Արխիւ

Չորեքշաբթի, Մարտ 20, 2019

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ազգային անվտանգութեան գծով խորհրդական Ճոն Պոլթըն յայտարարեց, որ Թուրքիոյ կողմէ ներածուած ռուսական Ս-400 հրթիռները մեծ խնդիր մը կը համարուին իր երկրին տեսակէտէ։
Ճոն Պոլթըն նախընթաց օր յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ պահպանողական հակումով ռատիօկայանէ մը։

Չորեքշաբթի, Մարտ 20, 2019

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ հիւրընկալեց ճատրակի մեծանուն վարպետ Լեւոն Արոնեանը։ Հանդիպման ընթացքին Լեւոն Արոնեան պատմեց իր յառաջիկայ ծրագրերու եւ մասնակցելիք մրցաշարքերու մասին։

Չորեքշաբթի, Մարտ 20, 2019

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Արցախը բանակցութիւններուն ներգրաւելու ուղղեալ իր յայտարարութիւններու շարքը ո՛չ թէ մարտահրաւէր մըն է, այլ՝ երկխօսութեան հրաւէր։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, վարչապետ Փաշինեան երէկ մամլոյ ասուլիս մը սարքեց Երեւանի մէջ։ Ան զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ զրուցեց Մատենադարանի երդիքին տակ։ 

Չորեքշաբթի, Մարտ 20, 2019

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Երանաշնորհ Տ. Մեսրոպ Արքեպիսկոպոս Մութաֆեանի քառասունքէն վերջ պիտի սկսի Պատրիաքական Աթոռի նոր՝ 85-րդ գահակալի ընտրութեան գործընթացը:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքութիւնը տասնամեակներէ ի վեր չունի պաշտօնական կարգավիճակ, կը կառավարուի անգիր օրէնքներով, ուստի աւանդական գծին հաւատարիմ պէտք է մնալ ապագայ պատրիարքի օրինականութիւնը ստուերի տակ չթողլու նպատակով: Համայնքի բոլոր վարչայիններէն ու պատասխանատուներէն նրբանկատութիւն կ՚ակնկալուի այս ուղղութեամբ:

Չորեքշաբթի, Մարտ 20, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հայ մամուլէն հին էջեր թղթատել մեզ կը տանի անցեալին, ուր առիթը կ՚ունենանք բաղդատելու հինը եւ նորը՝ անցեալը եւ ներկան։ Եւ այսօր ալ ձեռքի տակ ունինք մայիս 22, 1954 թուակիր «The Gotchnag - An Armenian Weekly» շաբաթաթերթը, ուրկէ կը քաղենք հետաքրքրական եւ շահեկան լուրեր։

Չորեքշաբթի, Մարտ 20, 2019

ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ

Առաջին անգամ Գնալը կղզի ոտք դրի 2014-ի յուլիսին։
Երեկոյ մըն էր, ժամը 7-ի կողմերը, երբ շոգենաւէն իջայ. հովը կ՚ողջունէր մեզ, ճամբորդներս, աւետելով քաղաքի խեղդող տաքէն մեր համեմատական ազատման մասին։

Չորեքշաբթի, Մարտ 20, 2019

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Ահաւասիկ գարուն է…
Ամէն տարի գարունը ամօթխած նորահարսի մը պէս կու գայ, իր հետ բերելով խինդ ու ծիծաղ, սէր ու քնքշանք։

Չորեքշաբթի, Մարտ 20, 2019

Յայտնի ճազ երգիչ Ճէյմի Տէյվիս երեւանեան համերգի ընթացքին ելոյթ պիտի ունենայ Հայաստանի Պետական ճազ նուագախումբի նուագակցութեամբ՝ գեղարուեստական ղեկավար եւ երգահան Արմէն Հիւսնունցի ղեկավարութեամբ: Համերգային երեկոն տեղի պիտի ունենայ ապրիլի 5-ին, Հայաստանի Ճարտարապետներու միութեան դահլիճին մէջ:

Չորեքշաբթի, Մարտ 20, 2019

Հայաստանի ներկայացուցիչ Անոյշ Գրիգորեան հանդիսացաւ Եւրոպայի կռփամարտի 18-22 տարեկան դասակարգի ախոյեան, Վլատիքաւքազի մէջ, Ռուսաստան, իր աւարտին մօտեցող ախոյենութեան ընթացքին:

Չորեքշաբթի, Մարտ 20, 2019

Ղազախիստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւ երէկ հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն։ 79 տարեկան է ան ներկայիս։

Երեքշաբթի, Մարտ 19, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յաճախ մարդուս միտքը կը զբաղեցնէ՝ թէ աստուածային ստեղծագործութեամբ ամէն բան «բարի» է, ապա ուրեմն ինչո՞ւ կայ նաեւ «չար»ը։
Արդարեւ, արարչութեամբ ամէն ինչ բարի է, ուրիշ խօսքով էականը, սկզբնականը բարի է, իսկ «չար»ը ստացական, այսինքն բարիին այլասերումն է։ 

Երեքշաբթի, Մարտ 19, 2019

ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ

Դասընկերներէս մին յիսնամեակ մը առաջ «բառարան» մը յօրինեց (չակերտեցի, քանի որ մի քանի տասնեակ իսկ չէր), ուր չէր մոռցած «ուսուցիչ» բառը, զոր տարբաղադրելով ըրած էր ուս-ցցիչ. այսինքն՝ դժգոհ ստացած գումարէն:
Որեւէ հարց եթէ ամբողջութեան մէջ չքննուի, անպայման թերի կողմ մը կամ կողմեր պիտի ունենայ:

Երեքշաբթի, Մարտ 19, 2019

Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Պահեցողութիւնը ինքնամաքրման եւ ինքնաքննութեան առիթ է իւրաքանչիւր քրիստոնեայի համար եւ իւրաքանչիւր քրիստոնեայ պարտաւոր է պահք պահել: Երբեմն մարդիկ չեն պահեր, որոհետեւ առողջական խնդիրներ ունին, ինչ որ հասկնալի եւ ընդունելի է:

Երեքշաբթի, Մարտ 19, 2019

ԿՈՐԻՒՆ Ա. ՔՀՆՅ. ՖԷՆԷՐՃԵԱՆ

Երազներ կան, որոնք նոյնիսկ քունի մէջ կը ցնդին ու կը մոռցուին, իսկ կան երազներ, որոնք երկար ժամանակ կը յիշուին իրենց թողած ազդեցութեամբ։
Ամենապատիւ Տ. Մեսրոպ Սրբազան Պատրիարք Հայր, դուք եղաք պոլսահայ Աթոռի ամէն մէկ զաւակի երազը, երբեք պիտի չմոռցուին ձեր թողած տպաւորութիւնները։

Երեքշաբթի, Մարտ 19, 2019

Գարակէօզեան Տան տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած մտախաղերու միջվարժարանային մրցոյթը այս տարի եւս պսակուեցաւ փայլուն յաջողութեամբ։ Սա իր նմաններու շարքին տասներորդն էր եւ այդ առումով կը համարուէր յոբելենական։

Երեքշաբթի, Մարտ 19, 2019

Էսաեան վարժարանի մարմնամարզի խումբը վերջերս նուաճեց Իսթանպուլի ախոյենութիւնը։ Արտա Արսլան, Սիմոն Նալճը եւ Արաս Պուլկուր կը գտնուէին Էսաեանի կազմին մէջ, որ Իսթանպուլի միջվարժարանային առաջնութեան ծիրին մէջ փոքրերու դասաւորումէն ներս հանդիսացաւ ախոյեան։

Երեքշաբթի, Մարտ 19, 2019

Շիշլիի գերեզմանատան երէկուան արարողութեան հանդիսապետեց Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան:
Հոգելոյս Պատրիարք Մեսրոպ Արքեպիսկոպոս Մութաֆեանի շիրմին մինչեւ շաբաթավերջ մաս առ մաս հող պիտի աւելցուի: Երանաշնորհ Հոգեւոր Պետի հողակոյտի մակերեսը միշտ ծածկուած կը մնայ թարմ ծաղիկներով:

Երեքշաբթի, Մարտ 19, 2019

Տատեան վարժարանի հիմնադրութեան 175-ամեակին ձօնուած յոբելենական ձեռնարկներու ծիրէն ներս վերջերս տեղի ունեցան ձեռնագնդակի եւ փինկ-փոնկի մրցաշարքեր։ Դպրոցի «Եդքին Պէրպէրօղլու» մարզասրահի երդիքին տակ տեղի ունեցան միջվարժարանային այս մրցաշարքերը։

Երեքշաբթի, Մարտ 19, 2019

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Թրքահայ համայնքին տեսակէտէ մեծ ու լուրջ քննութիւն մըն էր հոգելոյս Մեսրոպ Պատրիարքի յուղարկաւորութիւնը։ Կանխաւ յայտնենք, որ համայնքը պատուով դուրս եկաւ այդ քննութենէն։ Կենսունակութեան փորձաքարի մը առջեւ կը գտնուէր թրքահայութիւնը եւ այս պահու դրութեամբ կարելի է խօսիլ դրական արդիւնքի մասին։

Երկուշաբթի, Մարտ 18, 2019

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը ցաւակցական պատգամ մը ուղարկած էր Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի 84-րդ գահակալ հանգուցեալ Պատրիարք Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի վերջին օծման եւ յուղարկաւորութեան առթիւ։ Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ երէկ Նորին Սրբութեան պատգամը ընթերցուեցաւ Լիբանանի հայոց առաջնորդ Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեանի կողմէ։

Էջեր