Արխիւ

Շաբաթ, Յունուար 25, 2020

Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան երէկ Իսթանպուլի մէջ հիւրընկալեց Գերմանիոյ վարչապետ Մերքէլը:
Անգարա-Պերլին առանցքին վրայ իրերայաջորդ քննարկումներ՝ միջազգային հրատապ խնդիրներուն առընչութեամբ:

Շաբաթ, Յունուար 25, 2020

Բեթղեհէմի Սուրբ Ծննդեան տաճարի հայկական եկեղեցւոյ երդիքին տակ պատմական հանդիպում:
Անգլիոյ արքայազն Չարլզ յուշանուէր մը ստացաւ՝ ձեռամբ լուսարարապետ Տ. Սեւան Արքեպիսկոպոս Ղարիպեանի:

Շաբաթ, Յունուար 25, 2020

Այս կիրակի Գումգաբուի մէջ սիրոյ սեղան կը սարքուի Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» դպրոցին ի նպաստ:
Տարեկան հանգանակութեան յաջողութիւնը ճակատագրական նշանակութիւն ունի վարժարանի գոյատեւման համար:

Շաբաթ, Յունուար 25, 2020

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Հայրապետական սրբատառ կոնդակով մը հռչակեց Պալթեան երկիրներու հայոց թեմը։ Այսպէսով Լաթվիայի, Լիթվայի եւ Էսթոնիայի հայկական եկեղեցական համայնքները համախմբուեցան նոր թեմի մը հովանաւորութեան ներքեւ՝ առանձնանալով Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի հայոց թեմէն։

Շաբաթ, Յունուար 25, 2020

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ ընդունեց «Նէօ-Քաթէքիւմէն» շարժումէն Տքթ. Մարիօ Ռոկենպիւքէն եւ ընկերակիցները։ Հարկ է նշել, որ այս շարժումը կը գործէ Լատին Կաթոլիկ եկեղեցւոյ հովանաւորութեան ներքեւ։

Ուրբաթ, Յունուար 24, 2020

«Մշակութային ժառանգութիւն. Փորձառութիւն եւ հեռանկարներ միջազգային ծիրէն ներս» նիւթով քննարկում:
Մատենադարանի երդիքին տակ համախմբուած մասնագէտները կարծիքներ փոխանակեցին բազմաբնոյթ հարցերու շուրջ:

Ուրբաթ, Յունուար 24, 2020

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ Երուսաղէմի մէջ մասնակցեցաւ Հոլոքոստի յիշատակին նուիրուած 5-րդ միջազգային համաժողովին՝ ընդառաջելով Իսրայէլի նախագահ Ռէուվէն Ռիվլինի հրաւէրին։

Ուրբաթ, Յունուար 24, 2020

Երեւանի կեդրոնին երէկ տեղի ունեցաւ զգայացունց դէպք մը։ Հայաստանի մայրաքաղաքի կեդրոնին հնչեցին կրակոցներ։

Ուրբաթ, Յունուար 24, 2020

Ռուսաստանի վարչապետ Միխայիլ Միշուստին ստորագրեց տնօրինութիւն մը, որու հիման վրայ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) յանձնաժողովի նախագահ Տիգրան Սարգսեան պիտի պարգեւատրուի։ Այսպէս, Տիգրան Սարգսեանին պիտի շնորհուի Սթոլիփինի առաջին աստիճանի մետայլը։

Ուրբաթ, Յունուար 24, 2020

Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքի աղմկայարոյց իրադարձութիւնները կը շարունակուին։ «Արմէնփրէս» գործակալութիւնը այս առաւօտ տեղեկացուց, որ Հայաստանի Յատուկ քննչական ծառայութիւնը խուզարկումներ կ՚իրականացնէ երկրի Սահմանադրական ատեանի նախագահ Հրայր Թովմասեանի բնակարանէն ներս։

Ուրբաթ, Յունուար 24, 2020

Պատրիարքական Աթոռը այս առաւօտ պաշտօնական լուսաբանութիւնով մը հանդէս եկաւ՝ Սիրքեճիի Սանասարեան խանի վերաբերեալ վերջին իրադարձութիւններուն շուրջ: Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը երէկ տեսակցեցաւ իրաւաբան Ալի Էլպէյօղլուի հետ:
Դիւանը ընդգծեց, որ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան այժմու նախաձեռնութիւնները չեն կրնար ազդեցութիւն գործել Գումգաբուի պահանջած իրաւունքին վրայ:

Ուրբաթ, Յունուար 24, 2020

Patrikliğimiz ve Vakıflar Genel Müdürlüğü arasında uyuşmazlık konusu olan Sanasaryan Han’ın onarımı ve restorasyonu karşılığında 35 yıllığına kiralanması için 28.01.2020 tarihinde Vakıflar İstanbul 1. Bölge Müdürlüğü tarafından ihale düzenleneceğini öğrenmiş bulunmaktayız. Anayasa Mahkemesi’ndeki 2019/6264 sayılı bireysel başvurumuz henüz karara bağlanmadan ve yargı süreci halen devam ederken Vakıflar Genel Müdürlüğü’nün Han’ı ihaleye çıkarmasının hakkaniyete uygun düşmediğini belirtmek isteriz.

Ուրբաթ, Յունուար 24, 2020

ԵՐԱՄ

Կը կարդար։
Կը բանար ամէն մէկ ծալքը համացանցին, կը մտնէր ամէն մէկ ճեղքէն ներս անոր։ Կը պրպտէր, կը գտնէր, ու կը կարդար, որ գրէր։ 

Ուրբաթ, Յունուար 24, 2020

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

-Եալլա գնա՞նք:
Կը լսեմ ներսէն յանկարծ տղուս երեւանցի ընկերոջ ձայնը, «եալլա»ն սորված ու լեզուական կիրառական բառերուն սիւնակին մէջ տեղաւորած է արդէն:

Ուրբաթ, Յունուար 24, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Տարիքը խելքը չ՚աւելցներ։ Մարդոց ստուար մեծամասնութիւնը հոգւով, մտքով չափահասութեան երբեք չի հասնիր. քառասուն, յիսուն, վաթսուն տարեկան «մանուկ»ներ այնքա՜ն շատ են որքան նախակրթարաններու մանուկները։

Ուրբաթ, Յունուար 24, 2020

Եւրոպայի ամենահին սրճարանը կը պատրաստուի նշել իր 300-ամեայ յոբելեանը։ Այսպէս, Վենետիկիի մէջ գտնուող, Իտալիա, «Ֆլորիան» սրճարանը, որ ամենահինը կը համարուի Եւրոպայի տարածքին, կը պատրաստուի նշել իր 300-ամեայ յոբելեանը:

Ուրբաթ, Յունուար 24, 2020

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Հրատարակչական բաժինը լոյս ընծայեց Երեւանի մէջ, Մատենադարանի երդիքին տակ կազմակերպուած «Պատմական Տայք. Պատմութիւն, մշակոյթ, դաւանանք» խորագրեալ միջազգային գիտաժողովի զեկուցումներու ժողովածոն։ Հարկ է յիշեցնել, որ այդ գիտաժողովը տեղի ունեցած էր 2016 թուականի յունիսին։

Ուրբաթ, Յունուար 24, 2020

Սթեֆ Պրուք երէկ ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Երեւանի մէջ:
Հայաստան եւ Հոլանտա կը ծրագրեն զարգացնել յարաբերութիւնները յատուկ ուղղութիւններով:

Հինգշաբթի, Յունուար 23, 2020

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, որ մասնակցեցաւ Համաշխարհային տնտեսական ֆորումին, նախընթաց օր Տաւոսի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավարութեան ղեկավար Նեչիրվան Պարզանիի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Արմէն Սարգսեան այս առթիւ մատնանշեց, որ Հայաստան ուշադրութեամբ կը հետեւի Մերձաւոր Արեւելքի տարածքաշրջանային իրադարձութիւններուն։

Հինգշաբթի, Յունուար 23, 2020

Հայաստանի ԱԱԾ-ի նախկին տնօրէնի աղմկայարոյց մահուան արձագանգները կը շարունակուին:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ խորհրդարանի հարցում-պատասխանին ժամանակ անդրադարձաւ զգայացունց դէպքին:

Էջեր