Արխիւ
«Արաս» հրատարակչութեան զուգահեռ ստեղծուած Hippo-ն Ամանորի սեմին լոյս ընծայած է երկու մանկապատանեկան գիրքեր։ Փոքրիկ ընթերցասէրներու համար հրատարակուած այս գիրքերէն մին կը կոչուի «Իմ գիրքս», իսկ միւսը՝ «Պարոն կւոձ»։
CRR-ի մէջ վաղը երեկոյեան մեծ համերգ մը տեղի պիտի ունենայ ի նպաստ Կեդրոնական վարժարանի:
Պոլսահայ բեմերու յայտնի մեներգիչներ կ՚աջակցին հաստատութեան սաներուն կողմէ ստեղծուած խրախուսական շարժման:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կեանքը քանի որ պայքար մըն է, ուրեմն այդ պայքարէն յաղթական դուրս գալու համար պէտք է քա՛ջ ըլլալ։ Քաջութիւնը արիութիւն է՝ անվեհերութիւն, աներկիւղութիւն, որուն մէջ են համարձակութիւն, անվհատութիւն, հաստատամտութիւն եւ յարատեւութիւն։
Պոլսահայութիւնը Ամանորի տօնական շրջանին ունեցաւ տխուր կորուստ մը։ Խոր ցաւով տեղեկացանք, որ իր մահկանացուն կնքած է վաստակաշատ կրթական մշակ Փասքալ Թէօրէնլի։ Մխիթարեան վարժարանի յայտնի սաներէն մին էր։
Ամենապատիւ Ընտրեալ-պատրիարք Սրբազան Հօր մասնակցութեամբ խրախճանք:
Ֆէրիգիւղի ընտանիքը Ամանորի առթիւ զուարճացաւ եւ փոխանակեց բարեմաղթանքներ:
Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Ս. Ստեփանոս նախավկայի յիշատակման տօնի հանդիսաւոր նախատօնակի արարողութիւնը։ Ամեն. Տ. Սահակ Ընտրեալ-պատրիարք Սրբազան Հայրը նախագահեց արարողութիւններուն, որոնց մասնակցեցան պոլսահայ սարկաւագաց եւ կիսասարկաւագաց դասու անդամները։
Թիֆլիզի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարներուն եռակողմանի հանդիպումը։ Հերթական այս տեսակցութեան տանտէրն էր Վրաստանի Արտաքին գործոց նախարար Տաւիտ Զալքալիանի։
Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդները երէկ համատեղ ժողով մը գումարեցին:
Նախագահ Արմէն Սարգսեան համայն հայութեան տեսակէտէ մեծապէս կարեւորեց Արցախի յառաջիկայ ընտրութիւններու արդար, օրինակելի ու թափանցիկ ըլլալը:
Հայկական երաժշտական աշխարհի երէց սերունդի վաստակաշատ դէմքերէն մաէսթրօ Յովհաննէս Չեքիճեան այս օրերուն կը նշէ իր ծննդեան 91-րդ տարեդարձը։ Նախկին պոլսահայ Յովհաննէս Չեքիճեան, որ Հայաստանի Ազգային հերոսի կոչման արժանացած է, իր տարեդարձին առթիւ կ՚ընդունի շնորհաւորութիւններ։
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի եւ պոլսահայ մամլոյ 1922-1932 թուականներու թիւերը առարկայ դարձան ուսումնասիրութեան:
Թերթիս Երեւանի աշխատակից Անուշ Թրուանցի աւարտաճառը մասնագէտներու կողմէ գնահատուեցաւ գերազանց:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը այս շրջանին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ իրերայաջորդ կը հիւրընկալէ Հայաստանի զանազան շրջաններէն բազմազաւակ ընտանիքներ։ Ամանորի տօնական շրջանին նման խումբեր կ՚այցելեն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին եւ այս այցելութիւններով կը նշանաւորուի նաեւ՝ Վեհափառ Հայրապետի կողմէ հռչակուած ներկայ Ընտանիքի տարին։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանի Ազգային գրադարանին մէջ տեղի ունեցած հայ մամուլի գիտաժողովի նիւթերու կարգին յատկանշական էին մանաւանդ արեւմտահայ հրապարակախօսներուն եւ գրողներուն անդրադարձող ելոյթները, այն առումով, որ հայրենի երիտասարդ հետազօտողները սկսած են զբաղիլ արեւմտահայ գրական անդաստանի ուսումնասիրութեամբ: Հետաքրքրական ու թարմ է նոր սերունդի հետազօտողներուն հայեացքը դէպի արեւմտահայ գրականութիւն…
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Այդ օր, նամակատան միջոցով, անծանօթէ մը անակնկալ, մեծ պահարան մը ստացայ, որ նախ զիս խոր մտմտուքի մէջ նետեց։ Սկիզբը, մտքէս շատ «ծուռ» բաներ անցան։
Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Խօսք. «Դուն, որ հրեայ մըն ես» (Յհ 4.9):
Հարցում. Կինը ուրկէ՞ գիտցաւ, թէ հրեայ մըն է:
Ամեն. Ընտրեալ-պատրիարք Հօր գահակալութեան պատրաստութիւնները գործնական հարթութեան վրայ:
Նորին Ամենապատուութիւնը փափաք յայտնեց պաշտօնական ընդունելութիւնը կազմակերպել համեստ սահմաններու մէջ:
Համայնքային շրջանակները երէկ ժամադրուած էին Եշիլգիւղի մէջ։ Ամենապատիւ Տ. Սահակ Ընտրեալ-պատրիարք Սրբազան Հայրը նախագահեց Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական արարողութիւններուն, որոնք տեղի ունեցան տարեկան անուան տօնախմբութեան եւ մատաղօրհնութեան առթիւ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Վերջերս Երեւան կ՚այցելէր լիբանանահայ մտաւորական եւ հասարարական գործիչ, հայագէտ Տքթ. Անդրանիկ Տագէսեան։ Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Տագէսեան Երեւան կը ժամանէր ներկայացնելու իր վաւերական ճիգերով, նաեւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. Փոլ Հայտոսթեանի անմիջական նեցուկով պատրաստուած ու հրապարակ հանուած Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի «Հայագիտական հանդէս»ի 39-րդ համարը։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
«Կուրութիւն»ը փորթուգալցի յայտնի ու աշխարհահռչակ թարգմանիչ ու գրող Ժոզէ Սարամակոյի նշանաւոր վէպերէն մին է։ 1998 թուականին Սարամակօ արժանացաւ Գրականութեան Նոպէլեան մրցանակին եւ պարգեւատրման ժամանակ կոմիտէի կողմէ արտասանուած էր հեղինակի գլուխգործոց ստեղծագործութիւններու շարքին վերոյիշեալ գիրքին անունը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հին Ուխտի մէջ, Սուրբ Խաչի պաշտամունքի տեղ, կար, գաւազանի երկրպագութիւնը՝ որ նախակարապետը կը հանդիսանար խաչի նշանին։
Ինչպէս յայտնի է, Հին Ուխտը պիտի ծառայէր Նոր Ուխտին «շուք»ը ըլլալու՝ որպէսզի Քրիստոսի նոր վարդապետութեան խորհրդանշանները աւելի՛ հասկնալի եւ դիւրըմբռնելի դառնան մարդոց։
Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս յատկանշական օր մը:
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեան ընդունուեցաւ Տ. Դանիէլ Եպսկ. Ֆընտըքեանի կողմէ: