Արխիւ

Չորեքշաբթի, Փետրուար 19, 2020

Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէր երէկուան ժողովին ընթացքին ահազանգ հնչեցուց Մէրամէթճեան վարժարանի այժմու կացութեան շուրջ։ Ան դիտել տուաւ, որ վերջին մատաղօրհնութեան ժամանակ կատարուած հանգանակութեան արդիւնքը շատ հեռու մնացած էր ակնկալութիւնները արդարացնելէ։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 19, 2020

«Կեզի» զբօսայգիի դէպքերու դատավարութեան 7-րդ փուլը երէկ տեղի ունեցաւ Սիլիվրիի մէջ։ Դատակազմը յանգեցաւ այն եզրակացութեան, թէ մեղադրեալներու պարագային գոյութիւն չունի իրաւունքի համապատասխան շօշափելի ու վերջնական ապացոյց մը։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 19, 2020

Սուրիոյ տագնապի ամբողջին մէջ Իտլիպի իրադարձութիւնները կը շարունակեն հրատապ մնալ։ Երէկ, Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի պատուիրակութիւնները աւարտեցին իրենց Մոսկուայի բանակցութիւնները, որոնց ընթացքին կեդրոնացան Իտլիպի իրադարձութիւններուն վրայ։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 19, 2020

Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու երէկուան համայնքային խորհրդակցութեան ընթացքին հանդէս եկաւ կարեւոր յայտարարութիւնով մը։ Ան ուշագրաւ բացատրութիւններ տուաւ Ազգային հիւանդանոցի ելմտական այժմու վիճակին շուրջ։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 19, 2020

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր բարձր նախագահութեամբ, երէկ Գումգաբուի մէջ տեղի ունեցաւ համայնքային լայնախարիսխ խորհրդակցութիւն մը, որուն մասնակցեցան Կրօնական ժողովի անդամները, մեր գրեթէ բոլոր հաստատութիւններուն ատենապետները, նաեւ որպէս դիտորդ՝ մամլոյ ներկայացուցիչները:
Նորին Ամենապատուութիւնը կը ձգտի աթոռի հովանաւորութեան ներքեւ ստեղծել կեդրոնական սեղան մը, որ աշխատանքային խումբի մը ձեւաչափով պիտի գործէ՝ զօրակցութեան, հակակշռման եւ իրերօգնութեան առաջնահերթութիւններով՝ նախապայմաններ առաջ քշելու փոխարէն առաջարկներ յղանալու դրական մօտեցումով:
Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքը իտէալներով կառավարելու ուղղեալ նախաձեռնութիւնը կը միաւորէ հոգեւոր եւ աշխարհական ղեկավարութիւնները՝ համընդգրկուն սկզբունքով:

Չորեքշաբթի, Փետրուար 19, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յակոբ Պարոնեան, հայ մեծագոյն երգիծաբանը յաճախ քննադատած է բարոյական, ընկերային եւ քաղաքական թերութիւնները եւ տկարութիւնները։ Ահաւասիկ, նմոյշ մը իր գործերէն, ուր կը քննադատէ քաղաքավարութեան չափազանցութիւնները։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 19, 2020

ԵՐԱՄ

Բուքը պատած էր բլուրները։
Սպիտակ ներկած էր զանոնք արդէն քանի մը ժամէ ի վեր. պարզապէս կը շարունակէր տնտնալ, փէշերը աջ-ձախ սփռել, մինչեւ վերջնականապէս յագենար, տիրացած զգար այդ տեղանքին, ու բաւարարուած քաշուէր երկինք, տեղն արեւուն զիջելով։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 19, 2020

Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

-Ա­յո։
-Բա­րի օր Աշ­խէն։
-Բա­րի օր, ո­րո՞ւ հետ կը խօ­սիմ։

Երեքշաբթի, Փետրուար 18, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մուշեղ Իշխան, իսկական անունով՝ Մուշեղ Սրապիոնի Ճենտերէճեան, ծնած է 1914-ին Սիվրիհիսար։ 1923-ին, ընտանիքը հաստատուած է Դամասկոս։

Երեքշաբթի, Փետրուար 18, 2020

Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Խօսք. «Գիտենք» (Յհ 4.42):
Մեկնութիւն. Այսինքն՝ հաստատ կը հաւատանք, եւ հաւատալը՝ ճշմարտութեան հետեւիլ է, որովհետեւ հաւատքը կը հիմնաւորուի Քրիստոսի ճշմարտութեան վրայ:

 

Երեքշաբթի, Փետրուար 18, 2020

Մխիթարեան սանուց միութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած «Yolcu» ներկայացման կալան երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ «Զորլու» գեղարուեստի կեդրոնին մէջ։ Լեւոն Թապէրեանի բեմադրութեամբ պատրաստուած ներկայացումը գեղարուեստասէրներու հիացմունքին առարկայ դարձաւ։

Երեքշաբթի, Փետրուար 18, 2020

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան կը շարունակէ անդրանիկ հովուապետական այցելութիւններ շնորհել մեր եկեղեցիներուն։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այս ծիրին մէջ երէկ այցելեց Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին։

Երեքշաբթի, Փետրուար 18, 2020

Հռոմի մէջ այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ երիտասարդ հոգեւորականներու հաւաք մը, որ կազմակերպուած է Արեւելեան Ուղղափառ եւ Կաթոլիկ եկեղեցիներու պաշտօնական երկխօսութեան շրջանակներէն ներս։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, այս հաւաքին կը մասնակցին Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցիէն ներկայացուցիչներ։

Երեքշաբթի, Փետրուար 18, 2020

Համահայկական մամլոյ համաժողովի նոր փուլը կազմակերպելու առաջադրութեամբ վերջերս Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ ժողով մը։ Այսպէս, համահայկական մամլոյ համաժողովի կազմակերպման աշխատանքային խումբը կատարած է ընդհանուր արժեւորում մը։

Երեքշաբթի, Փետրուար 18, 2020

Թէ՛ սեղանի շուրջ եւ թէ դաշտի վրայ Անգարա եւ Մոսկուա մշտական կապի մէջ կը մնան Իտլիպի կացութեան համար:
Թուրքիոյ, Ռուսաստանի եւ Իրանի մասնակցութեամբ նոր գագաթաժողով մը կազմակերպելու ուղղութեամբ նախապատրաստութիւններ:

 

Երեքշաբթի, Փետրուար 18, 2020

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը խորհրդակցութեան հրաւիրած՝ Կրօնական ժողովն ու մեր հաստատութիւններու ատենապետները:
Նորին Ամենապատուութիւնը եւ Պետրոս Շիրինօղլու երէկ տեսակցելով ընդհանուր արժեւորում մը ըրին այսօրուան հանդիպման ընդառաջ:

Երեքշաբթի, Փետրուար 18, 2020

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
«Անտարէս» հրատարակչութեան կողմէ ուշագրաւ նախաձեռնութիւն. «Թերթապատում. 1910-1911 թուականներու մամուլի անդրադարձները Կոմիտաս Վարդապետի մասին»:
Գրքին մէջ լայն տեղ տրամադրուած է ԺԱՄԱՆԱԿ-ի այդ տարիներու հրապարակումներուն՝ լրատուական նիւթերով եւ ծաւալուն հեղինակային յօդուածներով հանդերձ։ Թերթիս հիմնադիր Միսաք Գօչունեան (Քասիմ) եւ մեծ երաժիշտը եղած են մտերիմներ։
Գործի հեղինակը Արմինէ Գրիգորեան եւ խմբագիրը՝ Գուրգէն Գասպարեան կը պատրաստուին յառաջիկային պատրաստել նոր հատորներ եւս, որոնք պիտի կազմեն ամբողջ մը՝ լուրջ գիտական արժէքով։

Երկուշաբթի, Փետրուար 17, 2020

Պատմութեան մէջ առաջին անգամ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները բաց ասուլիսի մը մասնակցութիւն բերին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ:
Միւնիխի անվտանգութեան համաժողովի ծիրէն ներս կազմակերպուած յատուկ նիստը առիթ ընձեռեց, որպէսզի Նիկոլ Փաշինեան եւ Իլհամ Ալիեւ ներկայացնեն հակամարտութեան վերաբերեալ իրենց մօտեցումները: Միջազգային մասնագէտներու անմիջական հետաքրքրութեան արժանացած բանավէճին նախորդեց նաեւ մօտաւորապէս կէս ժամուան առանձնազրոյց մը:

Երկուշաբթի, Փետրուար 17, 2020

Բանկալթիի մէջ շաբաթավերջին բացուեցաւ նոր ճաշարան մը։ Այսպէս, «Զաֆէր» փողոցի մէջ հաստատուած է Գոց շուկայի նշանաւոր «Önder Köftecisi»ի մասնաճիւղը։

Երկուշաբթի, Փետրուար 17, 2020

Նշանթաշիի մէջ վերջերս գործել սկսած է EMPATİST հոգեբուժական դարմանատունը, որու պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ շաբաթավերջին։ Չորս գործընկերներու համատեղ նախաձեռնութեամբ հիմնուած է այս դարմանատունը։

Էջեր