Արխիւ
Ֆէրիգիւղի «Ալաճաճեան» սրահին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ նկարիչ Հրաչ Օհանօղլուի ցուցահանդէսի բացումը։ Հրաչ Օհանօղլու մեր համայնքէն ներս բազմակողմանի գործունէութիւն ծաւալած արուեստագէտ մըն է։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ համակրելի մեներգչուհի Սիպիլ յառաջիկայ ամիս զանազան համերգներով հանդէս պիտի գայ Հարաւային Ամերիկայի եւ Ֆրանսայի մէջ։ Ընդհանուր առմամբ վեց համերգներ նախատեսուած են մէկ ամսուան ընթացքին եւ Սիպիլ այս առթիւ մարտ ամսուան տեւողութեան պիտի ունենայ իրերայաջորդ ճամբորդութիւններ։
Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը երէկ պատարագեց Մելպուռնի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ:
Նորին Սրբութիւնը կատարեց՝ ի նշանաւորումն իր հովուապետական այցելութեան կանգնեցուած խաչքարի բացումը:
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան 90-րդ ընդհանուր ժողովը եզրափակուեցաւ Փարիզի մէջ
Pavillon Ledoyen-ի երդիքին տակ տեղի ունեցած ընթրիքի ժամանակ մեծարուեցան Տեմիրճեան եւ Մանուկեան ամոլները
Թաքսիմի հրապարակին վրայ AKM-ի նոր համալիրի հիմքերը դրուեցան հանդիսաւոր արարողութեամբ:
Էրտողան յայտնեց, որ երկիրը միջակութիւններու դատապարտուած պիտի չըլլայ մշակոյթի եւ գեղարուեստի ոլորտներուն մէջ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Ադամ Աստուծոյ որդին է» (ՂՈՒԿ. Գ 38), քանի որ ան Աստուծմէ ստեղծուեցաւ։ Ադամ, իբրեւ Աստուծոյ «մարդեղէն որդի»ն՝ կատարեալ էր, քանի որ Աստուծոյ ստեղծածն էր, եւ Աստուած կատարեալ է եւ Անոր գործն ալ նոյնպէս եւ մի՛շտ կատարեալ է։
Պատրաստեց՝
ԿԱՐՕ ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ
Հայ Եկեղեցւոյ համար Առաջաւորաց պահքին նախորդող կիրակին կը նշուի Առաջաւորաց պահքի Բարեկենդանը: Բարեկենդանը պահքի շրջանին նախորդող ուրախութեան օրն է:
Պատրաստեց՝
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Ներկայիս ընկերային, տնտեսական եւ քաղաքական համաշխարհային երբեմն բազմաթիւ պայմանները աշխատողներուն, անոնց շարքին՝ յատկապէս մայրերուն վրայ ծանր ազդեցութիւններ կ՚ունենան: Բնականաբար ամէն խնդիր իր լուծումը կրնայ ունենալ, եթէ ճիշդ մօտեցումը ցուցաբերուի:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Զարմանալի ժամանակներ կ՚ապրինք, յատկապէս Հայաստանի մէջ։ Նոր իշխանութիւնները, որոնք յեղափոխութիւն իրականացնելու տենդով փողոց իջան եւ բազմաթիւ հասկնալի պատճառներով յաջողեցան ժողովուրդի կարեւոր մէկ տոկոսը հրապարակ հանել, այսօր յայտնուած են ոչ-նախանձելի դրութեան մը մէջ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սուրբ Սարգիս Զօրավարի տօնին նախորդող երկուշաբթի օրէն կը սկսի Առաջաւորաց պահքը՝ որ յատուկ է միայն Հայ Առաքելական Եկեղեցիին, եւ կը տեւէ հինգ օր։
Այս տարի Սուրբ Սարգիս Զօրավարի տօնը կը հանդիպի 16 փետրուարի եւ Առաջաւորաց Պահքն ալ կը սկսի 11 փետրուարին։
Փետրուար 5-ին կը նշենք ծնունդը հայ երգի անմոռանալի, անկրկնելիօրէն դիւթական ու ոգեշունչ «դիցուհի»ին՝ Ֆլորա Մարտիրոսեանի (1957-2012)։
Հայ երգի անզուգական վարպետներու փաղանգին մէջ իր բացառիկ դիրքը նուաճած արուեստագիտուհին է Ֆլորա Մարտիրոսեան, որ իր հոգեթով ձայնով, երաժշտական արուեստի մշակումով ու կատարողական շնորհներու կատարելագործումով՝ գերեց հաւասարապէս թէ՛ արուեստի քննադատները, թէ՛ իր երգով հմայուած բազմութիւնները աշխարհի չորս ծագերուն։
Պատրաստեց՝
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Ներկայ ժամանակներու մէջ հետզհետէ աւելի մտահոգիչ կը դառնայ դեռահասներու մօտ հոգեկան տագնապներու աճը: Կենսական այս հարցին լուծումով մտահոգ են դպրոցներու պատասխանատուներ, ծնողներ եւ կառավարութիւններ: Տագնապը կարելի է լուծել բոլորին համագործակցութեամբ:
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Այսպիսի տարօրինակ գաղափարներ կրնան ծագիլ միայն Հոլիուտի մէջ՝ նորաձեւութեան հետեւող սինեմայի աստղերու կողմէ։ Սակայն որքանով կիրարկելի է այդ՝ չեմ գիտեր։ Հիմա թոյլ տուէք բացատրեմ։
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը նախընթաց օր հրապարակուած Ֆութպոլի միջազգային դաշնակցութեան (ՖԻՖԱ) նոր դասաւորման մէջ մնաց իր նոյն դիրքին վրայ՝ 101-րդ:
Նախորդ դասաւորումէն ետք Արմէն Կիւլպուդաղեանցի գլխաւորած խումբը որեւէ մրցում չկատարելով իր տրամադրութեան տակ ունեցաւ 1222 վարկանշային կէտ:
Վիլնիուսի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած է «Կիւրճիեւ» համոյթի համերգը՝ նուիրուած Կոմիտաս Վարդապետի 150-ամեակին։ Սոյն համերգը նախաձեռնած եւ կազմակերպած էր Լիթվայի մօտ Հայաստանի դեսպանութիւնը՝ Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան եւ GK առողջարանի աջակցութեամբ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները կը շարունակեն լռութիւն պահել որոշակիօրէն առանձնակի համարուած Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպման մասին: Առանձնակի, ոչ անոր համար, որ առաջին անգամն է, որ երկու երկիրներու առաջին դէմքերը Արցախի հարցով քով-քովի կու գան, այլեւ հանդիպման «ժամկէտ»ին ընտրուած վայրին եւ տեւողութեան կապակցութեամբ:
Ռոպէր Տէր-Մերկերեան պարգեւատրուեցաւ Ֆրանսայի Ազգային կրթութեան նախարարութեան կողմէ:
Յայտնի մտաւորականը մեծ նպաստ մը բերած է՝ ֆրանսական միջավայրէ ներս հայերէնի զարգացման համար:
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան 90-րդ ընդհանուր ժողովը կ՚եզրափակուի շաբաթավերջին:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան ելոյթ ունեցաւ համագումարի ծիրէն ներս կազմակերպուած խորհրդաժողովի ընթացքին: Շարլ Ազնաւուրի յիշատակին ձօնուած համերգը ստեղծեց աննկարագրելի զգացումներու ալիք մը:
Երէկ, Մոտայի Մշակոյթի միութեան մէջ սկիզբ առաւ «Յիշէ. Գատըգիւղի մէջ մշակութային զանազանութիւն» խորագրեցալ ծրագիրը, որ յառաջ կը տարուի Գատըգիւղի Գիտութեան, մշակոյթի եւ գեղարուեստի բարեկամներու միութեան կողմէ։ Գատըգիւղի գաւառապետ Մուսթաֆա Էօզարսլան, փոխ-քաղաքապետ Պահար Եալչըն, Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեան ներկայացուցիչ Մորիս Լեւի եւս մասնակցութիւն բերին այս հաւաքին։
Թորոնթոյի մէջ մահկանացուն կնքած նախկին պոլսահայ ճարտարագէտը տասնամեակներ շարունակ բեղուն ծառայութիւն մատուցած էր գանատահայ կեանքէն ներս։
Համայնքային շրջանակները բարոյական զօրակցութեան առարկայ կը դարձնեն մեր երախտաշատ բարերարներէն Արէտ եւ Մոնիք Երկանեան ամոլը, որ կը սգայ հարազատ եղբօր կորուստը։