Արխիւ

Ուրբաթ, Փետրուար 21, 2020

Անգարայի մէջ, Պեշթեփէի նախագահական համալիրէն ներս երէկ տեղի ունեցաւ «Միլլէթ» ընդարձակ գրադարանի բացման պաշտօնական հաւաքոյթը։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի հովանաւորութեան ներքեւ կազմակերպուած արարողութեան մասնակցեցաւ նաեւ Էօզպեքիստանի նախագահ Շեւքէթ Միրզիեոյեւ, որ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Թուրքիա։

Ուրբաթ, Փետրուար 21, 2020

«Նոթրը Տամ տը Սիոն» ֆրանսական լիսէի երդիքին տակ շահեկան ու եզակի ցուցահանդէս մը՝ օսմանա-եւրոպական յարաբերութիւններուն շուրջ:
Այլին Գօչունեան եւ Սինան Քուներալփ կը ներկայացնեն սուլթան Ապտիւլազիզի Փարիզ եւ Էօժենի կայսրուհիի Իսթանպուլ տուած այցելութիւնները:

Ուրբաթ, Փետրուար 21, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ստորեւ կը ներկայացնենք Գրիգոր Զօհրապի շահեկան մէկ յօդուածը հաւատքի մասին։ Ան կը յայտնէ իր մտահոգութիւնը հաւատքի մասին՝ որ հետզհետէ կը նուազի։

Ուրբաթ, Փետրուար 21, 2020

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Կերուխումի, ճոխութեան առատութեան տեսքն ու ձայնը պատած էր չորս դին, «Տրաքելու օր» էր կամ «Պատռումի կիրակի», ինչպէս կ՚ըսէր մեծ մայրս ձեռքին առատ տոպրակները բերած պահուն: Բարեկենդանի կը պատրաստուէինք, հինէն մեզի հասած սովորութեան համաձայն՝ ամէն ինչ առատ պէտք էր ըլլար սեղանին վրայ եւ առատօրէն ուտուէր մսեղէնը, որպէս նախապատրաստութիւն Մեծ պահքին:

Ուրբաթ, Փետրուար 21, 2020

ԵՐԱՄ

Պատուհանէս այն կողմ, կամ պատշգամէս, փողոցի միւս ափին` Ստալինեան կառուցուածքով շէնք մը կայ։ Ճիշդ կրկնապատկերը մերինին։ Մինչդեռ առաւօտուն ուղիղ կը զարնէ արեւը մեր շէնքին, շողերը ներս կը նետէ մեր տուներ, ընդամէնը կը հպի միայն դիմացինին. եւ այնքան կողմնակի, որ գրեթէ մութ կը մնան տուները ներսի, ու պատշգամներու շուքերը կ՚երկարին, կը յօրանջեն ու քաշուին, գրեթէ մէկզմէկու կը հասնին։

Ուրբաթ, Փետրուար 21, 2020

Բանկալթըի Մխիթարեան վարժարանը նախընթաց օր տուն դարձաւ Բարեկենդանի խրախճանքներու: Վարժարանի տնօրէնութիւնը յարմար տեսած էր Մեծ պահքի շրջանէն առաջ պատշաճ կերպով տօնախմբել այս յատուկ տօնը:

Ուրբաթ, Փետրուար 21, 2020

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին մեծ շուքով նշեց Սրբոց Վարդանանց յիշատակութեան տօնը:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի անուանակոչութեան առթիւ անսասանութեան աղօթք Մայր Աթոռի մէջ:

Հինգշաբթի, Փետրուար 20, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մահը իր ընդհանուր առումով «կորուստ» եւ կամ «պարտութիւն» կ՚ենթադրէ։ Բայց կա՛ն պարագաներ, ուր «կորուստ»ը եւ կամ «պարտութիւն»ը շահ է եւ յաղթանա՛կ։

Հինգշաբթի, Փետրուար 20, 2020

Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Ծնած եմ գիրքերու աշխարհին մէջ։ Մեծ մայրս ունէր մեծ գրադարան։ Ան միշտ կը պարծենար, թէ ինք հարուստ է իր գիրքերով։

Հինգշաբթի, Փետրուար 20, 2020

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Ամերիկեան լրատուական HuffPost հարթակը ուշագրաւ յօդուած մը տպագրած է Եւրոպայէն դուրս գոյութիւն ունեցող «Եւրոպա»ին մասին: Խօսքը աշխարհի այն քաղաքներուն մասին է, որոնք, Եւրոպայէն դուրս ըլլալով, կը նկատուին եւրոպական շունչ ու ոգի կրող երկիրներ:

Հինգշաբթի, Փետրուար 20, 2020

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Բարեկենդանի աւանդական խրախճանք մը, ինչ որ մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց։ Հանդէսը նախատեսուած էր Արամեան սանուց միութեան սրահին մէջ։

Հինգշաբթի, Փետրուար 20, 2020

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին այսօր կը նշէ Սրբոց Վարդանանց տօնը։ Սա Հայ Եկեղեցւոյ կարեւորագոյն տօներէն մին է, որուն զուգահեռ կը նշուի Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի անուանակոչութիւնը։

Հինգշաբթի, Փետրուար 20, 2020

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչութեան բաժինը լոյս ընծայեց «Հայ-Աղուանական եկեղեցական յարաբերութիւնները 2-8-րդ դարերուն» խորագրեալ ուսումնասիրութիւնը՝ որու հեղինակն է պատմաբան Փրոֆ. Հենրիկ Սվազեան։ Այս աշխատութեան մէջ կը պարզաբանուին քրիստոնէութեան Աղուանք ներթափանցումը, ընդունուիլը, ինչպէս նաեւ պատմական Մեծ Հայքի ու Աղուանքի միջեւ փոխյարաբերութիւնները։

Հինգշաբթի, Փետրուար 20, 2020

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս կը սկսի նո՛ր շրջան մը։ Նո՛ր գահակալ մը կայ Պատրիարքական Աթոռին վրայ։ Նո՛ր որոնումներ սկսած են համայնքէն ներս։ Այս բոլոր «նոր»երու խաչմերուկին պէտք է դիտարկել Պատրիարքարանի մէջ տեղի ունեցած վերջին լայնախարիսխ խորհրդակցութիւնը։

Հինգշաբթի, Փետրուար 20, 2020

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով յայտարարեց, որ Սուրիոյ ճգնաժամի պայմաններուն ներքեւ հաւանական ամենավատ վարկածը կ՚ըլլայ, եթէ Թուրքիա այդ երկրի տարածքէն ներս ռազմական գործողութիւններու սկսի ռուսական բանակին դէմ։

Հինգշաբթի, Փետրուար 20, 2020

Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարի նախընթաց օր այցելեց Երեւան, ուր հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Ան ընդունուեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի եւ Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի կողմէ։

Հինգշաբթի, Փետրուար 20, 2020

Հայ երիտասարդ հոգեւորականներու Վատիկան կատարած այցելութիւնը կը բնորոշուի բազմակողմանի շփումներով եւ երկխօսութեամբ:
Յաջորդ տարի Կաթոլիկ եւ Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու նման ծրագրի մը ձեւաչափին մէջ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը պիտի հիւրընկալէ օտար միաբաններ:

Հինգշաբթի, Փետրուար 20, 2020

Պեշթեփէի համալիրէն ներս այսօր կազմակերպուած է բացման հանդիսաւոր արարողութիւն մը:
125 հազար քառակուսի մեթր տարածութեան վրայ՝ 5 հազար հոգիի համար նախատեսուած նոյնաժամանակ սպասարկութիւն:

Չորեքշաբթի, Փետրուար 19, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յակոբ Պարոնեան, հայ մեծագոյն երգիծաբանը յաճախ քննադատած է բարոյական, ընկերային եւ քաղաքական թերութիւնները եւ տկարութիւնները։ Ահաւասիկ, նմոյշ մը իր գործերէն, ուր կը քննադատէ քաղաքավարութեան չափազանցութիւնները։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 19, 2020

ԵՐԱՄ

Բուքը պատած էր բլուրները։
Սպիտակ ներկած էր զանոնք արդէն քանի մը ժամէ ի վեր. պարզապէս կը շարունակէր տնտնալ, փէշերը աջ-ձախ սփռել, մինչեւ վերջնականապէս յագենար, տիրացած զգար այդ տեղանքին, ու բաւարարուած քաշուէր երկինք, տեղն արեւուն զիջելով։

Էջեր