ վնասներ պատճառեց անոր արուարձաններուն, ներառեալ՝ հայկական թաղամասերը:

Էջեր